2-4 Նոյեմբեր 2023-ին, Հոմս նահանգի Մշթայէ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «SALT» հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած «Կարելի Է» խորագիրով համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան շրջաններու մէջ գործող Կիրակնօրեայ Դպրոցներու յիսունէ աւելի ուսուցիչներ-ուսուցչուհիներ եւ պատասխանատուներ:
Օրհնութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանին, սոյն համագումարին նաեւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Հայոց Թեմէն՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու կարգ մը ուսուցիչներ-ուսուցչուհիներ։ Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանը:

Համագումարին հիմնական օրակարգն էր Կիրակնօրեայ Դպրոցներու առաջնորդներուն եւ օգնականներուն դիմագրաւած հիմնահարցերը: Համագումարի աւարտին, ներկաներուն կողմէ առաջարկուեցաւ վերաորակաւորման ծրագիրներ կատարել, դասաւանդման արդիական միջոցներու եւ գործադրութեան եղանակներու շուրջ, որոնք վստահաբար պիտի բարելաւեն ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն գիտելիքները՝ հետագային զանոնք գործնական ու շահաւէտ կերպով կիրարկելու համար:
Երեք օրեր շարունակ, յիշեալ նիւթերուն շուրջ դասախօսութիւններ կատարեց եւ համագումարը վարեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ վարդապետներէն Հայր Մալաթիոսը, իբրեւ Լաթաքիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ երիտասարդական կառոյցի պատասխանատու: