Կազզայի վրայ իսրայէլեան գրոհին 47-րդ օրը արձանագրուեցաւ աւելի քան 14.120 նահատակ, որուն 5840-ը՝ փոքրեր, եւ աւելի քան 33.000 վիրաւոր, որուն 75%-ը՝ փոքրեր եւ կիներ։

Պաղեստինի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը նախօրօք հաղորդագրութեամբ յայտնած էր, որ Կազզայի մէջ 35 հիւանդանոցէն 26-ը ծառայութենէ դուրս եկած է Իսրայէլի հրթիռակոծման եւ վառելանիւթի չգոյութեան հետեւանքով, աւելցնելով, որ Կազզայի հիւսիսային բաժինի հիւանդանոցները ամբողջութեամբ դադրած են գործելէ եւ վիրաւորները բուժուելու փոխարէն կը նահատակուին։ Նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց, որ Իսրայէլ իր գրոհը սաստկացնելով յատկապէս Կազզայի հիւսիսային բաժինին ուղղութեամբ, բնակիչներուն պարտադրէ լքել  իրենց բնակարանները եւ տեղահանուելով դէպի հարաւ ուղղուիլ։