Սիրելի՛ ընկերուհի Վերժին,
Ընտանեկան պարագաներուդ հետ սուգի մատնեցիր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մարմինները ու նաեւ ՍՕ Խաչի ընտանիքը, որովհետեւ երիտասարդ տարիքէդ ամբողջ էութեամբդ եղար հաւատաւոր միութենական մը, հաւատարիմ պատկանելիութեանդ, սկզբունքներուդ եւ հայրենակցական ժառանգութեան արմատներուդ:
Կեանքով լեցուն ընկերուհի՛, անխորտակելի կը թուէիր բոլորիս ու յանկարծ մարեցար ու վերջնականապէս փակեցիր աչքերդ:
Գլխաւոր բաղձանքդ ու տեսլականդ էր Յակոբեան ընտանիքին միասնական դիմագիծի պահպանումը: Անխոնջ եւ համակ նուիրումով հօրաքոյր էիր, նաեւ անգին մայր եղբօրդ զաւակներուն, որոնք առած էիր հովանիիդ տակ:
Մահուանդ գոյժը նոր ստացած, յիշողութեանս մէջ գացի դէպի 1982-83 թուականներ, երբ առաջին անգամ քեզ տեսանք Ազգ. Պատսպարանի բակին մէջ՝ երիտասարդ, սիրուն, շէկ օրիորդ մը, որ եկած էր Պատսպարանի փոքրիկները զբաղեցնելու եւ անոնց հոգ տանելու: Քիչ մը զարմանքով, քիչ մըն ալ հետաքրքրութեամբ ծանօթացանք, առանց գիտնալու որ երկար տարիներ արժանի պիտի ըլլայիր խաչուհիներուն մտերմութիւնը վայելելու ու շատ-շատերու ուշադրութեան արժանանալու:
Այսօր, նոր սերունդը տեղեակ չէ սուրիահայ մեր միութենական կեանքի հոլովոյթներուն, քանի որ հետամուտ չենք եղած մեր ընկերային եւ յարաբերական արժէքները լոյսի բերելու, տարուած գործունէութիւնը գնահատելու, ծառայողներուն յիշատակը յարգելու եւ զանոնք արժեւորելու:
Սուրիահայ տարեգրութեան մէջ անպայմանօրէն պիտի արձանագրուի Յակոբեան ընտանիքին անունը, որուն իւրաքանչիւր անդամը ներկայութիւն էր եւ է՛ մեր ազգային ու միութենական մարմիններուն մէջ:
Ընկհ. Վերժին Յակոբեան մասնակցութիւն բերած է ՍՕ Խաչի կազմակերպչական եւ ժողովական կառոյցին: Անդամակցելով ՍՕ Խաչի «Անի» մասնաճիւղին, ընդմիջաբար մաս կազմած է Ազգ. Պատսպարանի եւ Խնամատարական յանձնախումբերուն, միշտ ըլլալով համով ներկայութիւն մը եւ փնտռուած ընկերուհի մը: Մեծ ներդրում ունեցած էր ընկերաբժշկական կեդրոնի կառուցման մէջ՝ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ:
Մեծահոգի էր ու մեծ բարերար: Առանց յոխորտանքի, աւելորդ հպարտութեան, առանց ցուցական ինքնասիրութեան, լուռ կը գործէր: Միջոցները տարբերութիւն չէին ըներ իրեն համար ու հայկական խոհանոց, հայկական տօներ ու տոհմիկ ճաշեր հաճոյք էին պարզապէս: Կարեւորը՝ իրենց տան սեղանը միշտ բաց էր բոլորին համար, յատկապէս՝ վեհափառ հայրապետներու, սրբազան հայրերու, կղերներու, հայրենի մտաւորականներու կամ հիւպատոսներու՝ միշտ գերակշիռ պահելով ազգային ու նահապետական արժէքները:
Վերժինը պահեց նահապետական ընտանիքի մը աւանդական արժէքները եւ այդ սէրը կրցաւ փոխանցել իր ընտանիքի անդամներուն, որոնց իւրաքանչիւրը շօշափելի ներդրում բերաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին ու ազգին: Առանց Յակոբեան ընտանիքի զոհաբերումի ոգիին եւ իշխանական նուիրատուութիւններուն կարգ մը կառոյցներ չէին հասներ իրենց վերելքին:
ՍՕ Խաչի արտադրած ձեռագործները կամ ցուցահանդէսներու աւարտին չսպառած կարկանդակներն ու սենեկային բոյսերը սպառելու համար խանդավառութեամբ, առանց տատամսելու կը դիմէինք Յակոբեան, Չամիչեան, Մահսերէճեան կամ Քէյվանեան ընտանիքներուն ու անսահման ուրախութեամբ մեր ստացած նուիրատուութիւնները կը յանձնէինք պատասխանատուներուն, մեր հոգիներուն մէջ ունենալով իրենց քաջալերանքի խօսքերը: Ինչպէ՞ս չխանդավառուէինք, երբ այդ գումարներով ընկերաբժշկական շէնքը իր աւարտին պիտի հասցնէինք եւ կամ պաշտօնութեան աշխատավարձերը ապահովէինք:
Ընկերուհի Վերժինը միշտ հաւատարիմ մնաց իր եղբօր նուիրաբերողի գիծին ու նիւթական հարստութիւնը հոգեկան արժէքի վերածեց:
Սիրելի՛ ընկերուհի, մեր եւ շատ-շատերու փնտռուած բարեկամուհին էիր: Անակնկալ մահովդ սուգի մէջ թողուցիր հարազատներդ, շրջապատդ, միութենական ընկերուհիներդ եւ բարեկամներդ. սակայն վստահ եղիր, քու բարի յիշատակդ մեր մէջ պիտի ապրի, որովհետեւ անցած ճանապարհդ լեցուն է բարի արարքներով:
Այսօր կը խոնարհինք խնկելի յիշատակիդ առջեւ եւ բարձր կը գնահատենք քու բոլոր ներդրումներդ, յատկապէս՝ ՍՕ Խաչ-Ազգ. Պատսպարանէն ներս, ինչ որ մատուցեցիր անշահախնդրօրէն:
Հանգչէ՛ խաղաղ ու ապրէ՛ լոյսերու մէջ:
Յանուն ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան
Հռիփ Կանանեան