Սուրիայէն գաղթող ընտանիքները իրենց գրադարաններու գիրքերը կը յանձնեն հայկական հանրային գրադարաններու կամ ծանօթներու:
Ցաւօք Հալէպի հայկական բոլոր գրադարանները չեն բանիր, իսկ բանող գրադարանները ամէն տարի, չըսելու համար ամէն ամիս, ահագին տպագիր գիրք նուէր կը ստանան: Երբեմն նոյն գիրքէն տասնեակ օրինակներ կը շարուին գրադարանի մէկ դարանին վրայ, կամ կը կուտակուին գրադարանին մէկ անկիւնը կրկնօրինակներու առկայութեան բերումով:
Գիրքերը ճիշդ տեղ ուղարկելը դրական երեւոյթ է, սակայն պիտի գայ օր մը, երբ գրադարանները տեղ պիտի չունենան, կամ նոյն գիրքէն քանի մը օրինակէ աւելի պիտի չուզեն ունենալ:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս հարիւրաւոր գիրքերու, պարբերականներու, ամսաթերթերու ճակատագիրը: Պահեստանոցնե՞րը պիտի հարստանան:
Թէեւ ներկայիս երիտասարդութեան նկատառելի տոկոսը առցանց գիրքեր կը նախընտրէ ընթերցել, սակայն տակաւին տպագիր գիրք ընթերցելն ու նուիրելը շատերը կը հետաքրքրեն:
Հետեւաբար լաւ կ’ըլլայ, որ մեր գրադարանները կամ վարժարանները կազմակերպեն գիրք նուիրելու մնայուն օր, որպէսզի նախ գրադարաններուն մէջ կուտակուած գիրքերուն տասնեակ օրինակները բաժնուին, ընթերցողին հասնին, երկրորդ՝ այս երեւոյթը սովորութեան վերածուի ու ամէն տարի, գէթ Թարգմանչաց տօնին առիթով, գիրքեր նուիրուին մեր աշակերտութեան եւ երիտասարդութեան ու խրախուսուի հայերէն գիրք կարդալու սովորութիւնը:
Ողջունելի քայլ էր երկու տարի առաջ «Քրիստափոր» գրադարանին կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքը, որուն ընթացքին բաւական մեծ թիւով գիրքեր խորհրդանշական գիներով վաճառուեցան, պարզապէս քաջալերելու ընթերցումը: Այնուամենայնիւ գիրք նուիրելու մնայուն օր մը ճշդելը կը խորհիմ որ կրնայ հետաքրքրական աւանդոյթի մը վերածուիլ յատկապէս մեր վարժարաններէն ներս:
Գիրք նուիրէ՛, միտք խթանէ՛…
Զարմինէ