Փոքրերը պէ՞տք է պատրաստել ապրելու:
Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս: Եթէ ո՛չ, հապա ինչպէ՞ս պիտի սորվին ապրիլ:
Ապրիլը սորվիլ կ’ուզէ՞, պիտի հարցնէք: Կ’երեւի թէ կ’ուզէ, ապա թէ ոչ պիտի չշարունակուէր մանկական գիրքերուն հրատարակութիւնը այսքան առատ կերպով:
Խօսքս անշուշտ հայերէն մանկական գիրքերուն մասին չէ – այնքան հազուադէպ երեւոյթ դարձեր են անոնք, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ – այլ օտար լեզուներով՝ ֆրանսերէն, մանաւանդ անգլերէն:
Կան գիրքեր, որոնք մահը կը բացատրեն փոքրիկի մը, որուն մեծ հայրիկը մահացեր է:
Շատ բարի, ասիկա շատ կարեւոր է, թէեւ չեմ գիտեր թէ գիրքը որքան կը յաջողի համոզել փոքրիկը, որ «Մեծ հայրիկը հեռացաւ, ճիշդ այս փուչիկին պէս, աւելի հեռու, աւելի լաւ տեղ մը երթալու համար»:
Բայց ի՞նչ ըսել այն գիրքերուն, որոնք կը յորդորեն մանուկները «Հետեւիլ իրենց սրտին», «Ընել այն, ինչ որ կը թելադրէ սիրտը», կամ՝ «Աւելի լաւ է ըլլալ, քան ընել», «Բայց, ի վերջոյ, այս ուրախ ժամանցները կը վերածուին պարտականութիւններու եւ երկու ընկերները կ’իյնան արդիւնաւէտութեան թակարդը. ընել, ըլլալու հաշուին» (But eventually, these joyful activities turn into tasks and the two friends get seduced by the trap of efficiency – that deadening impulse to optimize and operationalize doing at the expense of being):
Սեպենք թէ փոքրիկը համոզուեցաւ այսքանով, վազեց իր սրտին ետեւէն – որ կը թարգմանուի ուզածը ընելով – եւ օր մըն ալ տունէն դուրս, դէպի կեանք երթալով տեսաւ, թէ սրտին ուզածին ետեւէն վազելը զինք կա՛մ անգործ կը ձգէ, որովհետեւ ըլլալ, այո՛, բայց ո՞վ պիտի ընէ՝ ուսանի, աշխատի, «մարդ ըլլայ»… կա՛մ …
Սկսայ կասկածիլ թէ այս փիլիսոփայութիւնը, որ հանդէսներու, ֆիլմերու, ֆիլմաշարերու եւ ծանուցումներու միջոցով կը տարածուի, դիտումնաւոր եղած ուղղութիւն մըն է, որ կը միտի պատանիները ուծացնել, զիրենք երազանքի մղել, առանց քաջալերելու, որ երազանքը իրականութիւն դարձնելու համար պէտք է ԸՆԵԼ,  չի՛ բաւեր ըլլալ:
Մեր հայկական աւանդական դաստիարակութիւնը կը ստիպէ որ ազնիւ ըլլանք, բարին մտածենք մեր ընկերներուն, բարեկամներուն, բոլորին համար.
«Շատ ուրախ եմ եւ հպարտ, որ մանչս դասարանին առաջինը ըլլալէ աւելի, ստացեր է ազնիւ, օգնող եւ ընկերասէր աշակերտի մրցանակը. «Ես պէ՛տք է ազնիւ, ընկերասէր եւ օգնող ըլլամ, որովհետեւ հայ եմ», ըսեր է տղաս դասարանին առջեւ», պատմեց Թալինը՝ երիտասարդ տիկին մը:
Դուրսը սակայն ներսին պէս չէ. ըսել կ’ուզեմ՝ տան հաշիւը շուկան չի բռներ, այսինքն՝ կեանքի պայքարին մէջ, այսօր, կարելի՞ է ըլլալ ազնիւ, օգնող եւ իրաւամբ ընկերասէր: Կարելի՛ է, որովհետեւ կա՛ն նման մարդիկ, որոնք դժբախտաբար այսօր փոքրամասնութիւն են, զարտուղութիւններ, ընդհանրութիւն ըլլալէ աւելի:
Անկեղծօրէն ասիկա շատ վաղուց մտահոգած է զիս՝ մեր զաւակները մարդկային ամէնէն բարձր սկզբունքներով կը դաստիարակենք, յետոյ կը նետենք զիրենք կեանքի պայքարին մէջ ու կ’ըսենք՝ գացէ՛ք, ապրեցէ՛ք, ա՛յս է կեանքը:
Իրենց մանկութեան յաճախ միասին կը դիտէինք ֆիլմի վերածուած հեքիաթներ, որոնց մէջ մի՛շտ բարին կը յաղթէր: Յետոյ սկսանք դիտել այն ֆիլմերը, որոնց մէջ դարձեա՛լ բարին կը յաղթէր: Օր մըն ալ զաւակս ըսաւ.
– Ա՛լ կը բաւէ, թող մէկ անգամ ալ չարը յաղթէ ֆիլմին մէջ, որովհետեւ ընդհանրապէս մի՛շտ չարը կը յաղթէ:
Այդ օր զգացի, որ զաւակս մեծցեր է, հասկցեր է ցաւը եւ կ’ընդվզի անոր դէմ:
Ի՞նչ ընէի:
Այս բոլորը պարզապէս անոր համար, որ այսօր հաճոյքի, կեանքը վայելելու հասկացողութիւնը շա՜տ փոխուած է, դարձեր է սպառողական եւ տպաւորական հաճոյք, ունենալու եւ ուրիշները մեզմով, մեր ունեցածով եւ ըրածով տպաւորելու հաճոյք: Գոնէ մեր ըրածը ըլլար ստեղծագործական, ըլլար արուեստ, կամ մարդկութեան ծառայութեան միտող որեւէ աշխատանք …
Ունենալու եւ տպաւորելու համար պէտք է հարուստ ըլլալ, հարստութիւն դիզելու համար կարեւոր չեն միջոցները: Ժողովրդային խօսքը կ’ըսէ՝ «Ոսկին թէեւ չունի բերան, սակայն կը խօսի բարձրաձայն»:
Այսպէս է որ յոռի բարքերը կը ներմուծուին եւ կը տարածուին ընկերութեան մը մէջ. բարքեր, որոնցմէ ձերբազատիլը կը դառնայ այնքա՜ն դժուար:
Սկովտիացի փիլիսոփայ Ճոն ՄըգՄըրրէյ կ’ըսէ.
«Մենք կը պաշտենք արդիւնաւէտութիւնն ու յաջողութիւնը, բայց լաւ ապրիլ չենք գիտեր»։
Անշուշտ «լաւ ապրիլ»-ը խիստ անհատական եզր է, իւրաքանչիւրը ի՛նք կ’որոշէ այդ «լաւ»-ին չափն ու չափանիշը:
Այսօր նաեւ մեծ դեր ունի «վազել»-ը, կեանքին մէջ պէտք է վազել, հասնելու համար. բայց ո՞ւր …
* * *
Այսքանը գրեր էի, երբ վրայ հասան մեծաքանակ աղէտները նախ բնութեան, ապա մարդուն ձեռքով, անոնց գլխաւորները ըլլալով Արցախի պարպումն ու պաղեստինեան տակաւին ընթացող անմարդկային «մաքրագործումը», որ արդէն ցեղասպանութեան վերածուեր է:
Թէ՛ Արցախի, թէ՛ Պաղեստինի աղէտին մէջ մեծագոյն տառապողներն ու տուժողները մանուկներն են, պատանիներն ու
երիտասարդները, որոնք ո՛չ թէ ապրելու մասին կը մտածեն եւ որոնք պէտք է սորվին դպրոցներուն եւ կեանքին մէջ, այլ ստիպողաբար կը մտածեն վերապրելու, սովէն չմահանալու եւ ռումբերէն չսպանուելու մասին. կամ իրենց ծնողները, որոնք նոյնքան ծանր պայմաններու մէջ են, պէտք է մտածեն այդ մասին:
Ինչպէ՞ս սակայն, ինչպէ՞ս, երբ մարդ ըլլալէ դադրեր ենք …
Այսօր ես ամօթ կը զգամ այս բոլորը գրելու, ամօթ որպէս մարդ արարած: Եւ Փօլ Կալլիքոյի «Եօթը Տիկնիկներու Սէրը» վէպին հերոսին հետ կը կրկնեմ.
«Կը կարծեմ, որ Աստուած ալ ինքզինք պիտի սպանէ, եթէ ճիշդ է վարկածը որ կ’ըսէ՝ «Եւ Աստուած մեզ բոլորս ստեղծեց Իր պատկերին համեմատ», որովհետեւ եթէ Աստուած է, չի կրնար տեսնել Իր ստեղծագործութեան այս աստիճան ձախողութիւնը»։
Մարուշ Երամեան