ՍՕ Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձած «Նայիրի օր»-ը այս տարի նուիրուած էր Արցախին՝ խաչուհիները իրազեկ դարձնելու Արցախի պատմութեան, ներկայ իրավիճակին, նաեւ լուսարձակի տակ առնելու ՀՕՄ-ի իրագործած ծրագիրները Արցախի մէջ։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 27 Հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի «Գոհարիկ Համալեան» սրահէն ներս։

Օրուան բանախօս Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան անդրադարձաւ Արցախի պատմական տուեալներուն, , շեշտելով, որ Արցախը պատմութեան ընթացքին միշտ ալ բնակեցուած է հայերով, ըստ 5-7-րդ դարերու «Աշխարհացոյց»-ին, Արցախը եղած է Մեծ Հայքի 10-րդ նահանգը,
հետագային մաս կազմած է Հայկական Բագրատունեաց թագաւորութեան, ապա Զաքարեաններու հայկական իշխանութեան:

Յաջորդող դարերուն Արցախը ենթակայ դարձած է այլեւայլ նուաճողներու` մնալով հայկական և ունենալով կիսանկախ կարգավիճակ: XVIII դարու կէսերէն սկսած է թուրք քոչուոր ցեղախումբերու ներթափանցումը Արցախի հիւսիսային շրջան, ինչ որ պատճառ դարձած է տեղաբնիկ հայերու հետ մշտական բախումներու: Այդ ժամանակաշրջանին Արցախը ունեցած է որոշակի ինքնիշխանութեան հասած հինգ (Խամսայի) հայկական մելիքութիւններ։ Հետագային անցած է ռուսերու տիրապետութեան տակ:

Արցախի հիմնահարցը ծագած է 1917-ին Ռուսական կայսրութեան փլուզման հետեւանքով Անդրկովկասի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հանրապետութիւններու կազմաւորման շրջանին: Արցախի բնակչութիւնը, որ 95 տոկոսով հայերէ կը բաղկանար, գումարած է իր առաջին համագումարը եւ Լեռնային Ղարաբաղը հռչակած անկախ վարչաքաղաքական միաւոր, ընտրած է Ազգային խորհուրդ և կառավարութիւն: 1918-1920-ին Լեռնային Ղարաբաղը ունէր պետականութեան բոլոր կառոյցները ` ներառեալ բանակն ու օրինական իշխանութիւնները:

Այդ տարիներուն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան փորձեցին բռնի ուժով Ղարաբաղը ենթակայ դարձնել Ատրպէյճանի իշխանութեան, սակայն չյաջողեցան:

Տարածաշրջանի խորհրդայնացման հետևանքով հիմնահարցը դուրս մնաց միջազգային կառույցներու օրակարգէն: Հայաստանի խորհրդայնացումով եւս Ղարաբաղը մաս չկազմեց Ատրպէյճանին, նոյեմբերի 1920-ին, Ատրպէյճանի Յեղկոմը իր յայտարարութեամբ Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրը և Նախիջևանը ճանչցաւ որպէս Հայաստանի անբաժանելի մաս: Յունիս 1921-ին, Հայաստան նոյնպէս Լեռնային Ղարաբաղը իր անբաժանելի մասը յայտարարեց։

Անտեսելով այս իրողութիւնը, 1921-ին Ստալինի կամայական որոշումով Լեռնային Ղարաբաղը բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին, որպէս ինքնավար մարզ։
Ապա Պօղիկեան ներկայացուց Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ Արցախի անկախութիւնը, այնուհետեւ վերջին տարիներու պատերազմներն ու Արցախի բռնագրաւումն ու Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ լքման ենթարկուիլն ու նոյն իշխանութիւններուն կողմէ որպէս Ատրպէյճանի մաս դատապարտելի ճանաչումը։

Ապա ան ներկայացուց Արցախի հայաթափման տուն տուող պատճառներն ու տարիներու ընթացքին արցախահայութեան պատմական իր հայրենիքին կառչելու համար մղած պայքարը։

Այնուհետեւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Քնար Տէմիրճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց որ հայը չի յուսահատիր եւ աչքերը սեւեռած է այն օրուան, երբ Արցախը դարձեալ պիտի տեսնէ ազատ ու անկախ։

Օրուան հանդիսավար Թալին Մանուկեան պարբերաբար ներկայացուց Արցախի անուան առնչուող տեղեկութիւններ՝ Ուրարտական թագաւորութենէն սկսեալ, ապա խօսեցաւ «Մենք ենք մեր սարերը» կոթողին մասին, ներկայացուց ՀՕՄ-ի իրագործած ծրագիրները Արցախի մէջ, անդրադառնալով «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցին, որ Արցախի Հանրապետութեան առաջին նախադպրոցական հաստատութիւնները յառաջ բերաւ։ Ան նաեւ յիշեց 2009 թուականին ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան տնօրինումով Արցախ գործուղուած հալէպահայ խաչուհիներ Սիրուն Եագուպեանի եւ Հռիփ Կանանեանի տարած աշխատանքը Արցախի մէջ։

Ձեռնարկը կ՛ընդգրկէր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։ Արդարեւ Քրիստ Տէմիրճեան (կիթառ) եւ Արփի Արապանեան նուագեցին «Պիտ Պաշտպանեմ» ստեղծագործութիւնը։ Համազասպ Շաքարեան եւ Նանոր Մարտիկեան ասմունքեցին Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր» քերթուածը։ Հուսկ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Արցախի մեծաթիւ վանքերն ու եկեղեցիները, որոնք ազերիներուն կողմէ բռնագրաւուեցան։