Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրի էջը կը տեղեկացնէ, որ եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքները սկիզբ առած են։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի հսկողութեամբ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին։