Տաուհայի մէջ գումարուած կենսուժի 12-րդ խորհրդաժողովի շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային հարստութեան Նախարար դոկտ. Ֆիրաս Քատտուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի քարիւղի նախարար, կենսուժի հարցերու փոխվարչապետ Հայյան Ապտըլ Ղանի Սաուատի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան քարիւղի, կազի եւ կենսուժի ոլորտներուն նկատմամբ միացեալ հետաքրքրութիւն ունեցող հարցերուն շուրջ, ի նպաստ երկու երկիրներուն։
Կողմերը առաջարկներ ներկայացուցին կենսուժի ոլորտին առընչուող գործակցութիւնը ամրապնդելու համար։