Վերջերս Հալէպ կը գտնուէր դամասկահայ քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան: «Գանձասար» այս առիթով հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ. 
«Գանձասար»- Սուրիոյ տագնապին լուծումը արտաքին թէ ներքին ի՞նչ գործօններէ կ’ազդուի։ Միւս կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանին մէջ, Թուրքիան՝ հիւսիսային շրջանին մէջ   լարուածութեան սրումով ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն։ 
Սարգիս Պուրունսուզեան- Սուրիոյ տագնապի լուծումը կ’ազդուի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին գործօններէ: Ներկայիս ներքին գործօնը յարաբերաբար ազդու չէ, տկար է: Սուրիոյ հասարակութեան միակ հոգը իր առօրեայ կարիքները ապահովելն է, անշուշտ այս իրողութիւնը անմիջական արդիւնքն է ամերիկեան անարդար պատժամիջոցներուն, որոնք պարտադրուած են Սուրիոյ ժողովուրդին:
Դաւանական դիտանկիւնէ, Սիւննի եւ Շիիթ պատմական վէճին քաղաքական արտացոլումը յստակ է թուրք-իրանեան յարաբերութիւններուն վրայ, իսլամական աշխարհը եւ մանաւանդ Սիւննի աշխարհը ղեկավարելու բուռն մրցակցութիւնը դարձեալ զգալի է Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ քաղաքական փոխյարաբերութիւններուն եւ այլ մարզերու մէջ:
Սուրիական տագնապը առիթ էր երեք պետութիւններուն, մանաւանդ Թուրքիոյ համար, իրենց շահերը փնտռելու Սուրիոյ մէջ: Թուրքիոյ համար այս տագնապի հրահրումը ոսկեայ առիթ էր նաեւ իր ծաւալապաշտական տեսլականը գործադրելու: Քրտական անջատողական խումբերու ապօրինի ներկայութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ առիթ եւ պատրուակ եղաւ, զորս Թուրքիան լաւապէս շահագործեց սուրիական տարածաշրջանները գրաւելու, օգտագործելով Ռուսիոյ հետ իր ջերմ յարաբերութիւնները զանազան մարզերու մէջ՝ կազի փոխանակման, զբօսաշրջութեան եւ վերջերս Ուքրանիոյ հարցին մէջ Թուրքիոյ միջամտութեան: Թուրքիան այս բոլորը շատ լաւ կրցաւ շահագործել, ի սպաս իր ծաւալապաշտական ծրագիրներուն: Ներկայիս Թուրքիա Սուրիոյ երեք տարածաշրջաններ գրաւած է, ապագային ան կը ձգտի երեք շրջանները իրար միացնել՝ ապահովական գօտի մը ստեղծելու 30 քիլոմեթր խորութեամբ, Հալէպէն մինչեւ Քէրքուք, այսպիսով իրականացնելու իրենց այսպէս կոչուած՝ «Միսաք Մըլլի»-ի երազը:
Սակայն այս բոլորը կը հակասեն շահերուն արեւմուտքի եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, որ միջազգային հզօր ուժ է եւ երկրորդ բաղադրիչն է արտաքին ազդու գործօններուն, անշուշտ Ռուսիոյ կողքին:
Ամերիկան շրջանին մէջ ունի իր փոքր դաշնակիցը՝ քիւրտերը, որոնք այսօր ամերիկեան միջոց են գործադրելու Սուրիոյ ժողովուրդի դէմ իրենց երկրորդ դժոխային ծրագիրը: Առաջինը ինչպէս գիտենք, Սուրիոյ պետութեան եւ պետականութեան խորտակելն էր, ինչ որ ամերիկացիք ձախողեցան ընելու, իսկ երկրորդ ծրագիրը Սուրիոյ ժողովուրդը զրկելն է իր բնական հարստութիւններէն, այսինքն՝ քարիւղէն, կազէն եւ հացահատիկի դաշտերէն Ճեզիրէի շրջանին մէջ, որպէսզի սովի մատնեն եւ ծունկի բերեն զանոնք, օգտագործելով քրտական ապօրինի խմբաւորումները:
Միացեալ Նահանգներու այս ծրագիրները կը հակասեն թրքական շահերուն եւ ծրագիրներուն: Այսօր փաստօրէն երկու կողմերուն մէջ, այսինքն՝ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ մէջ լարուածութիւն մը կայ, իմ կարծիքովս քիւրտ-ամերիկեան գործակցութիւնը մշտնջենական չէ, այլ՝ ժամանակաւոր, անկասկած ամերիկեան փրակմաթիք քաղաքականութիւնը պիտի նախընտրէ պահ մը մեծ դաշնակիցը փոքր դաշնակիցին հաշուոյն:
Այս անել վիճակէն իմ կարծիքով միակ ելքը պիտի ըլլայ անշուշտ Սուրիոյ օրինական կառավարութեան վերատիրացումը Ճեզիրէի շրջանին, բայց այս բոլորը կախեալ է տարածաշրջանային քաղաքական ընդհանուր լուծումէն: Այսօրուան տուեալները բոլորովին տարբեր են, կրնանք ըսել որ շրջանին մէջ նոր պատկեր մը պիտի գծուի, մանաւանդ ընթացիկ 7 Հոկտեմբերէն վերջ, այսինքն՝ Միջին Արեւելքի քաղաքական շրջանային հաւասարակշռութիւնը բոլորովին պիտի փոխուի 7 Հոկտեմբերէն վերջ: Ինչ որ պատահեցաւ 7 Հոկտեմբերին, նման է այն ազդեցութեան որ 9 Սեպտեմբերը ըրաւ ժամանակին: Այսօր տարածաշրջանային մակարդակի վրայ քաղաքական տեղաշրջում մը պիտի ըլլայ, նոր գիծեր պիտի գծուին եւ նոր տուեալներ կան: Անշուշտ երբ  թնդանօթները դադրին որոտալէ եւ քաղաքական լուծումի մասին մտածուի: Այս բոլորը ձեւով մը պիտի ազդեն սուրիական հարցին վրայ:
«Գ.»- Թուրքիան արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր շահերէն մեկնելով քանի մը լարերու վրայ կը խաղայ, մէկ կողմէ կը բռնագրաւէ Սուրիայէն տարածքներ,  կը զօրակցի Սուրիան պառակտող խմբաւորումներու, միւս կողմէ կը խօսի Ատրպէյճանի այսպէս կոչուած «տարածքային ամբողջականութեան» պահպանման մասին, մէկ կողմէ պաղեստինցիներու պաշտպանի դերին մէջ կ’ուզէ մտնել, միւս կողմէ կը շարունակէ ատրպէյճանական կազը Իսրայէլ հասցնել Թուրքիոյ Ճէյհան նաւահանգիստէն, կը շարունակէ տնտեսական կապերը Իսրայէլի հետ։ Թուրքիոյ այս երկդիմի քաղաքականութիւնը իսլամական աշխարհի աչքին փոշի ցանելու համա՞ր է, թէ պատերազմներու կայծերը իր սահմաններուն հասնելու մտավախութենէն յառաջ կու գայ։
Ս.Պ.- Գոյներ եւ չափանիշներ փոխելու սովորութիւնը եւ խոստումներ դրժելու աւանդութիւնը դարձած են Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնաքարերը:
Մենք յաճախ կը լսենք թուրք պատասխանատուներու կամ նախարարներու յայտարարութիւնները, ըլլայ Չաւուշօղլուի կամ Հաքքան Ֆիտանի՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան կամ բարիդրացնութեան մասին, իրականութեան մէջ, սակայն, թրքական կողմը կը շարունակէ գրաւել սուրիական հողեր եւ կը հովանաւորէ ահաբեկչական խմբաւորումներ Իտլիպի շրջանին մէջ:
Ասթանայի, Մոսկուայի եւ Իսթանպուլի մէջ թուրքերը բազմիցս խոստացած են M4 ճանապարհը բանալ եւ դադրիլ ահաբեկչական խմբաւորումներ մատակարարելէ եւ պաշտպանելէ, սակայն մինչեւ օրս թուրքերը կը դրժեն իրենց խոստումները:
