Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 105-ամեակին նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպիսկոպոս Աշգարեանի, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանի, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեանի, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, միութեանս նախկին խմբապետներու, աքելաներու եւ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ յարգելու Արցախի, Սուրիոյ եւ Ղազզէի նահատակներուն անթառամ յիշատակը։
Բացման խօսք արտասանեց վարչութեան ատենապետ Միհրան Ղազարեան, որ հաստատեց, թէ ՀՄԸՄ-ը տարիքով մեծ, բայց միշտ երիտասարդ այս միութիւնը, իր հիմնադրութենէն ի վեր աշխատեցաւ, պայքարեցաւ եւ օգտակար հանդիսացաւ սփիւռքահայ գաղթօճախներու դաստիարակութեան աշխատանքին, իր վեհ սկզբունքներով ու ազնուագոյն իտէալներով. մեծցաւ եւ ուռճացաւ՝ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներուն մէջ, ծնունդ տալով 111 մասնաճիւղերուն:
Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը 105 տարիէ ի վեր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն է, որ կոչուած է նաեւ ապագայ ունենալու, այնքան ատեն, որ ան կը հասնի հոն, ուր հայ մարդիկ ազգապահպանման տենչով իր կարիքը ունին:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ «ՀՄԸՄ» եւ «Հայորդիք» խմբերգներով, ներկայացուած սկաուտներու եւ գայլիկներու կողմէ, ետքը Լիդա Ծաղիկեան կիթառի վրայ նուագեց «Կռունկ»-ը։ Խումբ մը գայլիկներ ներկայացուցին արտասանութիւններ՝ Նազարէթ Գրաճեան «Հայաստան», Ժիրայր Գրաճեան «Հայրենի Երկիր», Նարօտ Շմբլեան, Սինդիա Յարութիւնեան եւ Քրիսդին Սահակեան «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի», Ռոյ Ֆարահ «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն», Սարգիս Գրիգորեան եւ նշան ներսէսեան «Խօսք Իմ Որդոյն», Արեն Սեթիկեան ջութակի վրայ նուագեց «Լա Պոհէմ», Ժան Կարապետեան արտասանեց «Դրօշակ»-ը, Պերճ Շմբլեան մեներգեց «Հայեր միացէք», Սերժ Պոյաճեան ջութակի վրայ նուագեց «Երեւան Դարձած», Դուին Եագուպեան ասմունքեց «Խօսիր Հայաստան», ետքը Միրելա Խալիլ ասմունքեց «Սասունցիներու Պարը»: Ձեռնարկը ճոխացուցին գայլիկներն ու սկաուտները՝ գեղեցիկ պարով եւ բուրգերով:

Օրուան պատգամը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան։ Անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան, ան ըսաւ. «Այսօր բոլորս համախմբուած ենք արժանավայել կերպով նշելու ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 105-ամեակը, որ շատ յատկանշական թուական մըն է մեզի համար, քանի որ անիկա կը զուգադիպի Հայաստանի առաջին անկախութեան օրերուն։ Այդ օրերուն ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն համար անհրաժեշտութիւն էր հիմնել այսպիսի Միութիւն մը, որ պիտի համախմբէր անապատներէն ճողոպրած պատանիները ու պիտի հոգար անոնց ֆիզիքական եւ բարոյական պահանջքները»։
Խօսելով Միութեան առաքելութեան եւ Դամասկոսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան մասին, ան յայտնեց, թէ ՀՄԸՄ-ը այսօր ալ հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքներուն եւ կը շարունակէ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նոր սերունդներուն մէջ, որպէսզի անոնք արժանաւոր ժառանգորդները ըլլան մեր պապերուն` Վարդանանցի հերոսներէն մինչեւ Արցախեան պատերազմի մարտիկները։
1922-ի Կիլիկիոյ ջարդերէն ետք, Սփիւռքի մէջ ՀՄԸՄ-ը հիմը դրաւ նոր մասնաճիւղերու, որոնցմէ առաջինը եղաւ Դամասկոսի մասնաճիւղը, որ անխափանօրէն կը շարունակէ առ այսօր գործել։ Վարձքը կատար այս մասնաճիւղէն ներս բոլոր ծառայողներուն, բիւր յարգանք մեր նուիրեալ քոյր-եղբայրներուն եւ բարի երթ դէպի նորանոր ամեակներ։

Ապա, իր սրտի խօսքը ներկայացուց Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան։ Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 105-ամեակը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ այս մեծ միութեան, որ գործով ու արդիւնքով ազգային բարիք եւ շունչ տուած է բոլորին:
Ան շեշտեց, որ «Բարձրացի’ր Բարձրացո’ւր» նշանաբանով 105 տարիներ շարունակ կը գործէ այս պանծալի միութիւնը:

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող 5 եղբայրներու Ծառայութեան շքանշաններու բաշխում, Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեանի կողմէ, իրեն կ’ընկերակցէր եղբ. Պօղոս Խաճարեանը՝ Շրջանայինի ներկայացուցիչը Դամասկոսի մէջ։ Բաշխումին մասնակցեցան Գերաշնորհ Սրբազան Հայրն ու Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը, ներկայութեամբ Կեդրոնական Վրչ. անդամին եւ մասնաճիւղի ատենապետին:
Եղբայրներ Աւօ Աճեմեան, Գէորգ Գալէմքէրեան, Ռաֆֆի Սրապեան, Հրաչ Խաճարեան եւ Դաւիթ Միսիրեան, որոնք ստացան Ծառայութեան շքանշաններու, եղած են կամաւոր բանակի զինուոր, երկար տարիներ ծառայած են զանազան մարզերու մէջ՝ մարզական եւ սկաուտական:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով, ապա «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով՝ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու եւ բոլոր ներկաներու երգեցողութեամբ:

Ձեռնարկի աւարտէն ետք, «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Ծառայութեան շքանշան ստացողներու հիւրասիրութիւն: