ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 133-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Աւանդութիւն է ամէն տարի նշել
1890-ին հիﬓուած հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիﬓադրութեան տարեդարձը, Դաշնակցութեան Օրը։

Այս տարի կուսակցութեան հիﬓադրութեան 133-աﬔակն է։ Ամէնուրեք հայրենասէր հայեր կը փութան ներկայ գտնուելու այս առիթով տեղի ունեցող ոգեկոչման ձեռնարկներուն՝ իրենց ներկայութեամբ հաստատելու իրենց սէրն ու յարգանքը յոբելեարին հանդէպ,
արտայայտելու իրենց վստահութիւնն ու հաւատարմութիւնը անոր դաւանած ազգային սկզբունքներուն,
նպատակներուն, աշխարհայեացքին։
Բայց մանաւանդ փաստը տալու իրենց դաշնակցութի’ւնը անոր հետ, որ ամրակուռ
ու անխզելի է 133 տարի։ Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հայութեան հարազա’տ ծնունդն է. ծնունդ առաւ, որ վերջ դնէ անոր դարաւոր տառապանքին. մաքառեցաւ ու զոհաբերեց, որ հայրենիքը ազատագրէ,
ազգին վիրաւորուած արժանապատութիւնը վերականգնէ, անոր մարդկային ու
ազգային կեղեքուﬕն վերջ տայ. Առաջին համաշխարհային պատերազﬕ տարիներուն, երբ Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ էր, կամաւորական խումբեր կազﬔց, հերոսամարտեր մղեց. ապա Սարդարապատ կերտեց. Ազատ ու անկախ պետականութիւն հիﬓեց, Սփիւռք կազմակերպեց ու Հայ Դատ հետապնդեց. Արցախի ազատագրութեան յառաջապահ մասնակիցը դարձաւ. հայկական Ցեղասպանութեան ﬕջազգայնացման ճամբուն վրայ նորօրեայ հերոսներ ու նահատակներ ունեցաւ, հսկայական ճիգ թափեց. Ցեղասպանութեան ճանաչման
գծով. ﬕջազգային լռոպթեան վերջ տուաւ,
որուն հետեւանքը եղաւ այն, որ բազմաթիւ պետութիւններ, եւ կամ անոնց խորհրդարաններ ճանչցան Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Տակաւի’ն, Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւնները հզօրացնել ու քրտնաջան աշխատանք տարաւ։
Իր գաղափարախօսութեամբ ու բազաբնոյթ գործունէութեամբ Դաշնակցութիւնը կերտեց հայ մարդու նո’ր տեսակ մը. խիզախ ու անվեհեր,
անձնուէր ու գաղափարի տէր, պայքարող
ու զոհաբերող, ազգի ու հայրենիքի շահը անձնականէն վեր դասող։

Առաւելապէս հայու այս տեսակն է Դաշնակցութեան թեւ ու թիկունք կանգնողը, կուսակցութեան ուժի յենարանը։

1890-էն ցայսօր, իր գոյութեան եւ գործունէութեան երկար ժամանակաշրջանին փոփոխութեան ենթարկուած է Դաշնակցութեան ծրագիրը,
բայց անփոփոխ ﬓացած է անոր ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական էութիւնը։

Դաշնակցութիւնը 133 տարի անընդմէջ ու անսակարկ կը շարունակէ գործել յան?ն հայ?թեան քաղաքական դատին եւ հայաստանի պետականութեան հզօրացման։ Թիւրիմացութեան մէջ են Հայաստանի մէջ անոր գործունէութիւնը “իշխանամէտ” որակողները։ Միտուﬓաւոր կերպով թէ ﬕամտաբար այդպէս դատողներուն պէտք է բացատրել
ու հասկցնել, որ Դաշնակցութիւնը էապէս եւ գործնապէս պետականամէտ եւ հայամէտ կուսակցութիւն է։

Իրեն համար ըսեր են, ըսին ու կ’ըսեն՝ իբրեւ թէ ան ընելիք չունի։ Այդպէս ըսողները ինքնախաբկանքի մէջ են։
Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ գործել։

Ան ունեցե’ր է ընելիք, որ գոյատեւեր է աւելի քան130 տարի, ունի’ ընելիք այսօր, երբ մռայլ է ազգային-քաղաքական կեանքը։

Կունենա’յ ընելիք ապագային ալ, այնքան ատեն որ չէ իրականացած հողահաւաքի եւ հայահաւաքի իր տեսլականը։
Արցախի անկախ պետութեան կորուստին
ու հայաթափուﬕն պատճառով Այս տարուան Դաշնակցութեան Օրուան առիթով տեղի ունեցող ոգեկոչման ձեռնարկները հեռու են տօնական ըլլալէ, բայց ինչպէս ﬕշտ գօտեպնդող են իրենց պատգաﬓերով։

Արցախի գծով Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները սխալ քաղաքականութիւն վարեցին։ Հայաստանի ընդդիմադիր շարժուﬕն մէջ յառաջապահ դիրքէն Դաշնակցութիւնը իր
“ոչ”ը արտայայտեց գործնապէս եւ ուժգնօրէն։ Սակայն իշխանութիւնները ականջալուր չեղան։ Արցախէն ետք երբ թշնաﬕն կը ծրագրէ Հայաստանր կլանել ու թրքացնել, երբ կը սպառանայ անոր ազատ ու անկախ գոյութեան ու տարածքային ամբողջականութեան՝ վհատելու փոխարէն պէտք է արիանալ,
ﬕահամուռ բռունցք դառնալ։
Իսկ ո՞վ պիտի չուզէ զօրավիգ կանգնիլ Դաշնակցութեան, ազգի եւ հայրենիքի դժուարագոյն, ճգնաժամային կացութեան
ներկայ հանգրուանին։ Հայ ժողովուրդը
իր լաւագոյն զաւակները տուած է այս կուսակցութեան մանաւանդ ազգի ու հայրենիքի ամէնէն դժնդակ ու ճակատագրական ժամանակներուն։
Կա՞յ հայ, որ դէմ ըլլայ Դաշնակցութեան ազգային, քաղաքական, ընկերային առաջադրանքներուն։

Իրեն եկած են ու կու գան հայ հարուստն ու աղքատը, մշակն ու մտաւորականը, գրագէտն ու գիտնականը, բարձրաստիճան զինուորականն ու հոգեւորականը, Հայ կինն ու պարմանուհին։ Կա՞յ ասկէ աւելի համոզիչ փաստ, որ ան հայ ժողովուրդի բազմախաւ հատուածներուն կուսակցութիւնն է։
Աշխատաւոր Հայը հաւատացեր է անոր գաղափարին, որովհետեւ ան աշխատանքի դատի պաշտպան կուսակցութիւն է։
Ազգասէր հայը, մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին, վստահեր է անոր, որովհետեւ հաստատ համոզումը ունեցեր է, որ զայն
իր կողքին պիտի գտնէ ամէն անգամ
որ անապահովութիւն տիրէ իր շուրջ, եւ քաղաքական կեանքը փոթորկի անորոշ ելեւէջներով։

Դժբախտաբար, ազգային ներկայ օրերը գեղեցիկ չեն նաեւ ներազգային ճակատի վրայ՝ նոյնպէս Հայաստանի հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն վարած անհեռատես քաղաքական?թեան պատճառով։ Լրջօրէն խաթարուած եւ խեղաթիւրուած կը ներկայանայ Սփիւռք_ Հայաստան ներդաշնակ ու հաւասարակշիռ համագործակցութեան պատկերացումը, որուն հետեւանքով ճեղք տուած է համազգային ﬕասնականութիւնը, որ անհրաժեշտ է աւելի քան երբեք։
Ներկայիս հակադիր երկու քաղաքական ուղղութիւններ կը տիրեն հայութեան մէջ։ Պարտուողականութեան ու պայքարի գիծերը չե’ն կրնար զուգահեռ ընթանալ։ Պարտուողական, կեղծ խաղաղասիրական գիծը կորուստ ու կործանում կը բերէ, իսկ պայքարի ճամբան, ուշ կամ կանուխ, կ’աւարտի յաղթանակով։
Եկէք ﬔրժենք պարտուողականութիւնը,
ﬕանանք պայքարի ճակատին՝ որ յաղթանակ ապահովենք ﬔր ազգին,
վերադարձնենք Արցախը, առաջ տանինք հայկական պահանջատիրութիւնն ու Հայ Դատը։ Դաշնակցութիւնը շեղողը չէ իր նպատակէն, հրաժարողը չէ իր գաղափարախօսութենէն։

Ազգային գերխնդիրներու գծով յուսահատութիւնն ու անտարբերութիւնը,
որքան ալ համայնական համատարած երեւոյթ ըլլան, Դաշնակցութեանը չեն։ Որովհետեւ ան պարտութեան հետ չի’ հաշտուիր, կը հաւատայ յարատեւ պայքարին ու անոր յաղթանակին։ Իսկ յարատեւ պայքարողը չի’ յուսահատիր,
նպատակասլացը չի’ յոգնիր պայքարելէ։ Այսպիսին է Դաշնակցութիւնը՝
հայ ժողովուրդին ասպետութիւնը։
Ան հրաժարողը չէ մանաւանդ Հայրենիքի ամբողջական Միացեալ Հայաստանի իր տեսլականէն, որ օր պիտի գայ ու պիտի իրիկանանայ։ Անոր այս տեսլականը՝
ոմանց համար կրնայ երազատեսական, ոմանց համար անիրատեսական թուիլ, բայց ամէն հայու հոգիին մէջ ծուարած է այդ նպատակը,
այլապէս Դաշնակցութիւնը, հարազատ արտայայտիչը ըլլալով հայ մարդու հոգիին ազգային ամէնէն վեհ իղձերուն, հայ ժողովուրդին անհարազատ տենչանքներ չի փայփայեր,
զանոնք իր ծրագրին մաս չի դարձներ երբեք։
Եւ Դաշնակցութեան ճամբան յետդարձ չի ճանչնար, կ’ընթանայ յառաջ երբ մանաւանդ հայութեան գիտակից ու հայրենասէր հատուածը անոր թեւ ու թիկունք է։
Արդ անոր հետ՝ չվախնանք մարտի
ելլելէ, չերկնչինք թշնաﬕէն, չվհատինք
ի տես հայութեան հանդէպ աշխարհի անարդարութեան, ﬕջազգային հանրութեան քար անտարբերութեան։
Թէեւ անընդունելի, բայց իրականութիւն է
որ պետութիւնները կը գործեն շահադէտ հաշիւներով։
Մենակ իր սեփական ուժին հաւատացողը կրնայ աննկուն ﬓալ, եւ անվախ, այլ գիտակից կուրծք պարզել մարտահրաւէրներուն։

Ձեռք ձեռքի տանք, համախմբուինք Դաշնակցութեան գաղափարներուն եւ գործին շուրջ, ﬔ’րը ընենք անոր հայրենակերտման ու ազգային ամբողջականութեան գաղափարները,
որ յաղթանակէ հայը, գոյատեւէ Հայրենի պետականութիւնը, հզօրանայ ու բարգաւաճի հայ ազգը։

Դաշնակցութեան պատգամը իր 133-րդ աﬔակին առիթով մէկն է. Ո’վ հայ ժողովուրդ, քու ﬕակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժին մէջ է։

 

Շողեր Աշըգեան