«Էրմէնի հապէր»-ի համաձայն, «Human rights watch» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժինի տնօրէն Հիու Ուիլիըմսընի  «Church Times»-ի յօդուածը։
Կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ 28 Սեպտեմբերին Գերագոյն դատարանի կողմէ հաստատուած Օսման Քաւալայի անօրինականօրէն խստացուած  ցմահ ազատազրկման մասին «երկրի նախագահը՝ «Էրտողանը» նախապէս յայտարարած էր իր շարք մը ելոյթներուն ընթացքին»։
Յօդուածին մէջ Ուիլիըմսըն կը նշէ, որ որոշումը սարսափելի ցուցանիշ է այն միապետական ճանապարհին, որով Թուրքիան անցած է Էրտողանի ղեկավարութեան ընթացքին։ Անոր համաձայն, ասիկա ցոյց կուտայ, որ դաւադրութեան վայրի տեսութիւնները եւ ցուցադրական դատավարութիւններու ընթացքին մարդիկ մեղադրելու ցանկութիւնը դարձած են հսկողութեան տակ պահելու միջոց բոլոր անոնց, որոնք հակուած են կասկածի տակ դնելու Թուրքիոյ հեղինակութիւնը։
Ուիլըմսըն կը քննարկէ նաեւ գործի միջազգային հետեւանքները՝ գտնելով, որ այն ցոյց կու տայ, որ  «Թուրքիա հակուած է ճեղքելու սահմանները» եւ կը հեռանայ «ըլլալէ գործընկեր, որ կը յարգէ օրէնքի գերակայութիւնը եւ ընդհանուր հիմնական արժէքային համակարգերը, որպէսզի երաշխաւորէ, որ իր Եւրոպացի եւ ԱՄՆ դաշնակիցները կը վստահին Թուրքիոյ». Այս պարագային,  Անգարայի դրսեւորած  շահն ու անհնազանդութիւնը միջազգային կարեւոր հարցերու նկատմամբ անկանխատեսելիութեան դիրքորոշում ընտրելու ընդհանուր միտումի մէկ մասն են:
Անդրադառնալով գործի անօրինականութեան եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին, որ կալանաւորումը «քաղաքական դրդապատճառներ ունի», Ուիլիըմսըն ըսած է, որ Եւրախորհուրդը ազատ չէ արձակած Քաւալան, հակառակ անոր որ ան արդէն սկսած էր գործել «խախտման ընթացակարգը» եւ ի վերջոյ, դատավճիռները չեղարկուած են եւ այդ  մէկը կը քննարկուի, որպէս Քաւալայի ազատ արձակման ձախողման եւ վերջնական դատապարտման եւրոպական կառոյցներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու «խափանման» շրջագիծին մէջ:
Անոր համաձայն, մինչդեռ Էրտողան լիովին կ’անտեսէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի պարտադիր որոշումները, խախտման ընթացակարգը կ’ընթանայ շատ դանդաղ (սառոյցի նման), ինչ որ կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ անհնազանդ պահուածքը դեռ չէ յանգեցուցած իսկական հետեւանքներու, ինչպիսիք են պատժամիջոցները,  Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ձայներու կորուստը եւ դաշինքէն դուրս մնալը։
Ուլիըմսընի կարծիքով, Թուրքիոյ ընդհանուր ռազմավարութիւնը հիմնուած է զիջումներ ձեռք բերելու վրայ։ Կը նշուի նաեւ, որ (Անգարան) խաբանարարութեան ենթարկած է Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱՏՕ-ին արագացուած անդամակցութեան գործընթացը Ռուսիոյ՝ Ուքրանիա մտնելէն վերջ, նախ դադրեցնելով գործընթացը երկու երկիրներուն համար, ապա մերժելով Շուէտի անդամակցութիւնը, պնդած է, որ  Շուէտի անդամակցութեան հաստատումը տեղի կ’ունենայ այն պայմանով, որ Թուրքիան խստօրէն ճնշէ որոշ քիւրտեր, որոնց կը համարէ ահաբեկիչներ, եւ անոնք, որոնք կ’աջակցին Ֆեթհալլա Կիւլէնին։