ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգային ճանաչում ունեցող Զարմանազան Ճամբարը 2024 տարուան ամրան տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ նաեւ, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան միացեալ գործակցութեամբ:

Վերջին տասը տարիներուն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը արեւմտահայերէն լեզուն վերաշխուժացնելու հսկայական աշխատանք եւ գործնական ծրագիրներ կը մշակէ եւ ի գործ կը դնէ բոլոր գաղութներէն ներս, տարբեր մակարդակներով: Անոնցմէ կարեւորագոյնը, որ անմիջական պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կը վերաբերի, Զարմանազան արեւմտահայերէնի ճամբարն է: 2017-էն ի վեր Զարմանազանը կը գործէ որպէս
ամառնային ճամբար աշխարհի բոլոր հայ պատանիներուն համար: Հոն լեզուն ապրելով ու գործածելով փոխանցելու հմտութիւնն է, որ ի գործ դրուած է: Զարմանազանը սփիւռքահայ պատանիները կը քաջալերէ հայերէն խօսելու ու իրենց աշխարհները հայերէնով ապրելու եւ ապա՝ ստեղծագործելով հմտանալու եւ իւրացնելու լեզուն:

Հայերէն լեզուն ապրեցնելու մտահոգութեան ծիրէն ներս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը տարիներէ ի վեր Արեւմտեան Ափէն ներս անխոնջ աշխատանք կը տանի հայերէնախօսութիւնը զարգացնելու եւ ազգային վարժարաններէն ներս հայոց լեզուի առօրեայ գործածութիւնը առաւել եւս ծաղկեցնելու:

Գալուստ Կիւլպէնկեանի փորձը նկատի առնելով, Խնամակալ Մարմինը,
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Ս. Եպիսկոպոս Տօնոյեանին եւ Ազգային Առաջնորդարանին օրհնութեամբ, յարմար նկատեց Զարմանազանեան
աշխատանքային մեթոտը կիրառել նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ Զարմանազան Քալիֆոնիա մը կազմակերպելով 2024 թուականի ամրան:

Նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին երկու տարի առաջ, երբ ազգային վարժարաններու ուսուցիչներէն ոմանք Խնամակալ Մարմինի վարիչ տնօրէնի առաջնորդութեամբ մեկնեցան Զարմանազան Ֆրանսա, գետնի վրայ
փորձը դիտարկելու ու հնարաւորութիւնները սերտելու՝ ապրող եւ գործող Զարմանազանը համապատասխանեցնելու մեր տեղական պայմաններուն:

Այժմ արդէն գործակցութեան եզրերը ճշդուած են եւ Խնամակալ Մարմինը
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ ծրագրած ու որոշած է ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ Քալիֆորնիա 2024ի թուականը՝ 7-27 Յունիս 2024: Ճամբարի դիմումնագիրները բաց են 10-17 տարեկան սփիւռքի բոլոր հայ պատանիներու համար, որոնք կը փափաքին իրենց հայերէնի իմացութիւնը եւ գործածութիւնը զարգացնել բնական եւ հարազատ միջավայրի մը մէջ:

Զարմանազան Քալիֆոնիայի առաջին ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆոնիոյ Ֆրէյժըր անտառներու ԱՐԵՒ Գէմբէն ներս: Մասնակցութեան հրաւիրուած են աշխարհի բոլոր երկրներէ հայ երեխաներ-պատանիներ: Մասնակցութեան բոլոր մանրամասնութիւնները եւ նախորդ տարիներու յաջողութիւններուն պերճախօս փաստերը պիտի գտնէք zarmanazan.com կայքէջի վրայ:

Կը հաւատանք որ, լեզուն ապրելու համար զայն խօսող ու գործածող մեծ զանգուածի մը կարիքը ունի: Գիրքերու սահմաններէն ներս զայն պահելը չի կրնար երաշխաւորել անոր երկար ապրելու եւ ապագայ սերունդին փոխանցելու
հաւանականութիւնը: Առ այդ, ամառնային խաղաղ ու հանգիստ օրերուն, բնութեան ներշնչող ու գեղատեսիլ մթնոլորտէն ներս Զարմանազանը պիտի ստեղծէ ՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀ մը, ուր հայերէն լեզուն իր տարբեր շերտերով պիտի կենդանանայ ու ապրի՝ արդիական ու մանկավարժական ազդեցիկ եղանակով:
Խնամակալ Մարմինը կը հաւատայ, որ Ամերիկայի Արեւմտեան Ափէն ներս հայերէն լեզուի գործածութեան հանդէպ աւելի մեծ խանդավառութիւն եւ սփիւռքահայ պատանիներուն մօտ հայերէն խօսելու կարիքը ստեղծելը, համապատասխան միջոցներով ու բառապաշարի զարգացումով, լաւագոյնս կարելի
է իրագործել Զարմանազանեան միջավայրի մը մէջ: Վստահ ենք, որ այս ծրագիրը պիտի պատրաստէ հայերէնով արտայայտուող սփիւռքահայ պատանին ու ապա՝ հայերէն ստեղծագործող սփիւռքահայ երիտասարդն ու մարդը, որոնց գոյութեամբ միայն կրնանք երաշխաւորել մեր մշակութին գոյութիւնը եւ ծաղկումը սփիւռքի տարածքին:

Ձեր դիմումները կատարեցէք այցելելով zarmanazan.com կայքէջը: Հարցումներու համար գրեցէք california@zarmanazan.com իմակի հասցէին:

Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմին