ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍՆԱՆԻԼ ՁՄՐԱՆ՝ ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՌՈՂՋ ՄՆԱՆՔ ՈՒ ՉԳԻՐՆԱՆՔ

Սննդագէտներ կը թելադրեն ձմրան եղանակին օգտագործել ածխաջրերով հարուստ ուտեստեղէն, նախապատուութիւնը տալով ոչ թէ շաքարաւազով պատրաստուած քաղցրեղէնին ու խմորեղէնին, այլ՝ հացահատիկներով պատրաստուած ուտեստին, որ աւելի առողջապահական է:
Ցուրտ ամիսներուն, երբ հիւանդանալու վտանգը աւելի մեծ է, օրկանիզմի դիմադրողականութեան բարձրացման համար անհրաժեշտ են սպիտակուցներն ու կենսանիւթերը՝ C կենսանիւթ, A կենսանիւթ, ֆոլաթթու եւ այլն:
C կենսանիւթի լաւագոյն աղբիւրը կը համարուին պղպեղը, կանաչեղէնը, կաղամբը, նարինջը, մանտարինը, արքայանարինջը, խնձորը, պրոքոլին եւ կոճապղպեղը: Կարելի է օգտագործել նաեւ թթուաշներ, որոնք թաղանթանիւթ կը պարունակեն ու  մարսողութեան կ’օգնեն:
Ցուրտ օրերուն առատօրէն կարելի է օգտագործել բանջարեղէնով կամ ոսպի ու սունկի տեսակներով ապուրներ, առանց իւղ աւելցնելու անոնց, այլ իւղը փոխարինելով ձիթաիւղով կամ մէկ ապուրի դգալ կարագով:
Թէյի տեսակները կարելի է օգտագործել օրական քանի մը անգամ, սակայն շաքարաւազին փոխարէն թէյին մաքուր
մեղր աւելցնել, կամ թէյին հետ արմաւ կամ տուրմ ուտել: Անհրաժեշտ է ճերմակ շաքարաւազի օգտագործումը նուազագոյնի իջեցնել եւ զայն փոխարինել առողջապահական քաղցրեղէնով:
Սննդագէտներ խորհուրդ կու տան թէյը կամ սուրճը օգտագործել ուտելէն մէկ ժամ առաջ կամ կէս ժամ վերջ, որպէսզի անոնց պարունակող քաֆէինը սնունդի ներծծման արգելք չհանդիսանայ:
Ձմրան հարկ է առատօրէն օգտագործել նաեւ արմատաւոր բանջարեղէն, ինչպէս՝ ճակընդեղ, ստեպղին, կանաչ սոխ, կանաչ սխտոր, շագանակ եւ այլն:

ՊԻՍՏԱԿԵՂԷՆՈՎ ԱՐՄԱՒ

Առողջապահական քաղցրաւենի մը պատրաստելու եւ ձեր ընտանիքի անդամներուն սննդարար պատառիկներ հրամցնելու համար եկէ՛ք միասնաբար պատրաստենք պիստակեղէնով արմաւ՝ ձեր նախընտրած պիստակեղէնը օգտագործելով.
Բաղադրութիւն
4 ապուրի դգալ մանրուած նուշ
4  ապուրի դգալ մանրուած գետնանոյշ (Ապիտ)
4 ապուրի դգալ  կնճիթ (շուշմայ)
4 ապուրի դգալ ընկոյզ
0,5 քիլօ շաղուած արմաւ
Պատրաստութիւն
Պիստակեղէնի խառնուրդը մանրելու համար զայն ծածկել թափանցիկ թուղթով մը եւ քլանով լայնքին ճնշելով տրորել, որպէսզի միջակ մեծութեամբ կտորներու վերածուի:
Տապակի մը մէջ 2 ապուրի դգալ իւղ կամ կարագ դնել եւ ցած կրակի վրայ հալեցնել, ապա պիստակեղէնը աւելցնել ու խարկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնայ:
Աւելցնել շաղուած արմաւը եւ շարունակ խառնել պիստակեղէնին եւ իւղին  հետ մինչեւ որ միատարր զանգուածի վերածուի:
Ապա տապակէն դուրս բերել, շաղել եւ 15-20 սմ. լայնքով երկու կամ երեք երկար շերտերու վերածել, որպէսզի իւրաքանչիւր բաժին կարելի ըլլայ սահուն զանգուածի մը վերածել: Ապա իւրաքանչիւրին վրայ ցանել մանրուած ընկոյզ, կասիա եւ շուշմայ:
Կլոր հաւասար շերտերով կտրտրել զանոնք եւ հիւրասիրել:
Բարի ախորժակ: