Դժուար օրեր կ’ապրինք: Անակնկալները, որոնք ժամանակին միա՛յն դրական էին, դարձեր են ընդհանրապէս ժխտական եւ մենք, որ շա՜տ կը սիրէինք անակնկալները, սկսեր ենք խուսափիլ անոնցմէ:
Մեծ գիւտ մը ըրած չեմ ըլլար երբ ըսեմ, թէ կեանքը մի՛շտ ալ գեղեցիկ է, որովհետեւ շատ յաճախ մեր սպասածին հակառակը կը ներկայացնէ մեզի:
Այսպէս է որ անակնկալը, գոնէ անգամի մը համար, փոխեց իր հանդերձը եւ դարձաւ խիստ դրական, խոր ուրախութիւն պատճառելով մեզի:
Նոր հրատարակչութեան մը սկիզբը:
Կրնա՞ք պատկերացնել՝ այս օրերուն, երբ աշխարհը տարուեր է ամէն թուայնացուածով, խաղերէն մինչեւ գիրքերը, երբ ԻւՆԷՍՔՕ-ն յայտարարեր է արեւմտահայերէնի հոգեվարքը, մեզի ձգելով անոր հետեւանքին գուշակութիւնը, յանկարծ նոր հրատարակչատուն մը կը սկսի գործել, նուիրուած արեւմտահայերէն գիրքերու:
Աւելի ուրախալին այս հրատարակչութեան շատ մասնագիտական մօտեցումն է գիրքերուն եւ հեղինակներուն, որովհետեւ լաւ ձեւով կը գնահատէ իր հեղինակները:
Որքա՜ն ճիշդ է խօսքը որ կ’ըսէ՝ ամէն մեծ գործի ետեւ կին մը կայ. գիտեմ, գիտեմ, խօսքը սխալ ըսի: Ո՛չ, սխալ չըսի, որովհետեւ ընդունուած է,  որ բոլոր Մեծ գործերը տղամարդիկ ըրած ըլլան … որոնց ետին կին մը կայ մի՛շտ. հետեւաբար, կրճատելով՝ բոլոր մեծ գործերուն ետին կին մը կայ:
Այս հրատարակչատան ետին կը կանգնի կին մը, մայր մը, արուեստագիտուհի մը եւ արեւմտահայերէնի սիրահար հոգի մը՝ Արփի Ճինպաշեան-Գրիգորեան: Արուեստագիտուհի մը, որուն վրձինին կը պատկանին այն բոլոր հայկական իրերը, որոնք տուներէ ներս հայկականութիւն կը մտցնեն եւ ուրախութիւն, իրենց պայծառ կերպարներով:
Անշուշտ իրողական գիրքերուն կողքին, նաեւ առցանց պիտի ըլլայ ամէն բան, ինչպէս կը կարդանք կայքէջին վրայ, ուր կ’ըսուի.
«Հրատարակչութիւնը նուիրուած է նոր ստեղծուող արեւմտահայերէն գիրքերու՝ մանուկներու եւ պատանիներու համար»: Կը ներկայացուի նաեւ նպատակը, միտք բանին, գործելու կերպը.
«Արփի հրատարակչատան նպատակն է.
Ա. Մանուկ եւ պատանի ու երիտասարդ ընթերցողներու համար հրատարակուած արեւմտահայերէն գիրքերու քանակի զգալի աճ։
Բ. Արեւմտահայերէն դասաւանդող ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներու համար դասարանային (օժանդակ) աղբիւրներու ստեղծագործում:
Գ. Հայերէն գրատպութեան նուիրուած հեղինակներու, խմբագիրներու, թարգմանիչներու եւ նկարազարդողներու համար աշխատանքային պատեհութիւններու եւ եկամուտի աղբիւրի ապահովում»։
Հրատարակչատան վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալներէն.
«Արփի Ճինպաշեան-Գրիգորեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնն է այս հրատարակչութեան. Քալիֆորնիաբնակ գեղանկարչուհին իր էութեամբ նուիրուած է հայ մշակոյթի բերկրանքին, գոյնին, ու գեղեցկութեան արտայայտման։
Ճինպաշեան իր հետ ունի նուիրեալ եւ հաւատաւոր գործակիցներու խումբ մը.
Յակոբ Կիւլլիւճեան Հայ լեզուի եւ մշակոյթի Խաչիկեան դասախօսական ամպիոնի վարիչն է, Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, որ մասնագիտացած է տնտեսագիտութեան (MBA) եւ գրականութեան մէջ՝ Նարեկացիի քերթողականին շուրջ դոկտորականով։
Միրնա Տուզճեան. Հայոց լեզուի եւ գրականութեան մնայուն դասախօս, Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղ (U.C. Berkeley), ուր հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ։
Իշխան Ճինպաշեան. վիպագիր եւ գրական թարգմանիչ, հեղինակը «Արխիւ Հասնումի» վէպին եւ «Ձեռքի Խաղ» խորագրով պատմուածքներու հաւաքածոյին։
Դալար Շահինեան. Հայագիտութեան դասախօս, Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղ. ստացած է իր Ph.D.-ն UCLA համալսարանէն, 2008-ին։
Նորայր Տատուրեան. Blair դպրոցի Հայկական Ճեմարանի վարիչ-ուսուցիչ:
Բեկի Ճինպաշեան. Հայերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ, մանկապարտէզէն Բ. կարգ, երեքէն տասը տարեկաններու մանկավարժ։
Արա Մալիքեան. գանձապահ, Allied Public Adjuster ընկերութեան գլխաւոր ելեւմտական տնօրէն»:
Իսկ հրատարակելի գիրքերուն մասին կը կարդանք.
«Մեր գիրքերը ներկայիս նախապատրաստական փուլի մէջ են։ Հոս կրնաք կարդալ հեղինակներու ու նկարազարդողներու մեր անդրանիկ խումբին մասին»։
Արփի Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսնելիք Իշխան Ճինպաշեանին առաջին գիրքը պիտի ըլլայ պատանիներու համար վէպ մը։ Պիտի ընէ պատմութիւնը 17 տարեկան Լոսանճելըսցի տղու մը, որ անհամբեր է դուրս գալու իր համայնքի սահմաններէն՝ աշխարհը փորձընկալելու – եւ թերեւս նոյնիսկ օգնելու փոխել զայն։
Թամար Պօյաճեանի առաջին գիրքը, որ լոյս պիտի տեսնէ Արփի Հրատարակչատունէն, պիտի ըլլայ դիւցազներգական վիպաշարի մը անդրանիկ հատորը։ Պատմութիւնը տեղի կ’ունենայ եօթը թագաւորութիւններէ կազմուած դիցաբանական աշխարհի մը մէջ, ուր որբ աղջիկ մը եւ իր եղբայրը վիրաւոր զինուոր մը Լուսինեանց ամրոցը փոխադրելէ ետք, կ’ընդունին մարտահրաւէր մը՝ վիշապի մը մօտ պահուած ուժի առարկայ մը ձեռք անցընելու։
Դոկտ. Թամար Մ. Պօյաճեան հեղինակ, թարգմանիչ եւ խմբագիր է։ Ան կը դասաւանդէ ու կը գրէ նախարդի միջերկրականեան աշխարհին մասին, վտանգուած լեզուներու եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի գրական կիրարկման, պահպանման եւ թարգմանութեան մասին, ինչպէս նաեւ հայ գրական պատմութեան մէջ կին գրողներու դերին մասին։
Պօյաճեան գլխաւոր խմբագիրն է Journal of the Society for Armenian Studies հանդէսին։
Յաջորդ գիրքը պիտի ըլլայ Աւետիս Հաճեանի վէպը երեք գերիներու մասին, որոնք կը յայտնուին Վենետիկի Արսէնալէին՝ քաղաքին պատմական նաւարանը, միջնադարեան նաւու մը մէջ։ Իրենց խօսած անհասկնալի լեզուն եւ Կաթողիկոսէն խորհրդաւոր նամակ մը, որ կը կրեն եւ պէտք է յանձնեն Պապին, ոստիկանութեան եւ մասնագէտներուն կը զարմացնեն։ Կը դիմեն Սուրբ Ղազարի Հայոց կղզիի Հայր Խաչատուրին, որ առեղծուածը լուծելու օգնէ։
Կայքէջին վրայ կայ նաեւ հրատարակութեան դիմելու ծանուցում անշուշտ.
«Ունի՞ք մանուկ, պատանի կամ երիտասարդ ընթերցողներու համար հայերէնով գրուած պատմուածք մը, զոր կը փափաքիք հրատարակել։ Ուղարկեցէ՛ք մեզի ձեր բնագիրը»։
Արփիին հետ հեռուէ հեռու մեր նոր ստեղծուած կապը կը սկսի մտերմանալ. հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ պայմաններու տակ եկաւ գաղափարը նոր հրատարակչատուն մը հիմնելուն, մանաւանդ այս օրերուն. «այս»ը ակնարկութիւն է անշուշտ ո՛չ միայն քաղաքական պայմաններու, այլ նաեւ եունէսքոյեան նշանաւոր «մահացող» արեւմտահայերէնին:
Անոնք որոնք հրեշտակներու քաղաք Լոս Անճէլըս կ’ապրին եւ քիչ թէ շատ ծանօթ են գիր ու գիրքի աշխարհին, գիտեն որ այնտեղ հայկական գրատուն մը կայ՝ «Ապրիլ»-ը: 2021-ին այդ գրատան տուած այցելութիւնը Արփի Գրիգորեանի եղբօր՝ վիպագիր Իշխան Ճինպաշեանին յստակ կը դարձնէ, թէ երբ սպառին Ապրիլ գրատան արեւմտահայերէն գիրքերը, այլ գիրք պիտի չմնայ վաճառքի համար:
«Հոնկէ ծնաւ գաղափարը,- կը պատմէ Արփին,- եղբօրս ըսի՝ ուրեմն մենք պէ՛տք է հրատարակչատուն մը ստեղծենք։ Եղբայրս խնդաց եւ ըսաւ՝ խենթ ես դուն։ Ըսի՝ գիտես որ խենթ եմ, դուն ալ պիտի օգնես ինծի, որ իրականութիւն դարձնենք այս գաղափարը»:
Իշխանը կու տայ անունները բոլոր անոնց, որոնք կրնան հետաքրքրուած ըլլալ եւ կ’ուզեն օգնել. Արփին բոլորին մէկիկ-մէկիկ կը զանգէ եւ կը պարզէ իր ծրագիրը: Շատեր ոչ միայն կը համոզուին, այլ հաւատքով  կը լծուին աշխատանքի, ինչպէս վարչականներու առաջին խումբը:
«Business plan մը գրեցի, ժողովներ սկսանք ընել. դիմեցի non-profit organization ըլլալու եւ ահա ստեղծուեցաւ Արփի Հրատարակչատունը։ Հիմա արդէն 3 գիրքեր գրուելու վրայ են եւ 5 այլ գիրքերու համար դրամահաւաք կ’ընեմ։ Յոյսով եմ որ 5 տարուան մէջ գոնէ 30 նոր գիրքեր լոյս կը տեսնեն», կը պատմէ Արփին։
Շատեր սիրով գումար կը նուիրեն, մանաւանդ անոնք, որոնք համոզուած են գիրքերու եւ ընթերցումի էական դերին, մանուկներու կեանքին մէջ:
Ահաւասիկ դրական սքանչելի երեւոյթ մը, որ այս օրերու գորշութիւնը կը ջրէ, գեղեցիկ ծիածան մը կապելով սփիւռքահայու մեր առօրեային վրայ:
Հրատարակչատան կայքէջը՝ https://arpipublishing.com/hy/
Արփի Գրիգորեանի կայքէջը՝ https://www.arpikrikorian.com
Մարուշ Երամեան