Հետեւելով համաշխարհային զարգացման միջոցներուն եւ թուայնացման, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի «պաքալորիա»ի պետական քննութիւններու հարցարանները թուայնացուած տարբերակով պիտի ըլլան, ինչ որ կը ծառայէ քննութիւններուն հեզասահ ընթացքին եւ արդիւնքներուն ճշգրիտ ըլլալուն։
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ երկրորդականի «պաքալորիա»-ի պետական քննութիւններուն գիտական եւ գրական բաժինի նիւթերը բոլորովին թուայնացուած պիտի ըլլան, բացի Արաբերէն լեզուէն, որուն հարցարանը մասնակի թուայնացուած պիտի ըլլայ։