ՀՕՐ ԴԵՐԸ ՄԱՆՈՒԿԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Urolog.am-ի ներկայացուցած մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, կեանքի առաջին տարին, հօր դերը շատ կարեւոր է մանուկի ֆիզիքական զարգացման եւ հիմնական հմտութիւններու ձեւաւորման մէջ: Որպէս կանոն, հօր եւ մանկան խաղերը կը տարբերին մանուկը զուարճացնելու մօր հնարքներէն։ Հայրերը աւելի հակում ունին ֆիզիքական աշխոյժ խաղերու: Անոնք չեն վախնար մանուկներու իյնալէն, կը սորվեցնեն լողալ, կը նստեցնեն իրենց ուսերուն  եւ այլն: Այս բոլորը կը խթանեն մանուկին ֆիզիքական աշխուժութիւնը:
Հայրը կրնայ նաեւ մեծ ներդրում ունենալ մանուկի մտածողութեան զարգացման մէջ: Կարծիք կայ, որ հայրերը կրնան իրենց մանուկներուն սորվեցնել աւելի արագ եւ աւելի ճիշդ խօսիլ, քան մայրերն ու մեծմայրերը, որովհետեւ հայրերը, ի տարբերութիւն մայրերուն, չեն աղաւաղեր բառերը: Որպէս կանոն, տղամարդիկ աւելի լաւ կը սորվեցնեն մանուկներուն մտածողութեան առնչուող տարբեր խաղեր: Հօր հետ շփումը կ’ընդլայնէ մանուկին մտահորիզոնը, կը նպաստէ հետաքրքրութիւններու բազմազանութեան:
Հօր կերպարը կարեւոր է մայր-երեխայ կառուցողական յարաբերութիւններու հաստատման համար նաեւ: Երեխայի զարգացման որոշակի փուլին, ներդաշնակ յարաբերութիւններ ունեցող ընտանիքին մէջ (սովորաբար մէկ տարի անց), հայրը կ’օգնէ մանուկին «առանց ցնցումներու առանձնանալ» մօրմէն եւ հեռաւորութիւն պահել անկէ, անկախանալ: Որոշ հոգեբաններ նոյնիսկ հայրերուն կը թելադրեն մասնակցիլ մանուկին համար կարեւոր համարուող առիթներուն, ինչպէս՝ «առանձին ննջարան տեղափոխուիլը» կամ մանկապարտէզ յաճախելը: Մէկ խօսքով, հայրը մանուկին «ուղեցոյցն» է դէպի արտաքին աշխարհ, որուն շնորհիւ մանուկը ինքզինք աւելի ապահով կը զգայ:
Հայրը մանուկին կը սորվեցնէ հմտութեամբ ընկալել ընկերային տարբեր երեւոյթներ, կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հեղինակութիւն եւ այլն: Ի տարբերութիւն մօր, որ կը սիրէ մանուկը պարզապէս այն պատճառով, որ ան իր զաւակն է, հայրը սովորաբար մանուկէն կ’ունենայ ակնկալութիւններ, զորս ան պէտք է կատարէ:
Կարեւոր է նաեւ հօր դերը մանուկի սեռական ինքնահաստատման մէջ: Տղաները, նայելով իրենց հօր, կը ստեղծեն վարքի որոշ ձեւ մը, որուն կը սկսին հետեւիլ հետագային: Աղջիկները հօր գուրգուրանքը տեսնելով կ’ըմբռնեն, որ իրենք նուրբ սեռի ներկայացուցիչ են ու հօր թիկունքը իրենց պաշտպան է միշտ:
Հետեւաբար հայրը մանուկին կու տայ այն, ինչ որ մայրը չի կրնար տալ: Այլ խօսքով՝ ծնողները տարբեր են՝ մէկը միւսը լրացնող:
***
Բանաստեղծական անկիւն
———————————-

ԳԵՂՕՆ ՍՕՍԵԱՑ ԱՆՏԱՌԻՆ

Հայոց երկրին մէջ մի՛շտ կ’ապրին
Մեծ սօսիներն արմէնաւանդ…
Եւ լըռութեանն ու ըստուերին
Մէջտեղ անոնց՝ անարգաւանդ
Օրէ մը ետք քերթողն երբ խանդ
Ու ներշնչում խնդրել կու գայ,
Խըռովայոյզ ճիւղերն աստ անդ
Կը փսփըսան «Դո՞ւն ես, արքա՛յ…։»
Կ’անցնին, կ’անցնին օրն ու տարին
Հալածական…։ Դաշտ, դարաւանդ
Եւ լեռներուն ալ կատարին
Ձիւնը մաքուր զերդ ադամանդ
Կը կըրեն հետքն անոնց հիւանդ
Ծանըր քայլին… Մինչ հոս հսկայ
Ծառերն, յոյսով միշտ անվկանդ՝
Կը փսփըսան,- «Դո՞ւն ես, արքա՛յ…։»
Սեւ աղէտի մը նախօրին ՝
Անտառն յուզուած է մանաւանդ,
Եւ տխրութեամբ սօսիք կ’օրրին…
Օ՛հ, թշնամւոյն ըստուե՛րը ժանդ.
Տունե՛րն, գիւղե՛րը քարուքանդ…
– Բայց մինչ թաւուտքը կը սըգայ,
Ահա ձայներ անհընազանդ
Կը փսփըսան «Դո՞ւն ես, արքա՜յ…։»
Վահան Թէքէեան