Զարմանալի բան է յիշողութիւնը, որ տարօրինակ կերպով ինքզինք կը զգացնէ եւ մէջտեղ կ’ելլէ այնպիսի ճամբաներէ, որոնց գոյութեան չենք կասկածիր իսկ:
Արամ Խաչատրեանի թանգարանն եմ. աչքիս կը զարնէ փոքրիկ քանդակ մը, իր պատուանդանին վրայ. գեղեցիկ է, անսովոր, քանի մը «գիծերով» ամբողջացած եւ խորունկ:
Կը գրաւէ զիս անհասկնալի ձեւով. կը մօտենամ, կը կենամ անոր առջեւ, կը դիտեմ … Ի՞նչ կը յիշեմ. կը յիշե՞մ, այդ իսկ յստակ չէ. բայց բան մը այս քանդակին մէջէն կը կապէ զիս իմ անցեալի օրերուս, Քարէն Եփփէ Ճեմարանին …
Երբ շփոթս կը շարունակուի, նոր կը մտածեմ կարդալ քանդակագործին անունը՝ Մկրտիչ Տարագճեան:
Անմիջապէս կը պատկերանայ աչքիս բարձր դասարանի այդ լուռ եւ ծանրախոհ աշակերտը, որ իր շուքը կը պարտադրէր բոլորին, առանց ճիգի, պարզապէս ինքզինք ըլլալով:
Այո՛, շատ լաւ կը յիշեմ, երբ պաքալորիայի արդիւնքները ելան, բոլորս շշմեր էինք իր ապահոված գումարով.
– Որոշեր է բժիշկ ըլլալ …
Եւ անշուշտ եղա՛ւ:
Գիտէի՞ որ իր լուռ տիեզերքին մէջ այդքա՜ն արուեստագէտ է այդ աշակերտը. նոյնիսկ չեմ գիտեր, թէ արդեօ՞ք մեր դպրոցական ցուցահանդէսներուն իր գործերը կը ցուցադրուէին: Չեմ յիշեր, բայց զգացողութիւնը այս առաջին քանդակէն, շատ զօրեղ է:
Իր այս քանդակը – յետոյ մնացեալներն ալ նոյն տպաւորութիւնը պիտի ձգէին վրաս – ծանօթ եւ մտերիմ էր ինծի: Առեղծուած մը, որ շատ չհասկցայ, բայց ատիկա արգելք չեղաւ որ վայելեմ քանդակը, յետոյ մնացեալները, փնտռեմ        արուեստագէտ բժիշկին գործերը եւ փորձեմ հասկնալ անոնց խորքը:
Տարագճեանի քանդակները, պարապութիւններու օգտագործումով, կը յիշեցնեն երաժշտութեան մէջ լռութեան
պահերու օգտագործումը. այս երկուքը՝ պարապութիւնն ու լռութիւնը, ներկայացուած գործը՝ քանդակ թէ երաժշտութիւն, կը դարձնեն աւելի ցայտուն, ըսելիքը կը դարձնեն աւելի լսելի:
Քանդակները նաեւ հանգիտութիւններ ունին երաժշտութեան հետ, որուն ձայները միջոցին մէջ կը թեւածեն. Տարագճեանի քանդակները եւս թանձրութիւն չունին, այլ կը թեւածեն միջոցին մէջ, հաստատօրէն նստած ըլլալով իրենց պատուանդաններուն վրայ: Ասիկա ըսուած չէ անշուշտ դիմաքանդակներուն եւ կիսանդրիներուն համար:
Մարդկային կեանքին ամէնէն խորքային հարցերն ու ցաւերը իրենց արտայայտութիւնը գտած են Տարագճեանի քանդակներուն մէջ. նուազագոյնով առաւելագոյնը ըսելու – ճիշդ արուեստագէտին խառնուածքին նման սակաւախօս – գաղտնիքը գեղեցկօրէն բացայայտուած կը գտնենք այդ գործերուն մէջ:
Տարագճեանի գործերը գլխաւոր երկու առանցք ունին՝ կիսանդրիներն ու մնացեալը: Կիսանդրիները ընդհանրապէս նշանաւոր հայ դէմքեր կը ներկայացնեն, ինչպէս Ազնաւուր, Ա. Խաչատրեան, Ալան Յովհաննէս (երգահան), Արմէն Գարօ, Արշիլ Կորքի, Արամ Մանուկեան, Ուիլիըմ Սարոյեան, Կոմիտաս, Եուսէֆ Քարշ, Պարոյր Սեւակ, Եղիշէ Չարենց, Յակոբ Օշական, Սայաթ Նովա, Դանիէլ Վարուժան, Հրանդ Տինք եւ այլ հայ թէ օտար դէմքեր:
Մնացեալը շեշտուածօրէն գեղագիտական գործեր են, որոնց հիմքը մարդկային ցաւն է, այս պատճառով ալ անոնք կը «խօսին» թէ՛ հայ, թէ՛ օտար ակնդիրին: Այդ գործերը կը կրեն զիրենք բացայայտող անուններ, ինչպէս Առաջնորդը, Սեւեռել Հորիզոնը, Ընթերցողը, Ձգողութեան Ասպարէզ Կարդալ, Ազատութիւն, Սպասելով Մուսային, Աղէտ, Սոնաթա, Կախարդական Սրինգ, Առկախում, Թակարդում, Արդարութեան Պահանջ եւ այլն:
Քանդակներուն միջոցը ընդհանրապէս պրոնզ է (95% պղինձ եւ 5% անագ), երբեմն նաեւ աւելի այժմէական նիւթերու օգտագործումով:
Տարագճեանի գործերը տարածուած են Ամերիկա, Քանատա եւ Հայաստան, յաճախ հանրային վայրերու մէջ զետեղուած:
«Արուեստի գործի մը գլխաւոր նպատակն է յուզել միտքը եւ շարժել հոգին» ըսուած է:
Տարագճեանի քանդակները այս երկուքն ալ կ’ընեն՝ կը շարժեն հոգին եւ կը յուզեն միտքը, ստիպելով որ անոնց գեղագիտութեամբ չգոհանայ ընթերցողը, այլ այս քանդակներուն միջոցով մտնէ ինքն ի՛ր էութեան խորքը եւ հոն փնտռէ ներկայացուած հարցադրումներուն պատասխանները:
Տարագճեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, որոնցմէ կրնանք յիշել Նախագահական շքանշան, Հայաստան 2018-ին, Նարեկացի շքանշան, Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւն 2015-ին եւ այլն:
Հանդիպումի փախցուած առիթի մը փոխարէն, հեռակայ զրոյցով կը կապուինք յարգելի բժիշկին եւ սիրելի արուեստագէտին հետ:
1. Ժամանակի առումով՝ ինչպէ՞ս կը ներդաշնակուին արուեստագէտն ու բժիշկը:
Թէեւ շատ փոքր տարիքէս արուեստի հանդէպ հետաքրքրութիւն ունէի, բայց երկրորդականի աւարտին գիտական մասնագիտութեան հետեւիլ որոշեցի։ Ուսումնական տարիները եւ անոր հետեւած ինքնահաստատման շրջանը,  նկատի առնելով նոր երկրի մը ասպարէզը ծայրէն սկսելու պարտաւորութիւնը,  թույլ չտուին  արուեստով զբաղելու։
Շուրջ 25 տարի առաջ որոշեցի կանոնաւորապէս ազատ ժամեր գտնել ստեղծագործելու։ Նախ՝ նկարչութեան եւ ապա քանդակագործութեան։
Վերջին տարիներուն շաբթուան 4 օրերը բժշկութիւն կ’ընեմ, իսկ մնացեալը, ներառեալ շաբաթավերջը, արուեստի կը նուիրեմ։ Եթէ ձեռքով չեմ աշխատիր՝ մտքով նոր լուծումներ կ’որոնեմ։
2. Տեղի առումով՝ անշուշտ որ արուեստանոց մը ունիք, տա՞ն մէջ, թէ այլ վայրի մը մէջ: Այս հարցումս, կը հասկնաք, կը կապուի երկու մասնագիտութիւններու միահիւսումին, եթէ մօտ չըլլան, ինչպէ՞ս հիւսուին:
Արուեստանոցս տանս մէջ է եւ կ’արտօնէ աշխատիլ ըստ քմայքիս եւ ներշնչումիս։
Բժշկական ծառայութիւնը անշուշտ կը մատուցուի մեր քլինիքէն ներս, զոր կը բաժնեմ տիկնոջս Սալբիին  (Յակոբեան) հետ։
3. Ինչպէ՞ս գտաք ձեր ոճը, որ իրապէ՛ս խիստ ինքնուրոյն է:
Տրուած ըլլալով որ արուեստի մասնագիտական ուսում չեմ ստացած, կը ստեղծագործեմ հետեւելով ներքուստ բխած ուղղութեան։
Նախքան համացանցի ընդհանրացումը, լաւագոյն թանգարանները այցելած եւ արուեստի գործերը տեսած եմ։ Այսօր արդէն այդ բոլորը համացանցով հասանելի են։ Զանոնք ուսումնասիրելով, անոնց թողած տպաւորութիւնը միախառնուելով, ծնունդ կու տայ ուրոյն ոճի մը։
4. Ազդեցութիւններ կրա՞ծ էք որպէս քանդակագործ. որմէ՞:
Համբաւաւոր քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեան իմ շատ լաւ բարեկամն էր։ Ան յաճախ ցուցմունքներ կու տար, յատկապէս թեքնիք տեսակէտէ։ Ի վերջոյ պրոնզիա քանդակներ պատրաստելը շատ բարդ եւ երկարատեւ գործընթաց մըն է։ Այսուհանդերձ իմ եւ անոր ոճը բոլորովին տարբեր են։
5. Յաճախած էք Հալէպի Սարեան Ակադեմիան, հոն նախ կը գծէի՞ք, թէ ուղղակի քանդակով սկսաք: Ո՞վ էր քանդակի ձեր ուսուցիչը: Ի՞նչ յուշեր կը պահէք Հալէպի Սարեան Ակադեմիայէն:
Պէտք է խոստովանիմ որ Սարեան Ակադեմիայի անունը սկսած էի նշել սկզբնական շրջանին, որպէսզի մարդիկ աւելի լուրջի առնեն արուեստս։ Խորքին մէջ ես ինքնուս քանդակագործ մըն եմ։ Ճշդենք որ ինքնուսը անուսի համազօր չէ։
Սարեան Ակադեմիա յաճախած եմ շատ կարճ ժամանակ մը՝ Զարեհ Գափլանի եւ Արսինէ Զօրեանի օրերուն։
Որպէս փոքրիկ տղայ իրենց ուշադրութեան կ’արժանանայի եւ այդքան միայն։
Գրչաձեւ ածուխի շերտով խաւաքարտին վրայ կ’ընդօրինակէի դիմացս դրուած գաճէ արձան մը, կլկլակ մը կամ զոյգ մը գիւղական տրեխներ։ Սխալ գիծերը սրբելու համար կը գործածէինք հացի (սոմունի) միջուկը։ Ամէն շաբաթ զիս դասի տանող, ինձմէ տարեց զարմիկիս՝ Գէորգին հետ, պէտք էր կանգ առնէինք Պապ ալ-Ֆարաճի հայ փռապանին մօտ՝ գնելու համար թարմ, փոքրիկ պակէթ, որուն բոյրը անդիմադրելի էր. դասը չաւարտած արդէն զայն խած-խած կերած կ’ըլլայի։
6. Ձեր արուեստին մասին եղած գրութիւններէն մէկուն մէջ ըսուած է. «Մարմինները կը կրեն … չզարդարուած գեղեցկութիւն, որ կը սնանի էրոսի եւ վախի մէջ»: Թերեւս վախը հասկնալի է, որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն բոլորս ալ այս կամ այն չափով վախի մէջ կ’ապրինք. բայց ի՞նչ կ’ըսէք էրոսի մասին, դուք դրա՞ծ էք ատիկա ձեր քանդակներուն մէջ:
Կիրքը եւ վախը բնազդային են եւ միշտ մաս կազմած են մարդ արարածի էութեան։ Երկուքն ալ մարդկութեան գոյատեւման եւ վերարտադրման գրաւականներ են, ուստի շատ բնական է որ անոնք արտացոլուին արուեստի մէջ։
7. Դուք ձեզ սիրո՞ղ, թէ՞ մասնագէտ քանդակագործ կը համարէք: Ինչո՞ւ:
Յաճախ կը նշուի թէ արհեստավարժ (professional) արուեստագետը այն է, որ արուեստով իր ապրուստը կ’ապահովէ։ Այդ տրամաբանութեամբ՝ Վերնիսաժի նման կրպակներուն մէջ իրենց գործերը վաճառողները արուեստավա՞րժ են։
Իմ պարագաս այդ չէ։ Գործերս յաճախ կը վաճառեմ, բայց հաստատութիւններու, թանգարաններու եւ հանրային վայրերու գործերուն համար գումար չեմ գանձեր։ Հայաստանի մէջ 12 թանգարաններու եւ հաստատութիւններու մէջ տեղադրուած գործերս նուիրուած են։ Քանատայի մէջ արդէն 4-րդ յուշարձանս պատրաստ է Օթթաուայի մէջ Մայիս ամսուն տեղադրուելու համար։ Կ’ենթադրեմ որ արուեստս սիրողական կարելի չէ անուանել։
8- Վերջերս այցելեցիք Եգիպտոս, ուր հնագիտական կոթողները մեծամասնութեամբ արձաններ են, մանաւանդ Լուքսոր-Ասուանի շրջանը:  Ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը եւ տարածքը կրցա՞ւ ներշնչել ձեզ:
Եգիպտոս այցելութիւնս միայն զբօսաշրջութիւն չէր, այլ հազարամեակներու վաղեմութիւն ունեցող մշակոյթը ուսումնասիրել էր։
Հակառակ որ միշտ պատկերները տեսած ենք, բայց կը շշմիս երբ դէմ յանդիման կը գտնուիս այդ կոթողային ճարտարապետութեան եւ քանդակագործութեան։ Թանգարանին մէջի դիմաքանդակները հազարամեակներու խորքէն նայելով կարծես քեզի բան մը ըսել կ’ուզեն։
Փառաւոններու խորափոր գերեզմաններու սրահներուն որմնանկարները տակաւին կը պահեն իրենց խայտաբղէտ գոյները։ Զարմանալին այն է, որ անոնք ստեղծուած են առյաւէտ թաքուն եւ անտեսանելի մնալու համար, առ ի յաւերժացում հանգուցեալի հոգիին։ Այսօր անոնք լոյս աշխարհ բերուելով, փառաւոններուն անմահանալու տենչը իրականացած կ’ըլլայ, հոգ չէ թէ իրենց երեւակայածէն տարբեր ձեւով։
Մարուշ Երամեան