Շաբաթ, 10 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի, ժամանեցին Քեսապ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի եւ Քեսապի Թաղական Խորհուրդին կողմէ։

Սրբազան Հայրը շրջագայելով եկեղեցւոյ բաժիններէն ներս, մօտէն հետեւեցաւ ընթացք առած վերանորոգութեան աշխատանքներուն, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց, գնահատեց Հայր Սուրբին եւ թաղականութեան անդամներուն աշխատանքը եւ
աղօթեց, որ Ամենակալին օրհնութեամբ վերանորոգութեան աշխատանքը յաջողութեամբ իր լրումին հասնի։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Հայր Սուրբին եւ Թաղական Խորհուրդին հետ, ուր արծարծուեցան վերանորոգութեան աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն առնչուող հարցեր։