Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ ԱՄՆ նախագահի բոլոր թեկնածուներուն հետ: Այս մասին Alpha News-ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի մամուլի քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեան:
«Մէկ տարի մնացած է Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն, եւ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ բոլոր թեկնածուներուն հետ: Մենք ամէն ինչ կ’ընենք հասկնալու իրենց տեսակէտը արցախեան հարցին շուրջ, Հայաստանի ապահովութեան հարցին շուրջ, եւ թէ արդեօ՞ք անոնք կը հասկնան, թէ ի՛նչ հսկայական մարտահրաւէրներ նետած է Ատրպէյճան Հայաստանին», ըսած է Չուլճեան:
Անոր համաձայն, նախորդ օրերուն հանդիպում տեղի ունեցած է նախագահի թեկնածուներուն հետ, որուն ընթացքին թեկնածուները դատապարտած են Ատրպէյճանն ու անոր վարած քաղաքականութիւնը:
«Պաքուի ցեղասպան քաղաքականութիւնը դադրեցնելու միակ տարբերակը անոր ռազմական օժանդակութենէ զրկելն է: ԱՄՆ Ծերակոյտին՝ «Հայաստանի պաշտպանութեան գործողութիւն 2023» օրինագիծին ընդունումը յստակ պատգամ է՝ Պաքուին եւ Պայտընի վարչակազմին ուղղուած: Ըստ Ծերակոյտին՝ Պաքուի ցեղասպան քաղաքականութիւնը դադրեցնելու միակ տարբերակը անոր ռազմական օժանդակութենէ զրկելն է: Այդ պէտք է ըլլայ ոչ թէ վերջին, այլ առաջին պատժամիջոցը, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կրնայ որդեգրել Պաքուի շարունակական յարձակողական քաղաքականութեան դէմ: Թէեւ այս ամէնը պէտք է ըլլար այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճան տասը ամիս շարունակ շրջափակած էր Արցախը՝ մարդոց ենթարկելով սովի», ըսաւ Չուլճեան:
Ապա նկատել տուաւ, որ շրջանցելով ռազմական օժանդակութենէ զրկելու օրէնքը՝ ամերիկեան կառավարութիւնը մեղսակից դարձած է Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան:
«Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը այսօր ամէն ինչ կ’ընէ, որ ընդլայնէ Արցախի հայութեան մարդասիրական օժանդակութիւնը, մինչեւ անոր ապահով վերադարձը հայրենիք: Շատ կարեւոր է, որ կրճատուի Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելը, բայց պէտք է աւելին իրականացնել, քանի որ Ալիեւի կառավարութիւնը կը շարունակէ իր յանցագործութիւնները՝ հայ ռազմագերիները ազատ չարձակելով: Պատժամիջոցները տեղին են, եւ ռազմական օժանդակութենէ զրկելը առաջին քայլը պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենանք յստակ ազդանշան ղրկել ամերիկեան կառավարութեան՝ ցոյց տալով, որ որեւէ երկիր չի կրնար նման ցեղասպան քաղաքականութիւն վարել եւ անպատիժ մնալ», եզրափակեց Չուլճեան: