Արդէն 21-րդ դարն է, բայց ոչ մէկ խօսք թէ ի՛նչ է դերը բանաստեղծութեան, գոնէ՝ գրականութեան, այս դարուն:
Ինչո՞ւ անգլիատառ ամբողջ համացանցը լեցուած պիտի ըլլայ բազմահազար յօդուածներով, որոնք կը ներկայացնեն եւ  կը քննարկեն այս հարցը, կը բանավիճին անոր շուրջ, բայց հայերէնով ո՛չ իսկ մէկ յօդուած, որ խօսի այդ մասին:
Ինչո՞ւ:
Տակաւին չկրցա՞նք համաձայնիլ անկախ Հայաստանի քաղաքականութեան մասին, տակաւին չկրցա՞նք որոշել 21-րդ դարու մեր համահայկական նախընտրութիւնները, չկրցա՞նք համաձայնիլ մեծ, գլխաւոր եւ յոյժ կարեւոր ծրագիրի մը շուրջ …
Պարզ է որ երբ այս բոլորը տակաւին առկախ կը մնան, բանաստեղծութիւնը յետսակողմ կը մղուի եւ մեծ լռութիւն մը կը պարուրէ զայն, ինչպէս մշուշը Արարատին շուրջ:
Բանաստեղծութիւնը սակայն գաղտնի ոյժ մը ունի, մոգութիւն պիտի ըսէի …
Կ’ըսուի թէ, երբ հիւանդի մը համար Նարեկէն հատուածներ կարդացուին, այդ հիւանդը կը սկսի ապաքինիլ: Ասիկա մեզի՝ հայերուս կը վերաբերի անշուշտ, եւ որոշ ժամանակի մը համար յաճախ կիրարկուած է: Մոգութի՞ւն: Այո՛, բառերուն մոգութիւնը, որովհետեւ բառերը իրենց շուրջ մագնիսական դաշտեր կը ստեղծեն: Արտասանուող բառերը, իրենց շուրջ ստեղծած մագնիսական խիստ դրական դաշտով կը մղեն, որ հիւանդը դէպի ապաքինում երթայ:
Նոյնիսկ այն պարագային, երբ Տատա շարժումին հետեւորդները, որպէս փորձարկում, տոպրակի մը մէջ թերթերէ կտրուած բառեր կը լեցնէին, յետոյ անցորդներէն կը խնդրէին բառ մը դուրս հանել տոպրակէն, եւ այդ հանուած բառերը կողք կողքի դնելով «բանաստեղծութիւն» կը շինէին, նոյնիսկ այդ տեսակի անհեթեթ միջոցներով «շինուած» բանաստեղծութիւնները իրենց հմայքը ունեցած են:
Ամերիկայի մէջ 1912-էն ի վեր լոյս կը տեսնէ Poetry magazine-ը, իսկ հայ իրականութեան մէջ ունեցած ենք երկու հանդէսներ միայն, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են միայն բանաստեղծութեան:
Առաջինը «Ոտանաւորատուփ» խորագրուած աշակերտական գաղտնի հանդէս մը եղած է, 1900-ին ձեռագիր լոյս տեսած Էջմիածնի մէջ,  եւ որուն խմբագիրներէն մէկը Սիմոն Վրացեան եղած է, երբ կ’աշակերտէր Գէորգեան Ճեմարանին1:
Երկրորդը՝ Հալէպի մէջ հրատարակուած «Բանաստեղծութիւն» պարբերագիրքն է, խմբագրութեամբ Իշխան Չիֆթճեանի եւ Մ. Երամեանի: Հանդէսին երկրորդ թիւը առցանց լոյս տեսած է 2016-ին:
Անշուշտ առաջին հարցումը որ ինքզինք կը յիշեցնէ հետեւեալն է՝ «Բայց որո՞ւ համար, այս օրերուն ո՞վ բանաստեղծութիւն կը կարդայ», այո, մանաւանդ որ ընդհանրապէս ընթերցող չկայ, կամ ընթերցողներուն թիւը խիստ նուազած է մեր իրականութեան մէջ:
Սակայն 1912-էն շարունակուող Poetry հանդէսը, ԱՄՆ-ի մէջ եւ ապա աշխարհի վրայ տարածուած «Բանաստեղծութեան Օր»-ը, թէ՛ հայերէն, թէ՛ տարբեր երկիրներու մէջ բազմաթիւ լեզուներով լոյս տեսնող բանաստեղծական գիրքերը կը հաստատեն, թէ մեր ենթադրածէն շատ աւելի է բանաստեղծութիւն կարդացողներուն թիւը:
Բանաստեղծութիւնը ոյժ մը ունի, որ թերեւս շատերու համար զգալի չէ, կամ համոզիչ չէ: Բայց որպէսզի բանաստեղծութիւնը ազդեցութիւն ունենայ, պէտք է տարածուի:
Ինչպէ՞ս. Երբ աշխարհը պատերազմի հրդեհներէն բռնուած  կը մրրկի, վերջին մտահոգութիւնը բանաստեղծութիւնը պիտի ըլլար հաւանաբար: Այդպէս չէ սակայն: Պաղեստինեան պատերազմին այս օրերուն շատ շատեր պաղեստինցի բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի քերթուածներէն առնուած տողեր, կամ ամբողջ քերթուածներ կը տեղադրէին իրենց ընկերային ցանցերու էջերուն, փորձելով արթնցնել մարդոց խիղճը, ընկերային անարդարութեան այս հսկայ ցուցադրութեան դիմաց:
Բանաստեղծութիւնը երբեմն մեզի կը յիշեցնէ մեր … մարդ ըլլալը: Ամէնէն քարսիրտ մարդն անգամ, երբ բանաստեղծութիւն մը լսէ (ոչ՝ մտիկ ընէ, լսէ առանց իր կամքին) պիտի յուզուի անպայմանօրէն, անշուշտ՝ ըստ բանաստեղծութեան:
Եւ անշուշտ՝ կը հարստացնէ լեզուն: Եթէ ուշադիր կարդանք մեր քերթուածները, այնտեղ այնքա՜ն նոր բառեր պիտի գտնենք, ինչպէս օրինակ Վեհանոյշ Թեքեանի բանաստեղծութեան պարագային, ուր կաթնափրփրուր, դեղնամշուշ, լուսացնցուղ եւ այլ նման նոր բառեր պիտի գտնենք: Միայն բանաստեղծ մը կրնայ նման բառեր ստեղծել, որոնք աւելի ուշ տեղ կը գտնեն եւ ապրելու իրաւունք կը ստանան մեր գրականութեան մէջ:
Բանաստեղծութիւնը սակայն շա՜տ աւելի կարեւոր դեր մը ունի, նոր սերունդին մէջ լեզուն արմատաւորելու որպէս միջոց:
Սփիւռքի մեր բոլոր դպրոցները, ո՛ր երկրին մէջ ալ գտնուին անոնք, իրենց աշակերտներուն արեւմտահայերէն ԵՒ արեւելահայերէն ոտանաւորներ (նախակրթարան) եւ քերթուածներ (միջնակարգ եւ երկրորդական) կը թելադրեն գոց սորվիլ: Այդ միջոցով աշակերտը կը հմտանայ արեւմտահայերէնին եւ կ’ընտելանայ արեւելահայերէնին:
Նոյնը չէ պարագան դժբախտաբար Հայաստանի դպրոցներուն պարագային, որովհետեւ այնտեղ հազուադէպօրէն արեւմտահայ քերթողութենէն նմոյշներ կը դասաւանդուին: Բացառութիւն է թերեւս Աւետիսեան դպրոցը, ուր գրագէտ Յակոբ Միքայէլեան, ապա նաեւ հալէպահայ ուսուցչուհի Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան արեւմտահայերէն կը դասաւանդեն:
Բանաստեղծութիւնը, որ խտութեան արուեստն է, իր մէջ կրնայ խտացնել հեղինակին կենսափորձը, ինչպէս է պարագան Յովհաննէս Թումանեանի քառեակներուն, որոնք հակառակ իրենց սեղմ կառուցուածքին՝ ընդամէնը չորս տողերու մէջ կրնան խորունկ կենսափորձ փոխանցել ընթերցողին.
Բերանն արնոտ Մարդակերը էն անբան
Հազար դարում հազիւ դարձաւ Մարդասպան.
Ձեռքերն արնոտ գընում է նա դեռ կամկար,
Ու հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամբան։
Հէ՜յ ագահ մարդ, հէ՜յ անգոհ մարդ, միտքդ երկար, կեանքըդ կարճ,
Քանի՜ քանիսն անցան քեզ պէս, քեզնից առաջ, քո առաջ.
Ի՜նչ են տարել նըրանք կեանքից, թէ ի՛նչ տանես դու քեզ հետ,
Խաղաղ անցիր, ուրախ անցիր երկու օրուան էս ճամբէդ։
Կամ Օմար Խայյամի քառեակները.
Ամէն ինչ գնւո՛ւմ է, ամէն բան վաճառւո՛ւմ,
Իսկ կեանքը մեր վրայ բացայայտ ծիծաղում:
Մենք, ճիշդ է, զայրանում, վրդովում ենք յաճախ,
Բայց, միեւնոյնն է, դեռ գնո՛ւմ ենք, վաճառւո՛ւմ:
Բանաստեղծութիւնը շատ աւելի հզօր կը դառնայ եւ տարածում կը գտնէ, երբ երգի վերածուի, որովհետեւ երգին մէջ երկու ոյժեր կը միանան՝ բանաստեղծութեան ոյժը եւ երաժշտութեան զօրութիւնը:
Ասոր ամէնէն վերջին եւ վառ օրինակը Թայլըր Սուիֆթի օրինակն է, երիտասարդուհի մը հազիւ 34 տարեկան, որ այս տարի դարձաւ ամերիկեան շատ նշանաւոր Time հանդէսին «Տարուան Մարդը», պարզապէս իր ստեղծագործած եւ յօրինած երգերուն համար: Իր հռչակն ու տարածումը հասան հոն, որ Ամերիկայի համալսարաններէն մէկը կը ծրագրէ Սուիֆթի անունը կրող եւ իր արուեստը ներկայացնող-քննարկող նիւթ մը դասաւանդել: Այս որոշումին մէջ բացայայտօրէն կայ նաեւ տնտեսական շարժիչը անշուշտ, որովհետեւ հազարաւոր երիտասարդներ պիտի ուզեն հետեւիլ այդ վճարովի դասապահերուն:
Բայց իրողութիւնը կը մնայ՝ երգը ունի իր մեծ ազդեցութիւնը ունկնդիրներուն վրայ:
Բանաստեղծութիւնը այլ զօրութիւն մը եւս ունի՝ ոտքի հանել ամբոխները, զանոնք ըմբոստութեան մղելով: Այս է պատճառը, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, որքան ալ «ազատ» ըլլալ դաւանին անոնք, բանաստեղծները հետապնդումի ենթակայ են, յաճախ կը բանտարկուին, ու երբեմն նաեւ սպանութեան կ’ենթարկուին, որովհետեւ սպառնալիք կը ներկայացնեն պետութիւններուն:
Հետեւաբար բանաստեղծութիւնը կը շարունակէ իր զօրութիւնը պահել եւ ազդեցութիւնը տարածել, թէեւ այսօր, հակառակ անցնող դարերուն, մարդը չ’ընդունիր այդ ազդեցութիւնը:
Որքան լաւ պիտի ըլլայ, եթէ գիտակցինք բանաստեղծութեան ոյժին եւ զայն մեր առօրեային մէջ բերենք:
***
 1- «Հայ Պարբերական Մամուլի Նորայայտ Անուններ», Միհրան Մինասեան, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր 9, Պէյրութ, 1981, էջ 295։
Մարուշ Երամեան