Հալէպի Հայ Ծերանոցը, հետեւելով հայոց սրտերու լուսաւորիչ Մեծն Ներսէս հայրապետի աստուածահաճոյ վարքին եւ բարեգործութիւններու օրինակին, այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, շարունակելով հոգատարութիւն ցուցաբերել անպատսպար մնացած հայ տարեցներուն։
Հովանաւորութեամբ հայ երեք Համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքին, Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023-ին, միջօրէի ժամը 1։00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծն Ներսէս Հայրապետի յիշատակի օրուան աւանդական ճաշկերոյթը:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայ երեք Համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Արկատի Տոնոյեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, ազգային, եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, հայրենակցական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, յարգարժան պատուելիներ։
Բացման խօսք արտասանեց Հայ Ծերանոցի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի ատենապետ Տիկ. Լենա Էլէյճեան: Ան անդրադարձաւ 1923-ին Հայ Ծերանոցի հիմնադրութեան, ապագայատեսիլ հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, անտէր ու անպատսպար դարձած ծերունիները պատսպարելու եւ խնամելու, բայց մանաւանդ Մեծն Ներսէս հայրապետին ուղիին հետեւելու եւ պատմութեան աւանդը գործնականի վերածելու։
Ան յայտնեց, թէ շուրջ 100 տարիներ ծառայասէր Հալէպի զաւակները ճիգ չխնայեցին Հայ Ծերանոցի վերելքին եւ պայծառացումին համար եւ զայն հանգստեան տան բոլոր պայմաններով օժտեցին։
Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան ողջունեց ներկաները։ Անդրադառնալով Հայ Ծերանոցի յառաջիկայ ծրագիրներուն, ան յայտնեց, թէ 2024-ին Հայ Ծերանոցի հիմնադրութեան 100-ամեակը հանդիսաւորապէս պիտի յիշատակուի։ Խնամակալութեան հետապնդումով Հայ Ծերանոցին համար պիտի ապահովուի նաեւ արեւային ելեկտրածին սարքաւորում։
Հայր Սուրբը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները 100-ամեակին առիթով 100 միլիոն սուրիական ոսկի հաւաքելու՝ ի նպաստ Հայ Ծերանոցին։ Նաեւ ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որպէսզի Հայ Ծերանոցի ճաշի տարեկան ցուցակը լիացնեն իրենց նուիրատուութիւններով եւ ներդրումով։
Հայր Սուրբը աղօթեց, որ Ամենակալը առողջութիւն եւ բարօր օրեր պարգեւէ տարեցներուն։
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան տաղանդաւոր հայորդիներ: Ծիլա Քերպապեան հայկական փունջ մը երգերով ջերմացուց մթնոլորտը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Արմէն Ասայեանի: Արփի Գրտանեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Պիտի Մոռնանք» բանաստեղծութիւնը: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցէն Ռոզի Շուշանեան ջութակով նուագեց «Երանի Թէ» երգը, իսկ Նանոր Տօնոյեան ֆլիւթով նուագեց «Բարի Արագիլ»-ը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Ռուզան Պարսումեանի: Ապա, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը հայկական հեզաճկուն պարով հանդէս եկաւ:
Այնուհետեւ, Հայ Ծերանոցի տնօրէն Յակոբ Ալապոզանեան ներկայացուց Հայ Ծերանոցի միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, յայտնելով, որ հաստատութիւնը անմիջականօրէն կը հովանաւորուի հայ երեք համայնքապետներուն կողմէ, որոնց հայրական հոգածութեամբ եւ անոնց ներկայացուցիչներուն խնամատարութեամբ աշխատանքները յառաջ կը տարուին։ Ան նշեց, թէ հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, ծերունիները զուրկ չեն մնար իրենց անհրաժեշտ պէտքերէն, սննդական եւ առողջապահական խնամքէն, շնորհիւ Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան, Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին եւ ողջ անձնակազմին:
Այս առիթով, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց համայնքապետներուն, Ծերանոցի Խնամակալութեան, Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին, բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, անանուն բարերարներուն եւ ճաշկերոյթի ներկաներուն՝ իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար:
Այս առիթով կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
Աւարտին, յանուն հայ երեք համայնքապետներուն, սրտի խօսք արտասանեց Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ողջոյններ փոխանցելով եւ սիրոյ ու կարեկցութեան յանձնառութիւն արտայայտելով։
Վերապատուելին յայտնեց, թէ երեք հոգեւորականներուն կողմէ Հայ Ծերանոցին հիմնադրութիւնը պատահական արարք մը չէր, այլ կարիք էր՝ անտէր, անխնայ եւ իրենց զաւակներուն անմիջական հոգածութենէն զրկուած մամիկներուն եւ պապիկներուն տիրութիւն կատարելու, տարագրութենէն անմիջապէս ետք, ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը պահեն։
Վերապատուելին կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ զգօն կեանք ապրելու կողքին Հայ Ծերանոցը իրենց ուշադրութեան կիզակէտը դարձնեն, որպէսզի աստուածաշնչական պատուիրանին համաձայն յարգելով իրենց հայրերն ու մայրերը՝ իրենց կեանքի օրերը երկար ըլլան։ Ան հրաւիրեց ներկաները շնորհակալ սիրտ ունենալու Աստուծոյ տուած բարիքներուն նկատմամբ, շուրջիններուն եւս բաւարարութիւն պատճառելով։
Վերապատուելին պատուիրեց, որ 100-ամեակին առիթով վերանայինք վերոյիշեալ սկզբունքին եւ գիտակից հայորդիի յանձնառութիւն ունենալով բարոյական մեծ դաս փոխանցենք իրերայաջորդ սերունդներուն։
Ան գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցները եւ Հայ Ծերանոցի 100-ամեակին առիթով շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ ուղղեց Հայ Ծերանոցի ընտանիքին:
Մարինա Պօղիկեան