Երեք շաբաթ առաջ, երբ առաջին անգամ գրեցի Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի քարոզարշաւի՝ Թուրքիոյ հետ ունեցած կապերուն վերաբերեալ FBI-ի հետախուզութեան մասին, ես չէի պատկերացներ, որ ատիկա Փանտորային տուփը բանալ կը նշանակէ:
Անցեալ շաբաթ Էտըմզ ստեղծեց պաշտպանութեան հիմնադրամ՝ գումար հաւաքելու համար, որպէսզի վճարում կատարէ 2021-ի նախընտրական իր քարոզարշաւին ընդլայնուող դաշնակցային հետախուզութեան իրաւական ծախսերուն դիմաց: Օրէնքը թոյլ կու տայ Էտըմզի՝ իւրաքանչիւր ոքէ ստանալ մինչեւ 5000 տոլար նուիրատուութիւն: Այսուամենայնիւ, ան պէտք է բացայայտէ բոլոր նուիրատուներուն անուններն ու հասցէները:
Ըստ New York Post-ի՝ «Դաշնակցային իշխանութիւնները կը հետախուզեն, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կամ Թուրքիոյ քաղաքացիները անօրինական կերպով նուիրատուութիւններ կատարա՞ծ են Էտըմզի քարոզարշաւին՝ օգտագործելով «կեղծ նուիրատուներ»-ու ծրագիր մը, ուր պաշտօնական գրառումներու մէջ թուարկուած նուիրատուները ֆինանսաւորման իրական աղբիւրը չեն, եւ թէ՞ Էտըմզ ծառայութիւն կատարած է ծառայութեան
դիմաց»:
Բազմաթիւ աղբիւրներ ըսած են New York Post-ին՝ «Էտըմզի վարչակազմի աշխատակիցը, որ, ինչպէս կ’ենթադրուի, «ոչ պատշաճ կերպով վարուած է» իր քարոզարշաւի դրամահաւաքին վերաբերեալ դաշնակցային փտախտի հետազօտութեան ընթացքին, աշխատած է քաղաքի Միջազգային յարաբերութիւններու գրասենեակը, նախքան  անակնկալօրէն ժամանակաւոր հեռացումը»: Տեղեկութիւնը հաստատած են քաղաքապետարանէն։
Այդ անձնաւորութիւնը Ռանա Ապասովան է, որ քաղաքապետի արարողակարգի տնօրէնն էր: Ծագումով ատրպէյճանցի պաշտօնեան կատարած է քաղաքապետի ձեռնարկներուն նախնական ծրագրաւորումն ու արհեստագիտական ապահովումը եւ ճամբորդած անոր հետ: Տարեկան աշխատավարձքը 80 հազար 651 տոլար է։ New York Post-ին յայտնած են, որ ան ստած է դաշնակցային քննիչներուն:
Ապասովա նախապէս աշխատած է իբրեւ համայնքի համակարգող եւ Էտըմզի խորհրդական, երբ վերջինս Պրուքլինի շրջանի ղեկավարն էր: Անոր կենսագրութեան մէջ կ’ըսուի. «Պատասխանատու էր միջազգային յարաբերութիւններու եւ շրջանի ղեկավարի ու շահագրգիռ կողմերու միջեւ յարաբերութիւններու պահպանման համար, ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու, մահմետական եւ ռուսալեզու համայնքներու եւ ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու: Ան նաեւ աշխատած է դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու հետ՝ երկիրներու եւ Պրուքլինի շրջանի ղեկավարի գրասենեակի միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու համար՝ օգնելու յաղթահարել լեզուական խոչընդոտները եւ մշակութային տարբերութիւնները: Նաեւ կազմակերպած է «Թրքական ժառանգութեան» ձեռնարկները եւ աջակցած քոյր քաղաքներու համաձայնագիրներուն: Ապասովա նաեւ  Էտըմզի One Brooklyn Fund ընկերութեան վարչական օգնականն էր, երբ ան դեռ շրջանի ղեկավար էր»:
The City լրատուական կայքը յայտնած է, որ 2017 թուականի Ապրիլին Ապասովա կազմակերպած է հանդիպում շրջանի ղեկավար Էտըմզի եւ «Թիւրքեն» հիմնադրամի, զոր յառաջացուցած է նախագահ Էրտողանի զաւակը՝ Պիլալ: «Թիւրքեն»-ի խորհուրդի անդամներէն երեքը ընդհանուր առմամբ 6000 տոլար ներդրած են քաղաքապետի քարոզարշաւին: Անոր ժամանակացոյցը կը նշէ, որ մասնակցած է «Թիւրքեն»-ի չորս ձեռնարկներուն։ «Թիւրքեն» Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ։
Ապասովա Էտըմզի համար կազմակերպած է առնուազն երեք «հանդիպումներ եւ ձեռնարկներ՝ կապուած Թուրքիոյ հետ, երբ ան շրջանի ղեկավար էր՝ անոր ժամանակացոյցի քննութեան համաձայն: Անոնցմէ էր՝ 2015-ին Պրուքլինի մէջ թրքական ճաշարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, զոր  ան նշած էր իբրեւ «կարեւոր»»:
POLITICO կը հաղորդէ, որ իբրեւ Պրուքլին շրջանի ղեկավար՝ Էտըմզ «ութ տարուան ընթացքին մասնակցած է Թուրքիոյ նուիրուած մօտաւորապէս 80 ձեռնարկներու, որոնց շարքին՝  2015-ին՝ դրօշի բարձրացման արարողութիւնը, 2018-ին՝ բարեգործական պարահանդէսը եւ 2020-ին՝ Թուրքիոյ հիւպատոսի հետ Zoom հանդիպումը»։
Էտըմզի հրապարակային հազարաւոր ժամանակացոյցերը եւ ընկերային ցանցերու բազմաթիւ գրառումները ուսումնասիրելէ ետք, POLITICO բացայայտած է անոր «անսովոր սերտ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, ինչ որ արժանացած է դաշնակցային քննիչներու ուշադրութեան»: 2019-ին, երբ Էտըմզ «կը սկսէր պայքարը Նիւ Եորքի քաղաքապետի պաշտօնին համար, ան միացած է Մարթա Սթիուըրթի՝ «Թրքական օդանաւային թռիչքներ»-ու (Turkish Airlines) կալա տօնակատարութեան ժամանակ, ընկերութիւն մը, որ այժմ ներգրաւուած է Էտըմզի նախընտրական քարոզարշաւի ֆինանսներու մասին FBI-ի ընթացիկ հետազօտութեան մէջ: Ձեռնարկի ընթացքին Էտըմզ լուսանկարուած է ընկերութեան երկու պաշտօնեաներու ձեռքերը բռնած կարկանդակի վրայ. քաղաքապետի մրցավազքին մէջ յաղթելէ ետք ան այդ պաշտօնեաներէն մէկը՝ Չենկ Օճալին, նշանակեց իր անցումային խումբին մէջ»: CNN ըսած է, որ 2 Նոյեմբերին «Թրքական օդանաւային թռիչքներ»-ու  ղեկավարին տունը եղած է շարքին մէջ այն վայրերուն, որոնք խուզարկուած են FBI-ի կողմէ:
POLITICO-ի վերլուծումը Էտըմզի՝ Պրուքլինի շրջանի ժամանակացոյցի մասին, կատարած է երեք մատնանշում թրքական օդանաւային ընկերութիւններու. օդանաւային փոխադրումի  համար նախատեսուած երկու խնճոյքներ՝ 2019 եւ 2020 թուականներուն, եւ 2 Հոկտեմբեր 2015-ի  գաղտնի  գրառումը, ուր պարզապէս գրուած էր. «վերադասաւորել կ. ե. ժամը չորսին, Թրքական օդանաւային ընկերութիւն. Ռանա (Ապասովա), իմ նուէրները»։
Էտըմզ ճնշում գործադրած է այն ժամանակ Նիւ Եորքի հրդեհային ծառայութեան յանձնակատար Դանիէլ Նիկրոյի վրայ, որպէսզի ան, հակառակ ապահովութեան մտահոգութիւններուն, թոյլատրէ բարձրայարկ շէնքի բացումը, ուր կը գտնուէր թրքական հիւպատոսութիւնը՝ նոյնինքն նախագահ Էրտողանի ժամանման առիթով: Նիկրօ ստացած է դատարանի ծանուցագիրը եւ խօսած՝ FBI-ի գործակալներու հետ:
Անցեալ տարի քաղաքապետ դառնալէ ետք Էտըմզ առցանց ելոյթ ունեցած է Սթամպուլի մէջ անշարժ գոյքի համաժողովին, որուն մասնակցած են քաղաքի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Սակայն քաղաքապետի մասնակցութիւնը դուրս մնացած է իր ամէնօրեայ հանրային ժամանակացոյցէն եւ չէր զեկուցուած։
Բացի այն տունէն, ուր քաղաքապետի քարոզարշաւին համար դրամահաւաք կազմակերպուած էր, FBI խուզարկութիւններ կամ հարցազրոյցներ ունեցած է տասնեակ վայրերու մէջ՝ իբրեւ թրքական աղբիւրներէ քարոզարշաւի նուիրատուութիւններու հետաքննութեան մաս, կը հաղորդէ CNN:
2022-ին, «Էտըմզ երկու ուղեւորութիւն կատարած է դէպի Թուրքիա. Մէկը՝ Օգոստոսին, ֆինանսաւորուած՝ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողմէ, անոնց շարքին՝ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը, համաձայն POLITICO-ի ձեռք բերած ֆինանսական բացայայտման: Տեղական THE CITY լրատուականը վերջերս ըսած է, որ «Թրքական օդանաւային թռիչքները» նոյնպէս մասնակցութիւն ունեցած է այդ ճամբորդութեան, սակայն այդ չէ նշուած պահանջուող տարեկան բացայայտման մէջ: Չորս ամիս անց, ըստ ֆինանսական բացայայտման, կազմակերպութիւն մը, որ կը կոչուի Զբօսաշրջութեան երիտասարդ առաջնորդներու ընկերակցութիւն, ֆինանսաւորած է Էտըմզի եւս մէկ ուղեւորութիւնը դէպի Թուրքիա: Այս ճամբորդութիւնները քաղաքապետին կողմէ կատարուած կէս տասնեակ ճամբորդութիւններու մէկ մասն էին, որ, ըստ քաղաքապետին, կատարած է դէպի այդ երկիրը, ներառեալ 2017-ի այցելութիւնը իր զաւկին՝ Ճորտընի հետ», ըստ POLITICO-ի:
Ըստ թրքական «Սապահ» թերթի՝ Պրուքլինի շրջանի ղեկավարի պաշտօնով Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Էտըմզ ըսած է, որ հետաքրքրուած է Սթամպուլի մէջ տուն գնելու հարցով։ Էտըմզ նաեւ ըսած է, որ այնքան գոհ է «Թրքական օդանաւային թռիչքներէն», որ այդ օդանաւային ընկերութեամբ ան կը թռչի ոչ միայն Թուրքիա, այլեւ աշխարհի այլ մասեր, օրինակ՝ Հնդկաստան։
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան