Պաղեստինեան Կարմիր Մահիկը յայտարարեց, որ վառելանիւթի չգոյութեան եւ ելեկտրականութեան անջատման հետեւանքով Կազզայի «Երուսաղէմ» հիւանդանոցը ծառայութենէ դուրս եկաւ։

Կարմիր Մահիկը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմը իր կարելին ի գործ կը դնէ հիւանդներուն եւ վիրաւորներուն բժշկական ծառայութիւն մատուցելու նոյնիսկ սահմանափակ միջոցներով, որովհետեւ հիւանդանոցէն ներս մարդկային աղիտալի վիճակ կը տիրէ, ո՛չ բժշկական սարքեր կան, ո՛չ ջուր, եւ ոչ սննդեղէն։

Կարմիր Մակիհը միջազգային հանրութիւնը պատասխանատու կը համարէ Կազզայի առողջապահութեան համակարգի անկումին եւ այնտեղ տիրող մարդկային աղիտալի վիճակին։