Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան գրական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու (Է.եւ Ը կարգերու աշակերտներու) հարց-պատասխանի մրցոյթ:

Իւրաքանչիւր վարժարան իր մասնակցութիւնը բերած էր չորս աշակերտներով:
​Բացման խօսք արտասանեց գրական յանձնախումբի ատենապետուհի Սոնա Չալօղլեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր վարժարաններուն, որոնք ընդառաջեցին յանձնախումբի հրաւէրին, քաջատեղեակ ըլլալով, որ այսպիսի մրցոյթներ անհրաժեշտ են աշակերտներուն հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու համար, որպէսզի տէր կանգնինք մեր լեզուին եւ մշակոյթին:

Ան մէջբերեց Լեւոն Շանթի խօսքը որ կ’ըսէ. «Երկու միջոցներ կան՝ դպրոց եւ գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել եւ հայ հոգիներու մէջ ազգայինը բարձրացնել»:

Գրական յանձնախումբէն Գարօլին Քիւրքլեան ներկաներուն ծանօթացուց մրցոյթին մասնակցող աշակերտները, ապա բացատրեց մրցումին կանոնները: Մանօ Միւրագեան համակարգիչի միջոցաւ հաճելի ձեւով պաստառի վրայ ներկայացուց հարցումները:

Հարց պատասխանը ընթացաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, ուր տիրեց մրցակցութեան բարձր ոգին եւ բոլոր խումբերը արձանագրեցին շատ լաւ արդիւնքներ:

Աւարտին առաջին դիրք գրաւեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտները:

«Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան գնահատեց բոլոր մասնակիցները, ապա առաջին հանդիսացող խումբի աշակերտներուն իւրաքանչիւրին նուիրեց հայերէնաւանդ ուսուցիչ եւ գրող Լեւոն Շառոյեանի «Գրականաշունչ Պտոյտ՝ Այբուբենի Տառերուն Հետ» գիրքէն օրինակ մը:

վարչութեան խօսքը ուղղեց Քրիստ Գարամանեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները իրենց ազնիւ մասնակցութեան համար, շեշտելով որ ձեռնարկը մրցակցութեան կողքին կը միտի թարմացնել աշակերտներուն գիտելիքները։ Ապա Շնորհակալութեան յայտնեց վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն իրենց համագործակցութեան համար:

Համազգայինի այս ձեռնարկը հայապահպանման իր առաքելութեան գեղեցիկ մէկ օրինակը հանդիսացաւ: