Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտուն,

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար
Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ.
Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս
ընդունեց եղբայրական այցելութիւնը
Լատին համայնքի նորընտիր Առաջնորդ
Հաննա Եպս. Ճալլուֆին, որուն
կ՚ընկերակցէր Առաջնորդի օգնական
Ռիմոն Ճրճոս վարդապետը։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ
Առաջնորդի օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ
Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ.
Գալաճեան, Ազգային Վարչութեան
ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան
եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։

Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ
ընթացող հանդիպումին, Լատին
համայնքի Առաջնորդը անդրադարձաւ
Եագուպիէ գրաւուած գիւղի
տարածաշրջանէն ներս իր ծառայութեան
տարիներուն տիրող դժուարութիւններուն
եւ Եագուպիէի բնակչութեան
բարօրութեան ի նպաստ իր տարած
աշխատանքին։ Անդրադարձ
կատարուեցաւ նաեւ երկու
եկեղեցիներուն միջեւ տիրող
եղբայրական փոխ գործակցութեան։

Այնուհետեւ Լատին համայնքի
Առաջնորդը, Սրբազան Հօր
առաջնորդութեամբ այցելեց Սրբ.
Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր
միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ
Աստուած։ Շրջագայելով եկեղեցւոյ
օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ,
Սրբազան Հայրը ներկայացուց եկեղեցւոյ
պատմականին եւ թանկարժէք
սրբապատկերներուն առնչուող
տեղեկութիւններ։

Մակար Սրբազան շնորհակալութիւն
յայտնեց Լատին համայնքի Առաջնորդին՝
եղբայրական այցելութեան առիթով եւ
Թեմի ժողովուրդին ու ժողովականութեան
անունով բարեմաղթութիւններ
փոխանցեց անոր, աղօթելով, որ
Ամենակալը առողջութիւն եւ երկար
կեանք պարգեւէ իրեն, զօրացնէ եւ իր նոր
առաջնորդական առաքելութիւնն ու
ծառայութիւնը օրհնէ եւ առաւել
արդիւնաբեր դարձնէ։