Վազքը՝ աթլէթի ամենազանգուածային եւ կարեւորագոյն մարմնամարզերէն մէկն է:

Քեսապցի ՀՄԸՄ-ական մարզիկ՝ եղբայր Յարութիւն Լնդեան, պատանի տարիքէն ինքնաշխատութեամբ, յարատեւութեամբ եւ վազքի համաշխարհային կանոնները սերտելով հետեւած է այս մարզաձեւին:

Արդարեւ, Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2023-ին, եղբայր Լնդեան մասնակցեցաւ Պէյրութի 20-րդ մարաթոնին, կազմակերպութեամբ «Պէյրութի Մարաթոն» միութեան:

Այս տարուան կիսամարաթոնին (21,1 քմ) իրենց մասնակցութիւնը բերին 11.000 մարզիկներ, որոնց կարգին քեսապցի մարզիկ՝ Յարութիւնը: Ան իր վազքի նպատակը ձօնեց Արցախի խաղաղութեան եւ զօրակցութեան, որոնց խորհրդանիշը կրեց իր գազակին վրայ:

Յաջողութեամբ աւարտելով իր վազքը, արձանագրեց՝ 1 ժամ 26 վայրկեան 32 երկվայրկեան արդիւնք, գրաւելով իր տարիքային բաժանումքի 4-րդ դիրքը, իսկ ընդհանուր մարզիկներուն մէջ 28-րդ դիրքը:

Կ’արժէ յիշել որ եղբայրը 2003-ին, առաջին անգամ մասնակցած է Պէյրութ Մարաթոնին, որմէ վերջ մասնակից դարձած է 11 մրցումներու , մերթ ընդ մերթ լաւագոյն նուաճումներ ձեռք արձանագրելով:

Յարատեւութիւն, նորանոր յաջողութիւններ եւ բարի երթ կը մաղթենք եղբօր: