Փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ` Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան նորանշանակ մեծաւոր` Գերպծռ. Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեան`Քեսապի Սուրբ Միքայէլ` Կաթողիկէ Հայոց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, համայնքի աւագանու եւ հօտին կողմէ։

Աննախադէպ օր էր,
Շաբաթ,18 Նոյեմբեր 2023-ի,առաւօտը`մինչ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ կոչնակներու ղօղանջը կը թնդացնէր ողջ գիւղի տարածքը, միւս կողմէ`եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ համախմբուած Քեսապահայութիւնը` արժանավայել կերպով
հիւրընկալեց Զմմառէն ժամանած մեծաւոր հօր եւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխտեսուչ` Գեր. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի եւ առաջնորդեց զիրենք եկեղեցի, ուր Գոհաբանական աղօթք բարձրացուցին Առ Աստուած, ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ դահլիճը, ուր Մեծաւորը` տեղւոյն ժողովուրդին հետ ծանօթանալէ ետք, մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ` ունկնդրելով անոնց յուզող հարցերն ու գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Ապա մեծաւոր հայրը, եկեղեցւոյ ժողովրդապետը եւ Հ.Պետրոսը` այցելեցին գիւղի այն տարեցներուն տուները, որոնք անկել եւ անկարող են եկեղեցի յաճախելու։ Մեծաւոր հայրն ու Հ. Նարեկը օրհնելով մամիկներն եւ պապիկները`հաղորդութիւն բաշխեցին անոնց։

Կիրակի,19 Նոյեմբեր 2023-ի,առաւօտեան ժամը 11-ին,Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ Սրբոց Հրեշտակապետաց զոյգ տօներու առթիւ` պատարագեց եւ քարոզեց` Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր` Գերպծռ.Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ Նորատունկեան, առընթերակայութեամբ` Համանուն եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ փոխտեսուչ Գեր. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի։

Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ յուզմունքով անդրադարձաւ տեղւոն հայութեան դիմագրաւած բազում-բազմապիսի տառապանքներուն, որոնք Սուրիոյ տագնապի օրերուն ապրած էին։
Մեծաւորը իր զօրակցութիւնը յայտնեց նաեւ քաջալերական եւ խրախուսական խօսքեր շռայլելով` յորդորեց ներկաներուն` չընկրկիլ եւ անկոտրուն կամքով ու հայավայել կորովով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, որոնք ցցուած են եւ կը ծառանան Քեսապահայութեան դիմաց։

Այնուհետեւ հաւատացեալներուն հրաւիրեց`
կառչած եւ փարած մնալու իրենց պապենական հողին`Քեսապին,որ Կիլիկիան Հայաստանէն մնացած միակ տարծքն է, զոր Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի ջանքերուն եւ միջամտութեանը շնորհիւ կցուեցաւ ասպնջական Սուրիոյ տարածքին։

Մեծաւորը` մեծապէս գնահատեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր.Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանը,որ իր անձնուրաց նուիրումովը` նեցուկ եւ քաջալեր հանդիսացաւ Քեսապահայութեան, իրենց հետ ապրելով եւ կրելով միեւնոյն տառապանքներն ու դժուարութիւնները` պարզ այն պատճառով, որ պատմութենէն մեզի ժառանգուած հայկական այս տարածքը չհայաթափուի իր տեղաբնինկներէն եւ չամայանայ։

Մեծաւորը իր քարոզը եզրափակեց շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Հոգեպարար արարողութենէ ետք` եկեղեցւոյ ժողովրդապետ`Գեր. Հ. Նարեկ վրդ.Լուիսեան,Մեծաւոր հօր անդրանիկ այցի եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր ընտրուելու ուրախ առթիւ, եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան անունով շնորհաւորեց եւ ժանեակագործութեամբ հիւսուած “Տէրունական աղօթք” նուիրեց` ի յիշատակ սոյն բարեբաստիկ օրուան։

Ապա, նշուեցաւ տասնըմէկ զոյգերու ամուսնութեան տարեդարձերը, որոնք պսակուած են Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ` զանազան թուականներու ընթացքին,սկսած տասնամեայ տարեդարձէն, հասնելով յիսունամեայ յոբելեաններու։ Զոյգերուն նուիրուեցաւ Աստուածաշուչ, որպէս օրհնութիւն`Աստուծոյ խօսքը իրենց բնակարաններուն մէջ։

Այնուհետեւ բոլոր ներկաները եկեղեցւոյ Աղաճանեան դահլիճին մէջ` իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները յայտնեցին նորանշանակ մեծաւոր հօր,ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։

Հիւրերու շարքին էին` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, գլխաւորութեամբ` Հոգեշնորհ Հ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի,Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ժողովական անդամները, գլխաւորութեամբ`
պատուելի Շանթ Ակիշեանի, կուսկցապետեր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, թաղապետը, քաղաքապետը, ՍՕԽ-ի տիկնանց միութիւնը, այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու Հայ Կաթողիկէ վարժարանի` ուսուցչակազմը։
Օրը իր լրումին հասաւ յիշատակ լուսանկարով,որ անմահացուց պատմական այցը։