Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն այս շաբաթ կը յիշատակուի Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, Մարուգէ Ճգնաւորին եւ Մելիտոս Եպիսկոպոսին տօնը։
Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Կրօնական Ժողովին, Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2023-էն սկսեալ հսկումի ժամերգութիւններ տեղի ունեցան, ուխտաւոր ժողովուրդին ներկայութեամբ։

Արդարեւ, Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց, Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սրբազան Հայրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի:
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան: Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը։

Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր օրուան աստուածաշնչական հատուածը (Հռ 5.1-5), որուն ընդմէջէն Պօղոս առաքեալ կը յայտնէ ըսելով. «Կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով: Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ»: Սրբազան Հայրը կարեւոր նկատեց ինքնաքննութեան ճամբով գիտնալ, թէ
Յաւիտենական Կեանքին արժանանալու յոյսը որքանո՞վ առկայ է մեր կեանքին մէջ։
Ան նշեց, թէ Աստուած մեզի դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու դէմ յանդիման կը դնէ, որպէսզի մեր հաւատքն ու համբերութիւնը փորձաքարի զարնուին, սկսինք հասուննալ մեր հաւատքի կեանքին մէջ եւ դուրս գանք խակ վիճակէն։ Այլ խօսքով, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով նեղութիւնները ուրախութեամբ պէտք է կրենք, քաջ գիտնալով, որ Աստուծոյ ձեռքը եւ Անոր կենդանի ներկայութիւնը կ՚առաջնորդեն մեզի։ Ուստի, տոկունութիւն ձեռք կը բերենք, յոյս կ՚ունենանք եւ չենք տկարանար, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր մէջ տեղ կը գտնէ Սուրբ Հոգիին ճամբով։
«Հաւատքի ճամբով Քրիստոսին որդեգիր կը դառնանք, յոյսը մեզ ի ներքուստ կը զօրացնէ, սէրը Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեզ կ՚առաջնորդէ հասնելու այն խոստումին, որ տրուած է մեզի։ Այս բոլորը կը կատարուի նեղութեան ճամբով, որ մեզ կը կոփէ եւ հասուն վիճակի կը հասցնէ՝ աստուածային ճշմարտութիւններուն բացուելով հասնելու փրկութեան», աւելցուց ան։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդը Ս. Յակոբի եւ բոլոր սուրբերուն օրինակին հետեւելու եւ անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելու, որպէսզի իրենց նման Քրիստոսաբոյր դառնանք եւ Քրիստոսի լոյսը, սէրը, խաղաղութիւնն ու զօրութիւնը տարածենք մեր շրջապատին մէջ։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ:
Ապա, եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբը բարեգործական նպատակով կազմակերպեց ճաշի վաճառք։
Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցելով, գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ տիկնաց յանձնախումբը, իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար։