Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերին եւ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբերին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները երկու տարբեր առիթներով Մոնթրէալի մէջ հանդիպումներ ունեցան Քանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար՝ Փիէռ Փոլիէվրի ու անոր խորհրդականներուն հետ։

Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին, յանձնախումբի ներկայացուցիչները, համայնքային այլ ներկայացուցիչներու հետ միասնաբար, Քանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարին հետ արծարծեցին քանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին Արցախի ու արցախահայութեան իրավիճակը եւ Քանատա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւնները։