Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտեան Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Ս.Կոյս Մարիամի եռամեայ տաճար ընծայման: Պատարագը մատուցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ս. սեղանին սրբազան հօր կողքին սպասակեցին Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալայճեան։ Պատարագին ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղեայեան, Ազգ. Վաչութեան ատենապետ Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, շրջանի յարաբերական մարմնի անդամ Յարութ Գաբրիէլեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս հաւատացեալներու հոծ բազմութեան տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը։

Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահ աջահամբոյրի։ Այնտեղ սրբազան հօր ձեռամբ պարգեւատրուեցան Անժէլ Նիկողոսեան-Տէիրմէնճեան եւ Մարօ Սողոմոնեան՝ եկեղեցիէն ներս իրենց տարիներու անսակարկ նուիրումին համար։
Տիկին Անժէլ երկար տարիներ աշխատած է եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին մէջ որպէս ատենապետուհի, իսկ օրդ. Մարօ եղած է բարեսիրական հաստատութիւններու եւ թաղական խորհուրդի անդամ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ ըսաւ , որ երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող ազգայիններու գնահատագիր տալով եւ անոնց ծառայութեան վաստակը վեր առնելով մեզմէ իւրաքանչիւրին առջեւ մարտահրաւէր մը կը պարզուի, որպէսզի այն ժամանակը, որ մեզի տրուած է լաւապէս արժեւորենք։
Սրբազան հայրը հաստատեց, որ իւրաքանչիւրիս կեանքը նպատակադրեալ է։ Հետեւաբար, Աստուած մեզի շնորհքներ տալով առաքած է իր այգիին մէջ գործելու եւ երբ յարմար ժամանակը գայ հաշիւ պիտի պահանջէ մեզմէ։
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց երկու ծառայակից քոյրերը, որոնք մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին գանձանակին մէջ իրենց ծառայական հոգիէն, շունչէն եւ ժամանակէն տուին անձնուրացութեամբ, սիրով եւ յօժարութեամբ։
Այս իմաստով սրբազան հայրը անգամ մը եւս օրհնեց եւ շնորհաւորեց պարգեւատրուողները եւ աղօթեց, որ Աստուած զիրենք եւ բոլոր ծառայողները անխտիր օրհնէ եւ զօրացնէ։
Ան նշեց, որ Աստուծոյ համար մարդոց ունեցած արժանիքները յաւիտենականութեան մէջ պիտի գնահատուին, երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն, սիրով, հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ ի գործ կը դրուին՝ մարդոց բարիքին համար, անհատական շահերէն դուրս եւ վեր, ինչպէս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մշտապէս կը յիշեցնէ. «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատիւը, մեծութիւնը եւ արժէքը կը գտնուի իր ծառայական մատոյցին մէջ»։
Հեեւաբար, սրբազան հայրը հրաւիրեց ներկաները, որ իրենց կեանքը ծառայութեամբ արժեւորեն, որպէսզի ծառայութեան ընթացքին Աստուած ինք փառաւորուի եւ փառաւորէ մեզ։

Նայիրի Կարապետեան
Լաթաքիա