Կազզայի վերջին դէպքերուն, այսինքն վերջին պատերազմին, Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի Թուրքիան ինքզինք ներկայացուց իբրեւ համակիր եւ պաշտպան Պաղեստինի ժողովուրդին եւ Կազզային, մինչդեռ Թուրքիան եւ թրքական նաւերը այսինքն ատրպէյճանական քարիւղը, վառելանիւթը եւ ուտեստեղէնը կը տեղափոխէին դէպի Իսրայէլ: Այս բոլորը մեզի կը յիշեցնեն Տաւոսի վեհաժողովին ընթացքին Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի դերասանութիւնը:
Իմ կարծիքովս այս բոլորը փոշի ցանել է իսլամական աշխարհի աչքին, իսկ պատերազմի կայծերը հեռու են Թուրքիոյ
սահմանէն, քանի որ Միացեալ Ազգերը Թուրքիան Օթանի արդիւնաւէտ անդամ կը համարեն: Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան կը նկատէ Օթանի հիմնական արդիւնաւէտ անդամ: Հետեւաբար այնքան ատեն որ Թուրքիան կը վայելէ ամերիկեան նման հոգատարութիւն եւ աջակցութիւն, իմ կարծիքով պատերազմը հեռու պիտի մնայ Թուրքիոյ սահմաններէն:
«Գ.»- Դոկտո՛ր Պուրունսուզեան, դուք հեղինակն էք «Հայերը Դամասկոսի Մէջ» արաբերէն  հրատարակութեան։ Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք հայութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս, որքանո՞վ ազդած եւ ազդուած է հայութիւնը սուրիական մշակոյթէն, որպէս մէկ մասնիկը սուրիական ընկերութեան խճանկարին։
Ս.Պ.- «Հայերը Դամասկոսի Մէջ» գիրքին հիմնական նպատակը կամ թիրախը հետեւեալն է. ինչպէս գիտենք, Սուրիոյ մէջ հայերու ներկայութեան մասին ընդհանուր տեսակէտը կամ նայուածքը այն է, որ հայերը Սուրիա եկած են Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, այսինքն 20-րդ դարու առաջին կիսուն եկած են, ուրեմն յարաբերաբար նորեկներ են: Այս գիրքը, հետեւաբար, երկու նպատակ ունէր. առաջինը գիտական էր, որովհետեւ մինչեւ այս գիրքին հրատարակումը որեւէ լուրջ ուսումնասիրութիւն չկար Դամասկոսի հայութեան մասին, բացի պզտիկ գրքոյկէ մը՝ հրատարակուած 1964-ին ֆրանսերէնով, Տ. Պետրոս Ադամեան վարդապետի հեղինակութեամբ, գիրքը սակայն միայն կը խօսի Դամասկոսի մէջ Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայութեան մասին:
Իմ հիմնական նպատակը հետեւեալն էր. կ’ուզէի փաստերով պարզել արաբական հանրային կարծիքին, որ հայութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ մշտնջենական եղած եւ ոչ թէ դէպքի մը բերումով, իսկ հայերը Սուրիոյ մէջ ներկայ են Մեծն Տիգրանի օրերէն մինչեւ օրս: Աւելին. հայերը ազդած են  եւ իրենց դերն ու ներդրումը ունեցած են Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի հասարակական կեանքին մէջ:
Անշուշտ հայերը հիմնական մասնիկը եղած են սուրիական ընկերութեան մեծ խճանկարին: Գիրքին մէջ բացատրած ենք, թէ հայ-արաբական յարաբերութիւնները պատմական ինչպիսի՛ խորք ունեցած են զանազան ժամանակաշրջաններու մէջ եւ նամանաւանդ Օմայատներու շրջանին մէջ, երբ Թէոտոր Ռշտունին Դամակոս կ’այցելէ, որմէ ետք, երբ հայոց կաթողիկոսը Օմար Ապտ ալ-Ազիզին հետ կը տեսնուի եւայլն:
Գիրքին մէջ բացատրած ենք նաեւ, թէ հայ մեծ անձնաւորութիւնները ինչպիսի՛ դեր ունեցած են սուրիական թէ ընդհանրապէս արաբական կեանքի զանազան մարզերու մէջ՝ գիտական եւ գրական: Զորօրինակ՝ Ատիպ Իսհաքը, որ Սահակ Զուլումաթեանն է, Դամասկոս ծնած է եւ հոն ապրած, վերջը մեկնած է Եգիպտոս եւ արաբական զարթօնքի ռահվիրաններէն մէկը կը նկատուի: Նոյնպէս խօսած ենք Հապիպ Սիուֆիի մասին, որ իր մասնայատուկ դերը ունեցած է: Այսօր եթէ «Զէյտան» հանրագիտարանը բանաք, կը տեսնէք, որ Հապիպ Սիուֆի երեք լեզուով գործեր հրատարակած է՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն:
Անշուշտ հայերը ազդած են եւ ազդուած են սուրիական մշակոյթէն: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ Սայաթ Նովայի մեծ հայրը Հալէպէն մեկնած է Հայաստան ու Կովկաս, իր հետը տարած է արեւելեան եղանակներ եւ այդ եղանակներէն ազդուած է նաեւ մեր հայկական աշուղական երաժշտութիւնը:
Հայերը իրենց դերը ունեցած են նաեւ Սուրիոյ մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ համակարգչային արաբական ստեղնաշարի տառերը սուրիահայ մը պատրաստած է՝ Զաւէն Մանճիկեանը: Պէտք չէ մոռնանք հայերու դերը քաղաքական կեանքին մէջ, զինուորական մարզին մէջ՝ ինչպէս  զօրավար Հրանդ Մալոյեանը, զօրավար Արամ Գարամանուկեանը, քաղաքական անձնաւորութիւնները, ինչպէս Իպրահիմ Հանանոյի փաստաբանը՝ հալէպահայ Ազզաթ Սաքքալը, անշուշտ նախարարներ ունեցած ենք ինչպէս Ֆաթհալլա Ասիուն, Նազիրա Սարգիսը եւ ուրիշներ: Հետեւաբար հայերը չէզոք դիրքի մէջ չեն մնացած, բացուած են սուրիական կեանքին եւ իրենց դերը
ունեցած ու հաւատացած են սուրիական հայրենիքին՝ անոր հաւատարիմ տարրը դառնալով:
Կ’ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ հայերը Սուրիոյ մէջ մնայուն կայքեր ունեցած են: Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ տասնեակ գիւղեր կան, ուր գոնէ հազար տարիէ ի վեր հայերը ներկայութիւն են, ինչպէս՝ Էնզիք, Արամօ, Ղասսանիէ, Քեսապ, Եագուպիէ շրջանները: Կրնանք ըսել որ 950 թուականէն մինչեւ օրս հայերը կը գոյատեւեն հոն (բացի պատերազմի տարիներուն կարգ մը գիւղերէ բռնի տեղահանուածներէն): Հայերը Սուրիոյ մէջ մնայուն կայքեր հիմնած են նաեւ մանաւանդ այդ ուխտաւորներուն համար, որոնք կ’ուղղուէին դէպի Երուսաղէմ: Խօսքս Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մասին է, Ս. Աստուածածին Ճտէտիէի եկեղեցւոյ, դարձեալ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մասին, որոնք իրենց հոգետուներով հայկական կայքեր եղած են: Խօսքս հազար տարուան պատմութեան մասին է, որմէ առաջ ալ հայեր ներկայ եղած են այս շրջանին մէջ:
Այլ խօսքով. սուրիահայերու ներկայութիւնը պատմական նշանակութիւն ունեցած է եւ ունի՝ հակառակ տիրող բազում դժուարութիւններուն:
«Գ.»- Շնորհակալութիւն: 
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան