Կիրակի, 26 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներու յիշատակին։ Պատարագը մատուցեց Բերիոյ հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ.Եղիայեան։

Հոգեհանգիստին ներկայ էին Պատկան Մարմինի եւ Թաղական Խորհուրդի անդամներ, ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութիւնը, սկաուտական խորհուրդը, խմբապետուհին եւ աստիճանաւորական կազմը։

ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի ընտանիքը եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ հոգեսուրճ հիւրասիրեց ներկաներուն:

Բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան