Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Մոսկուայի մէջ Երեւանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը համարած են կառուցողական եւ համահունչ այն նախագիծերուն, որոնք վերջին տարիներուն արդէն քննարկուած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու միատեղ նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբով:

Անոր խօսքին համաձայն, եռակողմ աշխատանքային խումբը կը զբաղի տարածաշրջանի մէջ տնտեսական, երթեւեկութեան կապերու ապաշրջափակումով։ Ռուսիոյ մէջ կը կարծեն, որ այդ գործընթացը կարեւորագոյն դեր կը խաղայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, կը նպաստէ ողջ Հարաւային Կովկասի տարանցիկ-տեղական ներուժի կայունացումին ու բացայայտումին:

Զախարովան յիշեցուցած է, որ երեք երկիրներու ղեկավարները եռակողմ աշխատանքային խումբ ստեղծելու մասին որոշում գոյացուցած էին 2020-ի աշնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ընդամէնը քանի մը ամիս անց:

Ան ափսոսանքով յայտնած է, որ այս հարցերուն վերջակէտ չէ դրուած։ Անոր խօսքով, ոմանք պարզապէս ատիկա ընելու քաղաքական կամք չունին, եւ ատիկա Ռուսիան չէ։
Զախարովան վերահաստատած է տարածաշրջանային յարաբերութիւններու ապաշրջափակման գործընթացներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը, 9 Նոյեմբեր 2020-ի, 11 Յունուար 2021-ի բարձր մակարդակով եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու հիման վրայ։
Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կառուցուածքին մէջ հաղորդակցութիւններու պաշտպանութեան յատուկ ստորաբաժանումի ստեղծումին մասին, ան յստակեցուցած է, որ «նշեալ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ երթեւեկային հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը կոչուած են իրականացնելու Ռուսիոյ ԱԴԾ Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:
Միաժամանակ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը պարզաբանած է, որ Ռուսիան առաջնորդուած է նաեւ Հայաստանի ապաշրջափակման հարցով, նաեւ այն ժամանակ, երբ աջակցած է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ երկխօսութեան վերսկսումին:
Ան յիշեցուցած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 14 Յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ։
Ռուսիան 3+3 խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակը եւս մէկ լաւ հարթակ կը համարէ տարածաշրջանի հարեւաններու եւ երկիրներու փոխգործակցութեան համար: