Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին հիմնուած է 1852-ին Մուղարպալիէ փողոցը, ապա՝ 1868-ին պղնձագործներու շուկային մօտ Գասթէլ Ճուրա փողոցը «Պէյթ Մախլութա» շէնքը: Երկու տեղափոխումներէ ետք, 28 Յունիս, 1923-ին Ազիզիէ թաղամասին մէջ նորակառոյց շէնքին հիմնադրութեան հանդէսը կը կատարուի եւ վերջնականապէս կը հաստատուի հոն առ այսօր:

Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023–ը յատկանշական էր Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ համար։ Արդարեւ, նախագահութեամբ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին միացեալ հանդիսաւոր պաշտամունքով յիշատակեց իր կառոյցին 100-ամեակը: Պաշտամունքը սկսաւ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Ասատուր Մնչերեանի կոչ պաշտամունքով՝ Սաղմոս 34:1-3 ընթերցանութեամբ: Պատուելին յայտնեց, որ եկեղեցւոյ շէնքին 100-ամեայ տօնակատարութեան համար չէ որ հաւաքուած ենք այսօր, այլ՝ յիշելու, թէ Աստուած ինչպէս 100 տարի այս վայրը գործածեց Իր փառքին տարածման համար: Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան ժողովուրդին մասնակցութեամբ ընթերցեց Աւետարանական Հաւատոյ Հանգանակը: Պաշտամունքին իրենց բաժինը բերին՝ եկեղեցւոյ երգչախումբը երգերով, Կիրակնօրեայ Դպրոցէն երեք փոքրիկներ Սաղմոս 23 արտասանելով, ՔՋ պատանեացէն Դիա Քէշիշեան, Սամուէլ Քէօշկէրեան եւ Լիլիթ Էօրտէքեան Շամենցի «Եկեղեցին Խորհրդական» ասմունքով, ՔՋ երիտասարդացէն Ծիլա Գերպապեան մեներգով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի, ապա տիկ. Կարինէ Ֆէրմանեան՝ Ժագ Յակոբեանի «Երբ Կը Մտնես Եկեղեցի…» քերթուածին ասմունքով։

Յայտագիրը կ’ընդգրկէր տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր պատմական ակնարկը Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ կազմութեան եւ հիմնադրութեան մինչեւ ներկայ իրավիճակ։ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ուղղեց օրուան պատգամը, որ հիմնուած էր Բ. Տիմոթէոս 1:3-10 համարներուն վրայ: Վերապատուելին շեշտեց որ եկեղեցիին յոբելենականը կը վերաբերի Աստուծոյ հաւատարմութեան. Անոր հաւատարմութեան պատմութիւնն է որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի բարեկարգելով մարդկութիւնը որպէս ընտիր հաւաքականութիւն՝ Տէր Յիսուսի ներգործութեամբ: Պօղոս առաքեալ իր խօսքը կ’ուղղէ հոգեզաւկին ըսելով, որ հաւատքը պէտք է պահել, ուռճացնել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Կեանքի մէջ երբ նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք բնական երեւոյթ է վախն ու երկչոտութիւնը, սակայն Աստուած խոստացած է մեր հետ կանգնիլ եւ զօրութիւն ու զգաստութիւն պարգեւել մեր վախերուն ընթացքին: Եսայի մարգարէն 41:10-ին մէջ կ’ըսէ «մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ», հետեւաբար Էմմանուէլ բառին նշանակութիւնը կը սահմանուի այս խորհուրդին մէջ «Աստուած մեզի հետ»: Այնուհետեւ Վերապատուելին եզրափակեց պատգամը ըսելով. « Շնորհաւոր հաւատարմութիւնդ, Ո՜վ Աստուած. շարունակէ մեզ ծառայեցնել որպէս արդարութեան, սիրոյ, խաղաղութեան եւ զգաստութեան անօթներ Քու ձեռքերուն մէջ»: Ապա Պատ. Ասատուր Մնչերեան ընթերցեց ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի շնորհաւորագիրը։

Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով եւ Վերապատուելիին օրհնութեան աղօթքով:
Պաշտամունքի աւարտին ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ սրահ, ուր 100-ամեակի կարկանդակի հատումը տեղի ունեցաւ: Այս առիթով Էմմանուէլ եկեղեցւոյ «Շող» ամսաթերթը հրատարակած էր իր Բացառիկ թիւը, որ կը բովանդակէր Էմմանուէլ եկեղեցւոյ պատմականն ու բոլոր գործունէութիւնները:

 

Մարինա Պօզեագալեան-Պազարպաշեան