Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալայճեանի, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի, Լաթաքիոյ յարաբերական մարմնի պատասխանատու Յարութ Գաբրիէլեանի, եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեանի, ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Նիկոլ Մէտէնիի եւ ազգային, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներու այցելեց Լաթաքիոյ զոյգ ակումբներ։

ՀԲԸՄ-ի փողերախումբը իր կատարումով դիմաւորեց հիւրերը։ Այնուհետեւ ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Նիկոլ Մէտէնի բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ. «Յարգանքի եւ երախտագիտութեան պարտք կը զգանք խոնարհելու դիմացը հայրենիքի ազատամարտիկներուն, որոնք նահատակուեցան յանուն Արցախի։ Հայրենիքը մեր բացակայութիւնը չի ներեր։ Մեր նպատակը մեր հայրենիքին, մեր երկիրին զօրավիգ կանգնիլ է. Աստուծոյ երկիրին, որոպն վրայ սուր քաշողը Աստուծոյ տան վրայ քաշած ու յաւերժ անիծուած պիտի ըլլայ»։
Ապա գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուեցաւ։ Ելոյթ ունեցան Ճորճ Մէտէնի (ջութակ), ընկերակցութեամբ Լիզա Սապունճեանի (դաշնամուր), ներկայացնելով Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»-ը եւ Աւետիք Իսահակեանի խօսքով, Ահարոն Մսրլեանի երժշ. մշակումով «Օտար Ամայի Ճամբէքի Վրայ» ստեղծագործութիւնները։

Կալին Թիւթիւնճեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Պիտի Իյնաս»-ը։ Ներսէս Մուրատեան եւ Ալին Զարիկեան մեներգեցին «Հայրենիքիս Հետ»-ը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատուիրակութեամբ այցելեց նաեւ ՍՕ Խաչի կեդրոն, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը, արի-արենուշները, գայլ-արծուիկ միաւորները դիմաւորեցին հիւրերը։

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ, Հայաստանի ու Արցախի նահատակները, որմէ ետք խօսք առաւ ՍՕ Խաչի վարչութեան ատենապետ Սաթենիկ Պետուրեան, բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ըսաւ. «Ամէն տարի մեծ ուրախութեամբ կը պասենք սրբազան հօր այցելութիւնը մեր կեդրոն՝ Ձեր օրհնանքը ստանալու մեր միութիւններու գործունէութեանց բարեյաջող ընթացքին համար։ Այս տարի մեր սիրտը խոցուած է Հայաստանի եւ Արցախի ծանր վիճակին, մարդկային կորուստնեդուն ի տես։ Այս դժուարութիւնները մեզ պիտի չընկրկեն սակայն։ Մենք մեծ հաւատք ունինք կրկին ու կրկին զօրացնելու եւ կանգուն պահելու սփիւռքը՝ իր բոլոր կառոյցներով, մեր նայուածքը ուղղելով նոր սերունդին, հաւատալով որ արեւը անպայման օր պիտի շողայ եւ լուսաւորէ մեր հայրենի Արցախը»։

Պատշաճ յայտագիրով բեմ բարձրացան ՍԵՄ-էն եւ Պատանեկան Միութեան «Արցախ» մասնաճիւղի պարմանուհիներէն Անի Պետրոսեան, Աննա Ապտօ, Գեղարփի Նաճարեան, Կասիա Ներսէսեան, Նայիրի Պետրոսեան, Լանա Հատտատ, ասմունքելով Սիամանթոյի մենախօսութիւնը։

Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի Գեղարդ պարախումբէն փունջ մը աղջիկներ ներկայացուցին Նազ Պար։
Աւարտին, սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղելով երիտասարդներուն ասմունքէն երկու գաղափար լուսարձակի տակ առաւ.
Ա. Մարդը վերադարձնել իր մարդկային կերպարին։
Բ. Հայրենի հողը միացեալ տեսնել։
Ան հաստատեց, որ Աստուած մարդը կը վերականգնէ, երբ ան քաջութիւն ունենայ ինքնաքննութեան ճամբով իր տկարութիւնը եւ թերութիւնը ընդունելու ու սրբագրելու։
Խօսելով հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան մասին, Մակար սրբազան պատուիրեց դուրս գալ անտարբեր իրավիճակէ եւ հաւատարմութիւն ցուցաբերել մեր հայրենիքին, մեր կարելի բոլոր միջոցներով։
Ան հրաւիրեց երիտասարդները գիտակից ըլլալու եւ զոհողութիւն յանձն առնելու, որովհետեւ իրենք են մեր յոյսը եւ մեր գոյերթը շարունակողները։
Սրբազան հայրը այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատուներուն, որոնք իրենց ժամանակէն, հոգիէն եւ լումայէն կը տրամադրեն որպէսզի մեր արժէքները վառ պահեն եւ զանոնք փոխանցեն նոր սերունդներուն։ Ան շնորհաւորեց ձեռնարկը կազմակերպողները եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդի զաւակներուն՝ հաւատարիմ գտնուելու երկրի ղեկավարութեան, իրենց սլացքը ուղղելու նաեւ դէպի Հայաստան եւ արդարութեան կողմնակից ըլլալու, յատկապէս ներկայիս պաղեստինցի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն կողքը կենալով։
«Այսօր կոչուած ենք Քրիստոսի մեզի յայտնած կատարելութեան եւ սրբութեան հասկացողութեամբ մեր արժէքները որդեգրելու եւ անոնց աւիշէն ըմպելով զօրացած առաջնորդուելու», ըսաւ Մակար Սրբազան, մաղթելով, որ միասիրտ եւ միահոգի շարունակենք գործել, ընդհանրական շահը գերադասելով մեր անձնական շահէն, որպէսզի մեր աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուի եւ աստուածաշնչական հասկացողութեամբ մեր ցանած սերմերը աճին մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր տալով։
Գերշ. սրբազան հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց ձեռնարկը։

Նայիրի Կարապետեան
Լաթաքիա