Գերմանիոյ «Aid to the Church in Need» Պապական կազմակերպութեան յատուկ հրաւէրով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան մեկնեցաւ Գերմանիա, 21 Նոյեմբեր 2023-էն 27 Նոյեմբեր 2023-ի ընթացքին զանազան քաղաքներու մէջ կազմակերպուած «RED WEDNESDAY» խորագիրը կրող զօրակցական շաբթուան ձեռնարկներուն իր մասնակցութիւնը բերելու իբրեւ պատուոյ հիւր:
Ամէն տարի ACN-ը Նոյեմբեր ամսուն նման ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, իբրեւ զօրակցութիւն բոլոր այն քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, համայնքներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք զանազան երկիրներու մէջ կ’ենթարկուին յարձակումներու, բռնութիւններու, դառն չարչարանքներու, տանջանքներու եւ սպաննութիւններու՝ իրենց կրօնական հաւատալիքներու ցեղային տարբերութիւններուն համար:
Մէկ շաբթուայ ընթացքին, տարբեր քաղաքներու մէջ Սրբազան Հայրը իր մասնակցութիւնը բերաւ վերոնշեալ բնոյթը կրող ձեռնարկներուն, ինչպէս՝ Միւնիխի, Պոլտըրշուանկի, Տրէստընի, Փատրպըրնի եւ Ֆրանքֆորթի մէջ: Բոլոր քաղաքներուն մէջ ան ներկայ գտնուեցաւ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներուն եւ փոխան քարոզի իր խօսքը արտասանեց: Սրբազան Հայրը իր մասնակցութիւնը բերաւ զանազան աղօթքներու եւ ունեցաւ նաեւ հարցազրոյցներ թէ՛ Ռատէօ Հորէպի, թէ՛ ACN-ի Միւնիխի հեռուստաընկերութեան հետ, առաւել եւս կարգ մը քաղաքներու մէջ ունեցաւ հարցազրոյցներ, հարց-պատասխան հանդիպումներ եւ առանձին հարցազրոյց մըն ալ ռատիոկայանի ճամբով երիտասարդներուն ուղղուած՝ հոգեւոր կեանքի մասին: Ան իր զրոյցներուն մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի տագնապին: Անդրադառնալով Սուրիոյ մասին, 12 տարուայ պատերազմին եւ Փետրուարին հիւսիսային Սուրիան ցնցող ահաւոր երկրաշարժին պատճառած աւերներուն եւ ծանր հետեւանքներուն, ակնարկեց եւ դիտել տուաւ երկրին կրած շրջափակման եւ պատժամիջոցներուն հետեւանքով յառաջացած տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային աննկարագրելի դժուարին պայմաններուն, ժողովուրդին ապրած տագնապներուն եւ ամէնօրեայ պայքարին: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին, ընտանիքին եւ պատասխանատու մարմիններուն, որպէսզի հարկ եղած արագութեամբ հնարաւորինս աշխատանք տանին վերացնելու շրջափակումը եւ պատժամիջոցները Սուրիոյ վրայէն եւ դադրեցնեն բնական աղբիւրներու եւ հարստութեան յափշտակումն ու անօրէն կերպով իւրացումը եւ ապա օգնեն նաեւ ապահովութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին, ինչպէս նաեւ կենցաղային բնական պայմաններու վերահաստատման:
Սրբազան Հայրը իր ելոյթներուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցին, Ատրպէյճանի հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարած անմարդկային ոճիրին, անիրաւ ու անարդար պատերազմին, յարձակումներուն, վերջին շրջանին շուրջ մէկ տարի տեւած շրջափակման եւ դրութենական բնաջնջումի ենթարկելու ծրագիրին։ Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի պետութիւնը քանի մը ամիսներ առաջ 120.000 հաշուող հայ ժողովուրդը իր դարաւոր եւ պատմական բնօրրանէն բռնի կերպով արմատախիլ ըրաւ եւ ապա կանոնաւոր կերպով աշխատանք կը տանի անոր կրօնական եւ մշակութային ժառանգը ոչնչացնելու եւ անհետացնելու։

Մակար Սրբազան յանուն Սուրիոյ ժողովուրդին, մասնաւորաբար քրիստոնեայ համայնքներուն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր բարեսիրական, մարդասիրական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք առանց խտրութեան անցնող տարիներուն, միշտ պատրաստակամ, օգնութեան ձեռք երկարեցին, զօրակցեցան եւ նիւթաբարոյապէս օժանդակեցին Սուրիոյ տառապող եւ կարիքաւոր ժողովուրդին, զանազան մարզերու մէջ եւ մակարդակներու վրայ, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ քրիստոնէական մարդասիրութեամբ առաւելագոյն չափով ներկայութիւն եղան, իրենց զօրակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ յուսադրեցին նեղութեան, դժուարութեան, տառապանքի ու կարօտի մէջ եղող ժողովուրդի զաւակները: Սրբազան Հայրը նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմին անունով առ ի երախտագիտութիւն ACN-ի, Միւնիխի եւ այլ քաղաքներուն մէջ գործող գլխաւոր պատասխանատուներուն նուիրեց արծաթեայ ձեռագործ խաչեր, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեղինակած «Հայ Եկեղեցին» գիրքի գերմաներէն թարգամանութենէն օրինակներ: