Արցախ իր անկախութիւնը ձեռք բերած է ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ եւ ՀՀ ստորագրած որեւէ փաստաթուղթ չի կրնար արցախահայութիւնը զրկել այդ իրաւունքէն։ «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի Խորհրդարանի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան։
«ՀՀ ստորագրած ոչ մէկ փաստաթուղթ իրաւական առումով չի կրնար խանգարել, որ արցախահայութիւնը իւրացնէ ինքնորոշման իրաւունքը։ Ի հարկէ, եթէ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան պայմանագիր» ստորագրուի՝ առանց Արցախի հետ կապուած վերապահութեան, հետագային կարելի է ատիկա պատրուակ համարել ու բարդացնել մեր ճանապարհը։ Այսինքն, ինչպէս Ռուսիա շեշտած է, թէ ՀՀ իշխանութիւնը ճանչցած է Արցախը Ատրպէյճանի մաս ու մենք ոչինչ կրնանք ընել, այնպէս ալ այդ պայմանագիրը կրնայ պատրուակ համարուիլ, եթէ չկամենան, որ Արցախի հարցը լուծում ստանայ, բայց կը կրկնեմ՝ ատիկա իրաւական առումով չի կրնար խանգարել, որ շարունակենք ինքնորոշման ճանապարհը։ Չմոռնանք, որ Արցախը ինքնորոշուած էր իր տարածքին վրայ եւ ոչ թէ Ատրպէյճանի կամ այլ պետութեան», ըսաւ Բալայեան եւ համոզում յայտնեց, որ որեւէ «խաղաղութեան պայմանագիր» չի ստորագրուիր, քանի որ Պաքուի ախորժակը բաւական մեծ է եւ ան չի սահմանափակուիր Արցախով, այլ կ’ուզէ բռնագրաւել ամբողջ Հայաստանը։
Դիտարկելով համաշխարհային առօրեան՝ պատգամաւորը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ պատմութեան ընթացքին եղած են բազմաթիւ դէպքեր, որ փաստաթուղթերն ու պայմանագրերը կնքուելէն որոշ ժամանակ անց խախտուած են.
«Ի հարկէ, ցանկալի է ստորագրել այնպիսի պայմանագիր, որ ազգիդ շահերէն կը բխի, բայց որեւէ փաստաթուղթ չի խանգարեր, որ այս կամ այն հարցը վերաբացուի կամ տարածքներու փոփոխութիւն տեղի ունենայ։ Աշխարհի քաղաքական իրավիճակը անընդատ կը փոխուի, ու մենք պէտք չէ դադրինք պաշտպանելէ, տէր կանգնելէ մեր իրաւունքներուն, պիտի չդադրեցնենք հայրենիք վերադառնալու համար պայքարը։ Պէտք է հետամուտ ըլլանք Արցախը ազատագրելու, այնտեղ վերադառնալու հարցին մէջ», աւելցուց Բալայեան։