Բնութիւնը արուեստի պատկեր մըն է, որ առաւել հմայիչ կը դառնայ աշնան եղանակին:
Աշնան տերեւաթափի այս օրերուն Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանի աշակերտները Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, հաճելի պտոյտ մը կատարեցին «Ֆրանսիսքան» վանքի գեղեցիկ պարտէզին մէջ։
Անոնք ուշադրութեամբ դիտեցին բնութիւնը, ապա գծեցին, հսկողութեամբ ուսուցչուհի՝ Սօսի Քէօշկէրեան-Պոյաճեանի:

Աշակերտները հաւաքեցին աշնան եղանակի գոյնզգոյն տերեւներ, խխունջներ եւ քարեր, որպէսզի անոնցմով հետագային ձեռային աշխատանք կատարեն։
Այս նախաձեռնութիւնը հաճելի եւ օգտաշատ փորձառութիւն մը եղաւ մեր աշակերտներուն համար։

«Արշիլ Կորքի» Կերպարուեստի Ուսումնարանի Յանձնախումբ