Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին հոգեշնորհ Տէր Արմէն Աբեղայ Գալաճեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը օրհնութեան մաղթանքներով եւ դպրաց դասուն երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Կատարուեցաւ կանոնական աղօթք, ապա Կիրակնամուտի երեկոյեան ժամերգութիւն, իսկ աւարտին` աղօրհնէք:

Աղօրհնէքի աւարտին սրբազան հայրը կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն բնաբան ունենալով երեկոյեան ժամերգութեան սկիզբը արտասանուող «Ես առ Աստուած կարդացի…» Սաղմոսը:

Սոյն բնաբանին ընդմէջէն սրբազան հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց Աստուծոյ սիրոյն, ամենակարողութեան եւ հաւատարմութեան հանդէպ հաւատացեալին ունեցած խոր վստահութեան, համոզումին եւ հաւատքին կարեւորութիւնը: Սակայն ասոնք մեր մէջ գործնապէս ունենալու համար, մարդ անհրաժեշտօրէն պէտք է իր մանկութենէն ու պատանեկութենէն սկսեալ վայելէ Աստուծոյ ներկայութիւնը, պաշտպանութիւնը, առաջնորդութիւնը, ինչպէս նաեւ` կենդանի հաղորդակցութիւնը: Եւ որպէս ապացոյց մէջբերեց Դաւիթ թագաւորի կեանքէն՝ հսկայ Գողիաթին դէմ ունեցած իր կռիւը, յաղթանակը եւ յայտարարած անխախտ համոզումն ու անայլայլ հաւատքը Աստուծոյ նկատմամբ, որը շօշափելի արդիւնք էր Աստուծոյ հետ ունեցած իր կենդանի հաղորդակցական փորձառութեան:
Ան եզրակացուց ըսելով, որ եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք ինքնագիտակցութեան ենթարկէ եւ անդրադառնալով իր մէջ գոյացած իրավիճակին, աշխատանք տանի Դաւիթ մարգարէին եւ մեր սրբազան հայրերու օրինակին հետեւելով, անձնական փորձառութեամբ, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը պիտի զարգացնէ եւ վայելէ անոր խոստումները, ներկայութիւնը, պաշտպանութիւնն ու առաջնորդութիւնը յատկապէս ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, որ կը դիմագրաւենք բոլորս եւ որոնց ազդեցութիւններէն մեծապէս կ՛ազդուինք:

Հաւատքով կառչինք Քրիստոսի եւ վստահինք անոր հաւատարմութեան, որովհետեւ ինք խոստացաւ մեզի հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհիս վախճանը, ինչպէս նաեւ հրահանգեց չվախնալ թէկուզ աշխարհի մէջ նեղութիւններ ու դժուարութիւններ ունենանք. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»:
Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով:

Նայիրի Կարապետեան
Լաթաքիա