ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պ.գ.դ., փրոֆեսոր Խաչատուր Ստեփանեանի աշխատասիրութեամբ, յառաջաբանով եւ ՀՊՄՀ պատմութեան եւ հասարակագիտութեան հիմնարկի խորհուրդի երաշխաւորութեամբ լոյս տեսած է հայ ականաւոր պետական, կուսակցական գործիչ, երկրառազմավարական մտքի եզակի ներկայացուցիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը Եւ Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Տարածաշրջանի մէջ» ծաւալուն հատորը:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են մեծանուն գործիչի երկու կարեւոր ուսումնասիրութիւններ, որոնք իրենց բովանդակային ընկալումով մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Հեղինակը մանրակրկիտ վերլուծած է տարածաշրջանի մէջ՝ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող մեծ տէրութիւններու աշխարհակալական ձգտումներու անցած ուղին, արդի ժամանակաշրջանի մէջ անոնց ընթացքը եւ կարելի զարգացումները: