Պաշտպանելու համար իսրայէլեան գրոհին դէմ պայքարող Պաղեստինի ժողովուրդը, Պաղեստինեան Ազգային Դիմադրութիւնը յայտարարեց, որ Կազզայի մէջ 4-օրեայ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, սակայն թուականը տակաւին ճշդուած չէ։

Դիմադրութիւնը յայտնեց, որ զինադադարի համաձայնութիւնը կ՚ընդգրկէ Կազզայի բոլոր շրջաններուն մէջ երկու կողմերուն միջեւ զինադադար եւ իսրայէլեան բանակին կողմէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցում։ Համաձայնութիւնը պիտի ներառէ նաեւ մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութեամբ եւ վառելանիւթով բեռցուած հարիւրաւոր փոխադրակառքերու մուտքը Կազզա։

Դիմադրութիւնը աւելցուց, որ համաձայնութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ իսրայէլացի կալանաւորուած 50 կիներու եւ 19 տարեկանէն նուազ փոքրերու ազատ արձակումը, որուն փոխարէն պաղեստինցի կալանաւորուած 150 կիներու եւ 19 տարեկանէն վար փոքրերու ազատ արձակումը: