Սուրիոյ մասնակցութեամբ, Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայի մէջ ընթացք առաւ OPEC-ի արաբական երկիրներու կենսուժի առնչուող 12-րդ խորհրդաժողովը՝ «Կենսուժ եւ Արաբական Գործակցութիւն» խորագիրով։
Երկօրեայ խորհրդաժողովին մասնակցած սուրիական պատուիրակութեան նախագահ, Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային հարստութեան նախարար դոկտ. Ֆիրաս Քատտուր իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կենսուժը երկրի մը տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման հիմնաքարն է։ Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ քարիւղի արտադրութեան կտրուկ նուազումը, որուն հետեւանքով ալ ելեկտրականութեան հոսքին սակաւութիւնը երկրի աշխատանքային կարելիութիւնները սահմանափակեցին ու դժուար դարձուցին ժողովուրդին եւ տնտեսական ու ծառայողական հատուածներուն ելեկտրական սպառման համապատասխան կարիքին ապահովումը։
Նախարար Քատտուր աւելցուց. «Սուրիոյ մէջ հրահրուած պատերազմէն 12 տարի ետք, սուրիացի քաղաքացիին կեանքը եւ ապրուստը աղիտալի մակարդակներու հասան, այնպէս ինչպէս երկրին տնտեսութիւնը, հետեւաբար անհրաժեշտ կարիք կայ կենսուժի հատուածը զարգացնելու, քայլ պահելու կենսուժի օգտագործման միջոցներու համաշխարհային զարգացման հետ եւ վերանորոգուող կենսուժի ծրագիրները բազմացնելու, այսպիսով կրնանք ապահովել սուրիական ընկերութեան կարիքները եւ առաջին քայլը առնել Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն ուղղութեամբ։
«Սուրիան, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, բազում քայլեր առաւ այլընտրանքային կենսուժի ոլորտին մէջ եւ նոր օրէնքներ հրապարակեց՝ աջակցելու վերանորոգուող կենսուժի ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարողներուն»։