ՎԱՐՁԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ Բ.

(Կալուածներու վարձքերու ճշդման մասին)

Նախորդ թիւով իրազեկած էինք ընթերցողը, որ յաջորդիւ պիտի ծանօթանանք կալուածներու վարձքերու ճշդման գործընթացին։
1952 թուակիր թիւ 111 օրէնքի եւ անոր կրած փոփոխութիւններու հիման վրայ՝ կալուածներու վարձքերը կը ճշդուին կալուածի արժեգինի տոկոսային հետեւեալ համեմատութեամբ.
ա.-Բնակելու համար վարձուած կալուածի արժեգինի 5%-ը, որուն վրայ կ’աւելնայ պայմանագրին մէջ արձանագրուած կահկարասիի արժէքին 20%-ը։
բ.-Որեւէ արհեստով կամ գիտարհեստով զբաղելու համար վարձուած կալուածի արժեգինի 6%-ը։
գ.-Պաշտօնական կողմերու (կառավարութիւն, կուսակցութիւններ, միութիւններ, հաստատութիւններ, եւ այլն) տրամադրելի կալուածի արժեգինի 7%-ը։
դ.-Որպէս դպրոց օգտագործուելու համար վարձուած կալուածի արժեգինի 8%-ը։
Տոկոսային այս համեմատութիւնը միամեակի համար է։
Վարձուորը պէտք է իմանայ նաեւ, որ կալուածատէրը իրաւունք չունի երեք ամիսէն աւելի կանխիկ վարձք ստանալու այն կալուածներուն համար, որոնց վարձակալութիւնը ենթակայ է ինքնին երկարաձգման։
Կալուածատէրը կամ վարձուորը եթէ վարձքի գումարին գծով անիրաւութիւն կամ անարդարութիւն նկատէ, ապա կրնայ դիմել դատարան, որպէսզի փորձագէտի ճամբով ճշդուի վարձքը։
Կողմերը այս պատճառով դատարան կրնան դիմել եռամեայ դրութեամբ։
Սուրիոյ մէջ կալուած ունեցող արտերկրի մեր հայրենակիցները յաճախ կը մտահոգուին իրենց կալուածներու ճակատագիրով, որովհետեւ անհիմն ապատեղեկանք տարածուած է այն ուղղութեամբ թէ ինչ-ինչ պատճառներով պետութիւնը կրնայ ձեռք դրած ըլլալ գաղթող սեփականատէրերու կալուածներուն վրայ։ Արդ, կը լուսաբանենք, որ նման բան գոյութիւն չունի, այսուամենայնիւ մեր հայրենակիցները եթէ որեւէ պատճառով կասկածներ ունենան իրենց կալուածներու իրավիճակին առնչութեամբ, ապա կրնան ցանկացած ժամանակ կալուածային յայտ ստանալով ստուգում կատարել եւ իրենց միտքը հանգստացնել։
Փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան