Աւելի քան մէկ ու կէս ամիս առաջ կորսնցուցինք Արցախի վերջին տարածքները,
Արցախի բոլոր բնակիչները բռնի գաղթի ենթարկուեցան եւ ապաստանեցան Հայաստան,
Արցախի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուները գերի տարուեցան Պաքու (նախկինները չմոռցողներ շատ են),
Հայաստան հասնող արցախցիները դիմագրաւեցին եւ կ’ապրին այլազան ողբերգութիւններ՝ շնորհիւ «հպարտ քաղաքացիներ»-ու եւ ժողովրդավարութեան պաշտպան Երեւանի իշխանաւորներուն,
Արցախի ու Հայաստանի անկախութեան հռչակման օրէն իսկ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն համահաւասար իրաւունք ունեցող արցախցիներուն՝ քաղաքացիական իրաւունքները սակարկութեան ու խօսքի աճուրդի նիւթ դարձած են, իրողապէս անոնց կը զլացուի լիարժէք քաղաքացիութիւն, մարդոց կ’առաջարկուի «օգտուիլ գաղթականի վիճակ»-էն…
Սակարան մտած են նաեւ արցախցիներու տրամադրուող նիւթական խորհրդանշական օժանդակութիւնները (հաւանաբար պարգեւավճար ստացողներուն ախորժակը գրգռուած է…),
Երեւանի իշխանութիւնները ԿԱՄՈՎԻՆ կը շարունակեն քալել հողային եւ այլ կորուստներու տանող ճամբէն, առանձին մնացած՝ «խաղաղութիւն կ’ուզենք» պաստառին տակ, մինչդեռ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ մինչեւ իսկ բարեմի՜տ միջնորդներ իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն ու այդ հաշիւներէն իրողապէս դուրս ձգած են Հայաստանը, զայն կը պահեն խօսքի եւ խոստումներու խոհանոցին մէջ,
Էրտողան եւ Ալիեւ կրկին ու կրկին կը յայտարարեն, թէ Հայաստանէն «արդար պահանջներ» ունի, թէ՝ «Հայաստան պէտք է յարգէ իր խոստումները», «եթէ արցախցիներու տունդարձի հարց կայ (եւ սա պարզապէս խօսքի աճուրդի սիւնակին մէջ է), Հայաստանէն գաղթած բազմահարիւր հազարաւոր ազերիներ պէտք է վերադառնան Հայաստան» (եւ այլն),
Մինչեւ իսկ արցախէն բռնագաղթուածներ հալածող ու բանտարկող «ժողովրդավար» իշխանութիւնները անընդհատ ծափահարողներ կը գտնեն դուրսէն ու այցելու պաշտօնատարներէ,
Աշխարհը փոթորկող տագնապներուն վրայ վաղը կրնան նորեր աւելնալ՝ նա՛եւ մեր հայրենիքին աւելի մերձակայ գօտիներուն մէջ…
-, -, —
Մասնաւորապէս մեզ՝ հայութիւնը պատմական տագնապներու մատնող յիշեալ (եւ այլ) փոթորիկները կարծէք թէ բաւարար չեն, եւ ահա, վերջին օրերուն նոր (ոչ բոլորովին նոր) ուրուական մը կը պտտի Հայաստանի հրապարակին վրայ եւ բարձրացուցած է արդար զայրոյթ, խորացուցած է մեր ինքնութեան կորուստին կապուած մտահոգութիւնները: Մեր խօսքը կը վերաբերի պատմութեան դասագիրքի մը ստեղծած տագնապին: Վերամուտին յայտնի դարձած էր, որ որոշ դասագիրք մը «արդիական» խմբագրումի ենթարկուած է, յայտնապէս ներշնչուած՝ «թաւշեայ յեղափոխութեան» բերած (ան)տրամաբանութենէն: Որոշ քարտէզներէ դուրս ձգուած է Արցախը, պատմական տեղեկութիւնները «կրճատումի» ենթարկուած են եւ իբրեւ թէ արդի մանկավարժութեան պահանջներուն ընթացք տալու համար, հայութիւնը իր ինքնութեան ու էութեան կապող արմատներ… արմատախիլ եղած են: Զեղչեալ ծանօթութիւններուն մասին գրեթէ ամէն օր նորութիւններ կը հրապարակուին քաղաքական դէմքերու, մտաւորականներու, իրա՛ւ պատմագէտներու եւ մանկավարժներու կողմէ: Չենք ուզեր բոլորը արձանագրել այստեղ, սակայն մէկ բան յստակ է. այս իշխանաւորները վճռած են հայը, մասնաւորաբար նոր սերունդը ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԿԵՐՊՈՎ խզել հայուն էութենէն, պատմական ճշմարտութիւններէն, կամայ թէ ակամայ նպաստելով թուրքին հայաջինջ ծրագիրներուն:
Իշխանաւորներուն «լուսաբանութիւններն» ալ յաւելեալ վկայութիւն են, թէ ինչպիսի՛ տգէտներու եւ անբաններու խումբի մը մնացած է Հայաստանի ղեկը: Տգէտ ու անբան հռչակումէ զերծ մնալու համար, չի բաւեր ըսել, թէ այս իմաստակները վկայականներով օժտուած են (ոմանք ալ չունին կամ այլեւայլ միջոցներով ձեռք բերած են): Այսօրուան աշխարհը լեցուն է բարձրագոյն վկայականներ ունեցող տգէտներով եւ տխմարներով: Անշուշտ բոլոր վկայեալները չեն մտներ նոյն տոպրակին մէջ, կան բազմաթիւ յարգելի իմաստուններ եւ իսկական բանգէտներ:
* * *
Կրկնենք. ինչ որ կը հաղորդուի, յաւելեալ ապացոյցներ են, որ այս իշխանութիւնը – եւ զայն հովանաւորողները – ոգի ի բռին լծուած են մեր ժողովուրդը իր պատմութենէն ու աշխարհագրութենէն, նաեւ մշակութային ժառանգութիւններէն խզելու «առաքելութեան»: ՀՈՂԵՐու կորուստէն-յանձնումէն ետք, ահաւասիկ հարուածի տակ է ԵՆԹԱ-ՀՈՂԸ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԻ՛ՒՆԸ:
Տագնապին պատճառած արդար զայրոյթը կ’արտայայտուի, ընդհանրապէս, այնպիսի մօտեցումով, որ եղածը նորութիւն է: Այո՛, խնդրոյ առարկայ դասագիրքը նորութիւն է, սակայն եկէ՛ք, մեր յիշողութիւնը պրպտենք եւ երթանք քանի մը տարի առաջ, երթանք մինչեւ 2019-ի Հոկտեմբերի կէսերը, երբ «հիներ»-ը փոխարինած «քալողները» պատճառ դարձան մեր ինքնութեան հարուած հասցնող առաջին ահազանգին: Այդ օրերուն, Փաշինեանի կողքին քալողներէն՝ Արայիկ Յարութիւնեան, որ քանի մը նախարարութիւն, ներառեալ՝ կրթութեան նախարարութիւնը միացուցած էր իր մականին տակ, հրապարակ եկաւ ՊԱՏՄԱԿԱՆ որոշումով մը, որ քանի մը օր ետք հաստատուեցաւ նոյնինքն Փաշինեանի կողմէ: Այդ որոշումը կ’ըսէր, թէ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ ընդունուելու համար, այլեւս պատմութեան եւ հայերէն լեզուի նիւթերուն քննութիւն պիտի չպահանջուի:
Այդ հանգրուանին ալ, ինքնալքում, հայութեան էութիւնը իմաստազրկող որոշումը ահագին վրդովմունք պատճառեց Հայաստանի մտաւորականներուն, դաստիարակներուն եւ մշակոյթի պահապաններուն, վարակեց նաեւ Արտերկիրը: Եղան արդար եւ խարանող քննադատութիւններ, քննարկումներ, յետոյ, ջուրերը գտան իրենց հունը, իշխանաւորները հաստատ մնացին իրենց որոշումին վրայ: Հիմա, երբ համալսարանի պատրաստուողներուն վերաբերող այդ անկիւնադարձէն ետք անցած է չորս տարի, նոյն (ան)տրամաբանական երթը նոր դրսեւորում կը գտնէ, կարգը եկած է միջնակարգի աշակերտներուն, որոնք, ինչպէս կ’ըսեն ախտաճանաչում ընողները, իրողապէս կը դրուին մեր պատմութիւնը խեղեալ, կրճատուած եւ, հետեւաբար, պատանին իր ինքնութեան ճանաչումէն մասամբ զրկող «մարտահրաւէր»-ի առջեւ: Խօսի՞նք այլ այլանդակութեանց մասին, ինչպէս՝ Արցախի ահաւոր ողբերգութենէն ետք, տակաւին չեն հրաժարիր ամերիկացի այլանդակ երգիչի մը համերգէն, լռելեայն կերպով իրենք զիրենք արդարացնելով, որ մարդուն արդէն մեծ գումար տրուած է: Մինչդեռ, այս օրը կը պահանջէ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԻՆ վերազարթօնքը…:
Եթէ խորհրդային տարիներուն մեր պատմութիւնը այլ տեսակի խեղաթիւրումի ենթակայ էր ու որոշ արմատներ վնասուեցան (առանց արհամարհելու իրա՛ւ պատմագիտութեան դաշտին մէջ հսկայական աշխատանքը), հիմա, անկախ Հայաստանի մէջ «հպարտ քաղաքացի» պատրաստողները կացինի հարուածներ կը հասցնեն գլխաւոր արմատին:
* * *
Չենք կրնար բաւականանալ քննարկումներուն եւ դասագիրքը քննադատողներուն ձայնակցելով: Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը պահուն, դասագիրքերու հեղինակ պատմագէտ մը, վաստակաւոր մանկավարժի մը հետ ձայն-ձայնի տուած, բաւական մանրամասնութիւններ տուին գայթակղեցուցիչ դասագիրքին մասին, կոչ ուղղեցին, որ ծնողները մերժեն գնել այդ դասագիրքերը: Ազգային ժողովի պատգամաւոր մը արձանագրեց այլ նշումներ: Այլ պատմագէտ մը, նմանապէս պատկերասփռուած զրոյցի մը պահուն, յայտարարեց, որ կը մերժէ իր զաւակին համար օգտագործել պատուհաս դասագիրքը: Արդար գտնելով հանդերձ այս պահանջներն ու կոչերը, կ’ուզենք քայլ մը յառաջ անցնիլ եւ կոչ ուղղել, որ ողնայար ունեցողներ ԳՈՐԾԻ անցնին, հաւաքեն այդ դասագիրքերը եւ հրապարակաւ կրակի տան, այրե՛ն զանոնք: Դարեր առաջ, Մեծն Մաշտոցի աշակերտներէն մէկը գրած էր «Եղծ աղանդոց»-ը, այսօրուան աղանդաւորները կը խմբագրեն «Եղծ պատմութիւն»:
…Հայաստանի մէջ մերժուած գիրքեր այրելու բարի աւանդութիւն մը կայ: Եթէ անցեալին հրապարակաւ հրոյ ճարակ դարձած կարգ մը գիրքերու մասին կարելի էր վէճ յարուցել, որոշ տրամաբանութեամբ մը պաշտպանել հրկիզուածը, այս պարագային, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-ՔԱՐՏԷԶ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՂ դասագիրքերու հրկիզումը լիովին արդարանալի է, զայն պաշտպանել փորձողներուն մտային մերկութիւնը քողարկող՝ թզենիի չորցած վերջին տերեւները այրած-մոխրացած են:
Այո՛. այս իշխանաւորներուն վնասարար ընթացքը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ մերժելու բազում ձեւեր կան, մէկն ալ, այս դասագիրքերը հրապարակի մը վրայ, ի հարկին՝ Ազգային ժողովի կամ կառավարութեան շէնքին դիմաց այրելն է: Ու պէտք չէ մտահոգուիլ, որ բոցերէն բարձրացող ծուխը կրնայ կենսոլորտը ապականել, որովհետեւ շա՜տ աւելի կարեւոր եւ տարածուն կենսոլորտ մը մաքրուած կ’ըլլայ:
Ս. Մահսերէճեան