Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։
Պատարագին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ տիար Հրաչ Յակոբեան, Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ տիար Վրէժ Եագուպեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեան, Շրջ. Վարչութեան անդամները, երէց եւ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Քարոզին բնաբանն էր Պօղոս առաքեալի Փիլիպպեցիներուն գրած նամակի հետեւեալ աստուածաշնչական համարը. «Ամէն անգամ, որ ձեր բոլորին համար կ’աղօթեմ, ուրախութեամբ կ’աղօթեմ» (Փլպ 1.4)։
«Ի՞նչ է աղօթքը եւ հաւատացեալը ինչպէ՞ս պէտք է աղօթէ» հարցումներուն պատասխանելով, Հայր Սուրբը յայտնեց, որ աղօթքը մարդուն սրտէն բխած խօսք է՝ ուղղուած Աստուծոյ։ Երբ կ’աղօթենք, անմիջապէս մեր մտքին մէջ ծնունդ կ’առնէ «Տէրունական աղօթք»-ը, զոր Քրիստոս Ինք մեզի սորվեցուց: Աղօթքին մասնակից կը դառնայ մարդուն ողջ էութիւնը՝ միտքը, հոգին, մարմինը եւ ամէնէն կարեւորը՝ սիրտը, որովհետեւ սիրտն է Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման վայրը։ Ան նշեց, թէ աղօթքը նաեւ ապրելակերպ է, Աստուծոյ անսպառ աղբիւրէն հոգեւոր եւ ֆիզիքական ուժեր վերագտնելու հնարաւորութիւնն է եւ այն կամուրջն է, որ մեզ կը կապէ երկինքին, եւ ինչ դժուարութեան ալ հանդիպինք, այդ կամուրջը չի խորտակուիր, որովհետեւ անիկա հաստատուած է Քրիստոսի ժայռին վրայ:
Հայր Սուրբը պարզաբանեց աղօթելու կերպը, դիտել տալով, որ աղօթքը ամբողջական կեդրոնացում, սրտի նուիրում, հոգիի մաքրութիւն եւ հաւատքի ամրապնդում կ’ենթադրէ։ Հետեւաբար, ան հրաւիրեց ներկաները առաքեալին խօսքը մակագրելու իրենց միտքերուն մէջ եւ աղօթքը ամէնօրեայ սնունդ դարձնելու, որովհետեւ մարդ առանց աղօթքի, ինչպէս կ’ըսէ սաղմոսերգուն. «Կը նմանի թոռմած ծաղիկի մը, որ հովը կը տարտղնէ»:
Պատարագէն ետք, գլխաւորութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներու, ՀՄԸՄ-ական նահատակներու, ինչպէս նաեւ ներկաներու ննջեցեալ հարազատներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։