Հակառակ անոր որ Հայաստանի վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը հրաժարած են մասնակցելէ Մինսքի Չորեքշաբթի օր սկսած ՀԱՊԿ-ի գագաթնաժողովին, Քրեմլին յոյս  յայտնած է, որ Հայաստան կը շարունակէ աշխատանքը ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ։
«Անկասկած կարելի է ափսոսանք յայտնել, որ Հայաստանի բարձր մակարդակով մասնակցութիւն չկայ գագաթնաժողովին։ Մենք յոյսով ենք, որ մասնակցութիւն տեղի կ’ունենայ աշխատանքային, փորձագիտական մակարդակով»,  Չորեքշաբթի օր ըսած է Քրեմլինի խօսնակ Տիմիթրի Փեսկով՝ ընդգծելով. «Բնականաբար մենք կ’ակնկալենք, որ Հայաստան շարունակէ իր աշխատանքը կազմակերպութեան շրջանակին մէջ»։
Նախապէս Հայաստանի վարչապետն ու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչները բազմիցս յայտարարած են, որ Երեւան ներկայիս չի քննարկեր ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու կարելիութիւնը, սակայն Հայաստանի ներկայացուցիչները վերջին ամիսներուն չեն մասնակցած կազմակերպութեան ձեռնարկներուն։ Հայաստան յետս կանչած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ իր դեսպանը եւ նորը չէ նշանակած։