Անցեալ շաբաթ Alpha News հեռատեսիլային ընկերութիւնը ինձմէ խընդրեց մեկնաբանել ԱՄՆ Ծերակոյտի միաձայն որոշումը (100 կողմ, 0 դէմ  ձայներու յարաբերակցութեամբ), որ երկու տարիով պիտի կասեցնէ նախագահ Ճօ Պայտընի իրաւասութիւնը՝ շրջանցելու համար Միացեալ Նահանգներու ազատութեան աջակցութեան աքթի 907-րդ յօդուածը, որ կ’արգիլէ օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանի։ Եթէ Ներկայացուցիչներու Պալատը նոյնպէս հաւանութիւն տայ այս օրինագիծին, ապա անիկա կ’ուղարկուի նախագահին՝ ստորագրելու համար, որմէ ետք օրէնքի ուժ կը ստանայ: 1992-էն ի վեր, ԱՄՆ բոլոր նախագահները, ներառեալ նախագահ Պայտըն՝ իր պաշտօնավարման վերջին երկու տարիներուն, շրջանցած են 907-րդ յօդուածը՝ այսպիսով տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու օգնութիւն տրամադրելով Ատրպէյճանի։
Ծերակոյտի որոշումը զայրացուցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ զայն որակած է հարուած՝ ուղղուած հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ ջնջած է իր մասնակցութիւնը՝ 20 Նոյեմբերին նախատեսուած Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ։
Alpha News-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, ես յայտարարեցի, որ ոչ մէկ ամերիկացի Ծերակոյտ դէմ եղած է հակաատրպէյճանական օրինագիծին, թէեւ Ատրպէյճան վարձած է լոպիիստական բազմաթիւ մեծ ընկերութիւններ՝ Ուաշինկթընի մէջ իր շահերը պաշտպանելու համար: Ասիկա կը նշանակէ, որ  վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին Ատրպէյճան վատնած է տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ՝ վճարելով լոպիիստական այդ անօգուտ ընկերութիւններուն։ Աւելցնեմ, որ այս լոպիիստական ընկերութիւններու աշխատանքը վերահսկելու անմիջական պատասխանատուն Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմն է։ Հետեւաբար, որեւէ կառավարութիւն, որ կ’իմանայ նման հսկայական գումարներու վատնումի մասին, անմիջապէս ազատ կ’արձակէ իր դեսպանը։ Եթե նախագահ Ալիեւ ազատ չարձակէ դեսպան Իպրահիմը, ուրեմն ան նոյնքան պատասխանատու կը համարուի լոպիիստական անօգուտ ընկերութիւններու վրայ միլիոնաւոր տոլարներու վատնման համար: Յստակ է, որ անոնք չեն կրցած համոզել 100-ի վրայ գոնէ  մէկ ծերակուտական, որ քուէարկէր յօգուտ Ատրպէյճանի:
Alpha News-ին տուած հարցազրոյցէն քանի մը օր անց, Ատրպէյճանի առաջին անգլիալեզու թերթը՝ AzerNews, հրապարակեց ծաւալուն յօդուած՝ «Կաշառք տալով ծերակուտականներուն, հայկական լոպին վտանգ կը ներկայացնէ Երեւանի ապագային համար» վերնագիրով, յարձակելով անձամբ իմ վրայ՝ այն բանի համար, որ յայտարարած եմ՝ Ատրպէյճանը միլիոնաւոր տոլարներ վատնած է լոպիինկի վրայ։ Ահա թէ ինչպէ՛ս կը վարուին անամօթ մարդիկ, երբ ուրիշները կը մեղադրեն այնպիսի բաներու համար, որոնց գծով իրենք են մեղաւոր:
Ամբողջ աշխարհը տեղեակ է Ատրպէյճանի տխրահռչակ «խաւիարային դիւանագիտութեան» եւ ատրպէյճանական
դրամներու լուացման մասին, որ միլիառաւոր տոլարներով կը կաշառէ քաղաքական գործիչները ամբողջ Եւրոպայի մէջ՝ յօգուտ Ատրպէյճանի քուէներ տալու համար, մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս Ատրպէյճանի կոպիտ խախտումները եւ նախագահական կեղծ ընտրութիւնները արդարացնելու նպատակով:
AzerNews անամօթաբար կը յայտարարէ, որ «արտերկրի մէջ Հայաստանի լոպիիստական կազմակերպութիւնները միլիոններ, թերեւս ալ միլիառներ կը լեցնեն քոնկրէսականներու գրպանները, ուստի, Արեւմուտքէն կը հնչեն անհիմն եւ կողմնակալ կարծիքներ, ընդդէմ Ատրպէյճանի»։
Վերոնշեալ նախադասութեան մէջ կան քանի մը լուրջ սխալներ։ Նախ, Հայաստանի կառավարութիւնը ոչ մէկ ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւն վարձած է, պարզապէս այն պատճառով, որ չունի հսկայական այն նաւթատոլարները, զորս ունի Ատրպէյճան, եւ որ կը վատնէ զանոնք Ուաշինկթընի մէջ լոպիիստական ընկերութիւններու վրայ՝ իր երկրին մէջ իր աղքատ ժողովուրդին հոգ տանելու փոխարէն: Երկրորդ, ամերիկահայ կազմակերպութիւնները միլիոնաւոր, ա՛լ չըսած՝ միլիառաւոր տոլարներ չունին, որ «լեցնեն քոնկրէսականներու գրպանները»։
Ամերիկահայերը պէտք չունին կաշառելու ոեւէ մէկը։ Երբ քու գործդ արդար է, դուն կարիք չունիս ոեւէ մէկը կաշառելու՝ զայն ճշմարտութեան մէջ համոզելու համար: Միայն այն պարագային, երբ դուն զանգուածային յանցագործութիւններ կը կատարես, ինչպէս բազմիցս կ’ընեն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, պէտք է միլիոնաւոր ու միլիառաւոր տոլարներ ծախսես յանցագործութիւններդ ծածկելու համար:
Այնուհետեւ, AzerNews մեղադրած է Ատրպէյճանը՝ ըսելով, որ Պաքուն «ոչ միայն հետաքրքրուած է մասնակցելու գործընկերութեան որոնման այս աճուրդին, զոր Հայաստան շռայլօրէն կ’ընէ հիմա»: Թէեւ այս նախադասութիւնը քերականօրէն սխալ կազմուած է, ատրպէյճանցի գրողը կարծես թէ կ’ընդունի, որ Ատրպէյճան կը ձգտի կաշառել օտարերկրեայ պաշտօնեաները: Ասիկա անօգուտ յայտարարութիւն է, քանի որ Ատրպէյճան տարիներ շարունակ արդէն կը կաշառէ օտարերկրեայ պաշտօնեաներ։
Ատրպէյճան աշխարհի ամէնէն վերջին երկիրն է, որ կրնայ զրպարտել Հայաստանը կամ որեւէ երկիր, քանի որ Պաքուն կը ղեկավարէ բռնապետ մը, որ կը բանտարկէ լրագրողները եւ իրաւապաշտպանները, իսկ անոր զինուորները նողկալի ռազմական յանցագործութիւններ կը կատարեն, ինչպիսիք են բռնաբարութիւնները եւ գլխատումները: Ատրպէյճան ներխուժած է Արցախ եւ ցեղասպանութիւն իրագործած հայ բնակչութեան հանդէպ։ Աւելի՛ն, ատրպէյճանցի զինուոր Ռամիլ Սաֆարով, Հունգարիոյ մէջ, ՆԱԹՕ-ի կազմակերպած ուսումնական սեմինարի մը ընթացքին կացնահարեց քնացած հայ զինուորը՝ գլխատելով զայն։ Ալիեւ կաշառեց Հունգարիոյ կառավարութիւնը՝ զայն բանտէն ազատելու համար, իսկ յետոյ ներում շնորհեց անոր եւ զայն հռչակեց ազգային հերոս։
Ես շնորհակալ եմ AzerNews-ին՝ Կլենտէյլի մէջ (Քալիֆորնիա) իմ տուած հարցազրոյցին Պաքուէն ուշի-ուշով
հետեւելու եւ անհիմն ու կեղծ պատասխաններ գրելուն համար: Յօդուածագիրը՝ AzerNews-ի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Էլնուր Էնվերօղլու, շատ ջանքեր գործադրած է ոչ միայն հեռատեսիլային հարցազրոյցս գտնելու, այլեւ զայն հայերէնէ անգլերէն թարգմանելու համար։

Յարութ Սասունեան

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան