ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՁԵՐԲԱԶԱՏԻԼ ԿՐՈՒՆԿՆԵՐՈՒ ՃԱՔՃՔԱԾ ՈՒ ԿՈՇՏ ՄԱՇԿԷՆ

Մեր կրունկները տարիներու ընթացքին կը փոխուին եւ կոշտ ու կոպիտ տեսք մը կը ստանան: Եթէ հետեւինք հետեւեալ դարմանումին, կրնանք թարմացնել եւ վերադարձնել մաշկին խնամուած տեսքը:
Առաջին
Դոյլի մը մէջ տաք ջուր լեցնել, աւելցնել 2 ճաշի դգալ սոտա, 2 ճաշի դգալ ծովու աղ եւ լաւապէս խառնել, մինչեւ որ լուծուին: Ոտքերը պահել այս խառնուրդին մէջ, 10-15 վայրկեան: Յետոյ յատուկ ոտքի քարով մաքրել ու չորցնել զանոնք:
Երկրորդ
2 ճաշի դգալ փոշի շաքարը խառնել ձեր նախընտրած իւղին, ապա ոտքերուն քսել եւ նրբութեամբ մերսել զանոնք (5 վայրկեան): Տաք ջուրով լուալէ ետք լաւ մը չորցնել մաշկը:
Երրորդ
Ամանի մը մէջ տաք ջուր լեցնել, 2 ճաշի դգալ ձիթաիւղ եւ միջին չափի հալած մոմ մը աւելցնել:
Ամէն գիշեր քնանալէ առաջ պատրաստուած քսուկէն տարածել ոտքերուն մաշկին, բամպակէ գուլպաներ հագնիլ եւ հանգստանալ:
Ամէն օր կրկնել այս պարզ գործընթացը. արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀ

ԱՇՈՒՆ-ՁՄԵՌ ԶԱՐԴԵՂԷՆՆԵՐ ՈՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՏԱՐՐԵՐ

Նորաձեւութեան աշխարհէն ներս աքսեսուարները գրեթէ նոյնքան կարեւոր են, որքան՝ հագուստները: Աքսեսուարները մեր անձին արտացոլացումն են։ Անոնք կ’անհատականացնեն մեր տեսքը եւ մեզ իւրայատուկ կը դարձնեն:
Ահա թէ ի՛նչ աքսեսուարներ նախատեսած են ոճաբանները յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակներուն համար:
ՊԱԼԱՔԼԱԽԱ (balaclava) գլխարկները ոչ միայն ոճային են, այլեւ՝ գործնական, քանի որ ցուրտ օրերուն անոնք կը պաշտպանեն ոչ միայն գլուխը, այլ նաեւ՝ վիզն ու ականջները:
ՄԻՆՉԵՒ ԾՈՒՆԿ ՀԱՍՆՈՂ ՍԵՒ ԳՈՒԼՊԱՆԵՐԸ, որոնք դպրոցական տարիները կը յիշեցնեն, կարելի է կրել կարճ փէշերու, կարճ տաբատներու եւ հագուստներու հետ:
ԹԱՆՁՐ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՎԶԿԱՊՆԵՐԸ, այո՛, վիզին շուրջ փաթթուած, թէ գլուխն ու ուսերը ծածկող գծաւոր, գունաւոր բրդեայ շալերը եւս նորաձեւ են յառաջիկայ եղանակներուն:
ՃԵՐՄԱԿ ՇՐՋԱՆԱԿՈՎ ԱԿՆՈՑՆԵՐԸ որքան ալ հնաոճ թուին, անոնք իրենց ճերմակ կամ «քրեմ» շրջանակներով վերադարձած են որպէս հիմնական զարդեղէններ:
ՓՈՂԿԱՊՆԵՐԸ նոյնպէս վերադարձած են՝ զարդարելու համար լայն, թափթփած տաբատներն ու մեծ բաճկոնները:
ՄԵԾ ԱԿԱՆՋՕՂԵՐԸ թելադրելի է կրել մազերը դէպի ետեւ հաւաքուած սանտրուածքով՝ դէմքին ու պարանոցին յաւելեալ գեղեցկութիւն տալու համար:
ՃԵՐՄԱԿ ՄՈՅԿԵՐԸ եւս նորաձեւ են, պայմանաւ որ անոնք ըլլան երկարավիզ ու ծածկեն ծունկերը: Ինչ կը վերաբերի կրունկներուն, բոլոր տարբերակներն ալ ընդունելի են:
Բացի այս եօթը գլխաւոր աքսեսուարներէն՝ Պալմեն, Շանել, Սիմոն Ռոշա, Սեն Լօրան եւ այլ նորաձեւութեան տուները իրենց հերթական փառատօներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առած էին մեծ զարդասեղները, մարգարտեայ զարդերն ու զանազան չափի ու ոճի մատանիները: