95-ամեակն է Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային Միութեան։
35 -ամեակն է Արցախի շունչով ապրած ու գործած, արցախցի Վահան Նաւասարդեանի անունը կրող Համազգայինի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին։
Արցախցի հրապարակախօս Վահան Նաւասարդեան Արցախէն դէպի համայն հայաշխարհ հաստատ կամքով, ուժեղ հաւատքով հայ մարդու, հայ լեզուի կենդանութեան ամուր հիմքերը մխրճեց հայ կեանքին մէջ, վառ ճրագով լուսաւորեց Համազգայինի օճախը, յատուկ դրոշմով մը կնքելով հայ մշակութային միութեան հիմնադրութիւնը։ Այնուհետեւ Համազգայինի Սուրիոյ Լաթաքիոյ մասնաճիւղը օժտուեցաւ «Վահան Նաւասարդեան» անունով 1988 թուականին ու վառ պահեց իր ջահը, մշակութային կեանքի կորիզ մը կազմելով խումբ մը նուիրական ընկեր ընկերուհիներու աջակցութեամբ։

Արդարեւ, 24 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային Մշակութային Միութեան 95-ամեակի եւ Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի 35-ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ անդամ Արա Մութաֆեան, հիւր բանախօս Պարգեւ Աւագեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան, Յարաբերական Մարմնի անդամ Յարութ Գաբրիէլեան, ազգային, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, ապա հնչեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Բացման խօսք արտասանեց վարչութեան ատենապետ Սօսի Պետուրեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ըսաւ. «Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութենէ 10 տարի ետք, 1928-ին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդէն ներկայացուցիչներ հիմը դրին համազգայինին, անկախութիւն կորսնցուցած հայրենիքէն հեռու ափերու վրայ, հայը հայ պահելու սրբազան նպատակով։

Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը իր աւելի քան 95-ամեայ պատմութեան ընթացքին գործի վերածեց իր գաղափարը, ազգը պահպանելու ձուլումէ եւ ազգային արժէքներով հարստացնելու անոր կեանքը։ Առ այդ, իր առաքելութեան ճամբուն վրայ սփիւռքի բոլոր հայաշատ գաղութներուն մէջ հիմնեց հայաշունչ ճեմարաններ ու կազմակերպեց հայ մշակոյթը ծանօթացնող ձեռնարկներ եւ գիտաժողովներ»։

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Համազգայինի յոբելինական տարին, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Դաշնակահար տիկին Լարա Խոտանեան նուագեց «Ծփում է Սեւանը»։
Նարեկ երգչախումբի մեկնաբանեց «Կիլիկիա » եւ «Ազգ Փառապանծ» երգերը։

Տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի պատմականը։
Տիկին Ֆիմի Քիւրքճեան-Լնդեան ասմունքեց Վահագն Դաւիթեանի «Զա՛րկ, իմ Զարմանալիդ» բանաստեղծութիւնը։

Օրուան բանախօս լաթաքիահայութեան ծանօթ հրապարակախօս Պարգեւ Աւագեան իր խօսքը սկսաւ. «Ու այսպէս բացուեց լաւ լուսաբաց» նախադասութեամբ, «Ճշմարտութիւն եւ զգացական պահեր» վերնագրելով օրուան նիւթը:

Ան ըսաւ, որ պատմութիւնը մեր ամբողջութիւնն է՝ ներկան, անցեալը եւ ապագան, կրթութիւնը, մշակոյթը եւ պատկանելիութիւնը, ազգային հիմքը, հողը, լեզուն եւ հոգին։
Ապա շեշտեց, որ ազգապահպանման մեծագոյն յենարանն է մշակոյթը, իսկ մշակոյթի անկիւնաքարը կրթութիւնը։ Այս միութեան ռահվիրաները բնորոշուեցան երեք յատկութիւններով նախատեսող, ծրագրող եւ իրագործող։ Անոնք երկարաժամկէտ ծրագիր մշակեցին, ազգապահպանման ռազմավարութիւն ճշդեցին ու անոնց իրագործման փուլին անցան։ Մշակոյթն ու պատմութիւնը, ազգային, յեղափոխական, քնարական ու աշուղական երգն ու երաժշտութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը, պարն ու ասմունքը, բեմն ու թատրոնը մշակոյթի ստեղծման երաշխիքներն են։ Համազգայինի որդեգրած ուղին տոկուն է եւ աննկուն։ Այդ ուղիին բաղադրիչները նոյնինքն ժողովուրդն բւ անոր դիմագիծը կը բնորոշեն
Եզրափակելով իր խօսքը Աւագեան ըսաւ, որ Համազգայինի արեւը պիտի շողայ յարատեւօրէն։
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ։ Այսպէս՝ հանդէս եկաւ
դաշնակահար Յակոբ Արզումանեան նուագելով Ազնաւուրի «Լա Պոէմը», ապա
Լենա Հէքիմեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Տարօրինակ Մարդ Արարած» բանաստեղծութիւնը։
«Գեղարդ» պարախումբի պարմանուհիները ձեռնարկը ճոխացուցին Եւրոպական, Հայկական հեզաճկուն պարերով։
Ապա Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան իր սրտի խօսքը ուղղելով տօնական այս առիթով ողջունեց ներկաները, յայտնելով որ այսօր վայելեցինք Համազգայինի ուժը, ներկայութիւնը եւ 35-ամեայ աշխատանքին արքասիքը։ Մենք ժառանգած ենք Հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն, մշակոյթ, որ փոխանցուած է մեզի սերունդէ սերունդ։ «Այսօր այս դժուար պայմաններուն կը պահենք մեր աւանդութիւնները, մեր հաւատքը: Համազգայինը ամուր օղակն է, որ կը կապէ եկեղեցին, դպրոցն ու միութիւնը»։

Քահանայ հայրը շնորհաւորեց ներկաները յոբելինական այս ձեռնարկին առիթով եւ Համազգայինին մաղթեց նորանոր նուաճումներ։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Նայիրի Կարապետեան