«Ադամեան» թատերախումբի դերասաններով հաւաքուած ենք եւ կը նշենք այս տարուան ներկայացման յաղթական ելոյթը։ Ըստ սովորութեան կենացներ կը խմենք եւ կը յիշենք հետաքրքրական անցուդարձեր, որոնք կը պատահին քուլիսները եւ բեմին վրայ։ Երբ հինին մասին խօսք ըրինք, մտաբերեցինք անցեալ տարուան ներկայացման մեր թղթակցութիւնը, որուն մէջ յիշած էինք թիւեր։ Վստահաբար դուք ալ կ’ուզէք գիտնալ այդ թիւերուն արձանագրած զարգացումները։ Ուրեմն, 2023 Նոյեմբեր 26-ի «Մամէի Վիզան» թատերախաղը «Ադամեան»-ի 630-րդ վարագոյրն է։
Ան թատերախումբին 99-րդ ներկայացումն է։ Այս թիւերը պատահական սոսկ թիւեր չեն, այլ մեր գաղութի գոյութեան վկայութիւններն են։
Մշակոյթի գործիչներուս հոգիները երջանկութեամբ մը կը պարուրուին ամէն անգամ, երբ ականատես կ’ըլլանք թատերական ներկայացման մը յայտարարութեան, երգչախումբի մը տարեկան ելոյթի յայտարարութեան, միաժամանակ ցաւը եւ մտահոգութիւնը կը ճմլէ մեր սիրտերը, երբ կը տեսնենք այդ ելոյթներու ընթացքին հանդիսատեսի թիւին նօսրացումը։
Իսկ ինչի մասին կը խօսի ու կը մտահոգուի հալէպահայը լրիւ այլ բան է։ Ուր կ’երթաս ականջալուր կը դառնաս մէկ թեմայի։ Բոլորը կը խօսին Քանատա երթալու մասին։ Վերջապէս ինչ ընէ անզօրութեան մատնուած մարդը, որ կը ձգտի աւելի լաւ պայմաններ ստեղծել իր ընտանիքին։ Մոլորուած ամբոխներ են կարծես ու բոլորը միաբերան կը հաւատան, թէ փրկութեան ելքը «հոն» է։
Համատարած այս տիրող մթնոլորտին մէջ «Ադամեան» թատերախումբը եկաւ հալէպահայ հանդիսատեսին հրամցնելու Վաչէ Ատրունիի «Մամէի Վիզան» թատերախաղը։ Այս օրերուս իսկապէս ուրիշ ոչ մէկ թեմա այսքան հոգեհարազատ կրնար ըլլալ։ Մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին հանդիսատեսը կլանուած կը դիտէր իր կեանքին պատմութիւնը։
Բեմին վրայ ներկայացուածը իսկական տրամա մըն էր։ Պատկեր մը առնուած դեսպանատան սպասման սենեակէն։ Տեղ մը, ուր կրնաս տեսնել անէացած երազանքներ, քանդուած սէրեր, միաժամանակ միմիանց հանդէպ տածած սէրն ու յարգանքը ամրապնդող ընտանիքներ։ Ներկայացումը կը նկարագրէր կեանքը ինչպէս որ է։ Ներկայացումը այնքան այժմէական էր, որ երբեմն-երբեմն շփոթութեան կը մատնէր հանդիսատեսը. արդեօ՞ք բեմին վրայ գտնուողները դերասան են, թէ՞ ամերիկեան «Րիլզ» ծրագիրի մը մասնակիցներ։
Արհեստաւոր Գալուստը, որուն կերպարը դերասանական մեծ հմտութեամբ ներկայացուց Ճորճ Դաւիթեան, պիտի ձգէ իր շուկայի բարեկամները, առաւօտեան ֆուլի պնակը ու երթայ Քանատա։ Տիկինը՝ Շաղիկ Տաղլեան-Պարսումեան կը յորդորէ ամուսինը զուսպ ըլլալ քանատական դեսպանատան մէջ։ Չէ՞ որ հոն Գալուստին ճանչցած եւ հասկցած շուկայի միջավայրը չէ։
Մարտիրոս Նահատակեան, որուն դերը խաղցաւ Արմէն Սթանպուլեան, կ’ուզէ ընտանեօք գաղթել ու իր հետ տանիլ նաեւ իր մայրը։ Բայց ինչ-ինչ պատճառներով անոր վիզա չեն ուզեր տալ։ Մարդկային պատկեր մը, որ կը մարմնաւորէ հալէպահայ շատ մը ընտանիքներու մէջ պատահած դէպքեր։ Որքան ծերեր առանձին մնացին, որովհետեւ չուզեցին ձգել իրենց տունը կամ աւելի ցաւալին զաւակները չուզեցին իրենց հետ տանիլ զանոնք ու լաւագոյնս համարեցին ծերանոց մը տեղադրել զիրենք։ Սամուէլը՝ Հրակ Ֆերմանեան, ժամանակակից շատ մը երիտասարդներու նման ամէն գնով կ’ուզէ երազանքներու երկիր հասնիլ։
Ճանիկը՝ Արթիւր Շէօհմէլեան, բացասական կերպար մըն է։ Ցաւօք իր նմանները միշտ ալ կան եւ պիտի ըլլան։ Մարդիկ, որոնք կորսնցուցած իրենց սիրտն ու խիղճը ունին մէկ իտէալ՝ դրամը եւ յանուն իրենց շահին անմարդկային սառնասրտութեամբ մը կը շահագործեն իւրաքանչիւր մարդկային վիճակ։
Դեսպանատան աշխատողները, յանձինս՝ Ռաֆֆի Գալայճեանի, Նանոր Ֆերմանեանի, Յովիկ Քէշիշեանի եւ Կարօ Արոյեանի, պարտաւորուած են ե՛ւ յարգել իրենց երկրի կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել համակարգիչի մեքենայացուած ոչ մարդկային ընտրութիւնը ու միաժամանակ ըլլալ մարդկային։
Եւ վերջապէս ներկայացնենք Սերոբը՝ Ճորճ Համամճեանն ու իր կինը Սալբին՝ Սէրլի Գուզուեանը։ Կինը քանատացի է
ու երբ նժարին կը դնէ երկրի վիճակը ու մեկնելու իր ունեցած հնարաւորութիւնները, կշիռքը կը գերադասէ երթալու կողմը։ Սակայն ամուսինը չ’ուզեր երթալ։ Երիտասարդ զոյգին միջեւ ստեղծուած տարակարծութիւնը դեռ նոր կազմուած ընտանեկան բոյնը կը քանդէ։
Իր 99-րդ ներկայացումով ՀԵ Ընկերակցութեան «Ադամեան» թատերախումբը քայլ մըն ալ մօտեցաւ հարիւր թիւին։ Թղթակցութեան աւարտին լաւագոյնս կը սեպեմ շնորհաւորել թատրոնի նուիրեալները։ Վարձքերնիդ կատա՛ր։
Շնորհակալութիւն այն ոյժին եւ կորովին, զորս կը վայելէք։
Ձեր երթը դէպի հարիւրերորդ ներկայացում թող հարթ եւ դալար ըլլայ…
Երան Զէյթունցեան